ԵԼԻՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40


Գլուխ 27

Զոհի սեղանը Սատիմի փայտէ շինէ՛, երկայնութիւնը հինգ կանգուն ու լայնութիւնը հինգ կանգուն։ Սեղանը քառակուսի պէտք է ըլլայ եւ անոր բարձրութիւնը՝ երեք կանգուն։
2 Անոր եղջիւրները անոր չորս անկիւններուն վրայ շինէ՛։ Եղջիւրները իրմէ թող ըլլան։ Զանոնք պղնձով պատէ՛։
3 Անոր մոխիրը հաւաքելու համար անոր թաղարներ ու անոր թիակներ եւ անոր կոնքեր ու անոր մսահաններ ու անոր կրակի ամաններ շինէ՛։ Անոր բոլոր գործիքները պղնձէ շինէ՛։
4 Անոր ցանցակերպ կասկարայ մը շինէ՛ պղնձէ ու ցանցին վրայ չորս պղնձէ օղակ շինէ՛ անոր չորս անկիւններուն համար։
5 Զանիկա սեղանին շրջանակին տակ դի՛ր ներքեւէն, որպէս զի ցանցը սեղանին մէջտեղը ըլլայ։
6 Սեղանին համար ձողեր շինէ՛. ձողերը Սատիմի փայտէ ըլլալու են։ Զանոնք պղնձով պատէ՛։
7 Անոր ձողերը օղակներուն պիտի անցուին։ Ձողերը սեղանին երկու քովերը պիտի ըլլան՝ զանիկա վերցնելու համար։
8 Զանիկա տախտակներէ շինէ, բայց մէջը պարապ, լեռը քեզի ցուցուածին պէս շինէ անիկա։
9 Խորանին սրահ շինէ՛։ Հարաւային կողմին համար սրահին վարագոյրները մանուած բարակ քթանէ ըլլալու են. մէկ քովի երկայնութիւնը հարիւր կանգուն թող ըլլայ։
10 Անոր քսան սիւներն ու անոնց քսան խարիսխները՝ պղնձէ, բայց սիւներուն ճանկերը եւ անոնց կապերը արծաթէ թող ըլլան։
11 Եւ նոյնպէս հիւսիսային կողմին համար սրահին երկայնութեանը նայելով՝ վարագոյրները հարիւր կանգուն երկայն պէտք է ըլլան ու անոր քսան սիւները եւ անոնց քսան խարիսխները՝ պղնձէ, սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ պէտք է ըլլան։
12 Արեւմտեան կողմին սրահին լայնութեանը համար՝ վարագոյրները յիսուն կանգուն, իսկ անոնց սիւները՝ տասը ու անոնց խարիսխները տասը պէտք է ըլլան։
13 Սրահին արեւելեան կողմի վարագոյրին լայնութիւնը յիսուն կանգուն ըլլալու է։
14 Եւ դրանը մէկ քովի վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն պէտք է ըլլան։ Անոնց սիւները՝ երեք ու անոնց խարիսխները՝ երեք։
15 Միւս քովի վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն պէտք է ըլլան. անոնց սիւները՝ երեք ու անոնց խարիսխները՝ երեք։
16 Սրահին դրանը համար կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ քսան կանգուն նկարազարդ վարագոյր մը շինէ՛։ Ան չորս սիւն ու չորս խարիսխ պէտք է ունենայ։
17 Սրահին բոլորտիքի բոլոր սիւները արծաթապատ ու անոնց ճանկերը արծաթէ, իսկ խարիսխները՝ պղնձէ պէտք է ըլլան։
18 Սրահին երկայնութիւնը՝ հարիւր կանգուն ու լայնութիւնը՝ յիսուն եւ բարձրութիւնը հինգ կանգուն։ Վարագոյրները մանուած բարակ քթանէ պէտք է ըլլան ու անոնց խարիսխները պղնձէ պէտք է ըլլան։
19 Խորանին բոլոր գործիքները եւ բոլոր գործածութեան համար անոր բոլոր ցիցերը ու սրահին բոլոր ցիցերը պղնձէ պէտք է ըլլան։
20 Եւ դուն պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ քեզի ծեծուած մաքուր ձէթ բերեն լոյսի համար, որպէս զի կանթեղները միշտ վառին։
21 Ահարոնն ու անոր որդիները ժողովի խորանին մէջ՝ վկայութեանը առջեւի վարագոյրին դուրսիդին՝ իրիկուընէ մինչեւ առտու Տէրոջը առջեւ զայն վառելու հոգ տանին. ասիկա անոնց յաւիտենական կանոն ըլլայ իրենց սերունդին մէջ Իսրայէլի որդիներուն կողմանէ։