ԵԼԻՑ
Գլուխ 38
Ողջակէզի սեղանը Սատիմի փայտէ շինեց։ Անոր երկայնութիւնը՝ հինգ կանգուն ու լայնութիւնը՝ հինգ կանգուն՝ քառակուսի էր։ Անոր բարձրութիւնը երեք կանգուն։
2 Անոր եղջիւրները չորս անկիւններուն վրայ շինեց։ Եղջիւրները իրմէ էին ու պղնձով պատեց զայն։
3 Սեղանին բոլոր գործիքները՝ այսինքն թաղարներն ու թիակները ու կոնքերը եւ մսահաններն ու կրակի ամանները՝ շինեց։ Անոր բոլոր գործիքները պղնձէ շինեց։
4 Սեղանին համար անոր շրջանակին տակէն՝ գրեթէ մէջտեղը՝ պղնձէ ցանցակերպ կասկարայ մը շինեց։
5 Պղնձէ կասկարային չորս անկիւնները չորս օղակներ ձուլեց ձողերուն համար։
6 Ձողերը սատիմի փայտէ շինեց ու զանոնք պղնձով պատեց։
7 Ձողերը սեղանին կողմը եղած օղակներուն անցուց, որպէս զի անոնցմով վերցուի։ Զանիկա տախտակներով շինեց ու մէջը դատարկ։
8 Պղնձէ աւազանը ու անոր պղնձէ խարիսխը վկայութեան խորանին դուռը խումբերով հաւաքուող կիներուն հայելիներէն շինեց։
9 Սրահը շինեց հարաւային կողմին համար։ Սրահին վարագոյրները մանուած բարակ քթանէ էին եւ հարիւր կանգուն։
10 Անոնց սիւները քսան ու անոնց պղնձէ խարիսխները քսան էին։ Սիւներուն ճանկերը ու անոնց կապերը արծաթէ էին։
11 Հիւսիսային կողմին համար վարագոյրները հարիւր կանգուն էին։ Անոնց քսան սիւները ու քսան խարիսխները պղնձէ էին։ Սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ էին։
12 Արեւմտեան կողմին համար՝ վարագոյրները յիսուն կանգուն էին։ Անոնց սիւները տասը ու խարիսխները տասն էին։ Սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ էին։
13 Արեւելեան կողմին համար վարագոյրները յիսուն կանգուն էին։
14 Դրանը մէկ կողմին վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն, անոնց սիւները երեք ու անոնց խարիսխները երեք էին։
15 Միւս կողմին համար ալ, այսինքն սրահին դրանը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն, վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն, անոնց սիւները երեք ու անոնց խարիսխները երեք էին։
16 Սրահին բոլոր վարագոյրները շուրջանակի մանուած բարակ քթանէ էին։
17 Սիւներուն խարիսխները պղնձէ, սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ եւ անոնց խոյակները արծաթապատ ու սրահին բոլոր սիւներն ալ արծաթէ կապերով էին։
18 Սրահին դրանը վարագոյրը նկարագործ էր, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ. երկայնութիւնը՝ քսան կանգուն եւ լայնութեանը մէջի բարձրութիւնը, սրահին վարագոյրներուն համեմատ, հինգ կանգուն էր։
19 Անոնց սիւները չորս ու անոնց պղնձէ խարիսխները չորս էին։ Անոնց ճանկերը արծաթէ եւ անոնց խոյակները արծաթապատ ու կապերը արծաթ էին։
20 Խորանին ու շուրջանակի սրահին բոլոր ցիցերը պղնձէ էին։
21 Ասիկա է խորանին, այսինքն վկայութեան խորանին հաշիւը, որ Մովսէսին պատուիրածին պէս՝ Ղեւտացիներուն պաշտամունքին համար Ահարոն քահանային որդի Իթամարին ձեռքով հաշուըուեցաւ։
22 Յուդային ցեղէն Ովրի որդիին Ուրիի որդին Բեսելիէլ ըրաւ այն ամէնը, որ Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։
23 Վարպետ քանդակագործը, կապուտակով ու ծիրանեգոյն եւ կրկնակի կարմիրով ու բարակ քթանով նկարագործողը, Դանի ցեղէն Աքիսամայի որդին Ոողիաբ, անոր հետ էր։
24 Այս շինուածքին համար գործածուած բոլոր ոսկին, այսինքն սրբարանին բոլոր շինուածքին նուիրուած ոսկին, սրբարանին սիկղին համեմատ, քսանըինը տաղանդ ու եօթը հարիւր երեսուն սիկղ էր։
25 Ժողովէն համրուողներուն արծաթը, սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր տաղանդ ու հազար եօթը հարիւր եօթանասունըհինգ սիկղ էր։
26 Քսան տարեկանէն վեր համրուելու համար անցնողներէն ամէն մէկը պէգա մը, այսինքն սրբարանին սիկղին համեմատ, կէս սիկղ տուաւ, վեց հարիւր երեք հազար հինգ հարիւր յիսուն մարդիկ անցան։
27 Սրբարանին խարիսխները ու վարագոյրին խարիսխները ձուլելու համար հարիւր տաղանդ հաշուելով՝ հարիւր տաղանդէն հարիւր խարիսխ շինուեցաւ։
28 Հազար եօթը հարիւր եօթանասունըհինգ սիկղ արծաթով սիւներուն ճանկերը շինեց ու անոնց խոյակները պատեց եւ զանոնք կապեց։
29 Նուիրուած պղինձը եօթանասուն տաղանդ ու երկու հազար չորս հարիւր սիկղ էր։
30 Անով վկայութեան խորանին դրանը խարիսխներն ու պղնձէ սեղանը եւ անոր պղնձէ կասկարան ու սեղանին բոլոր գործիքները
31 Եւ շուրջանակի սրահին խարիսխներն ու սրահին դրանը խարիսխները եւ խորանին բոլոր ցիցերն ու շուրջանակի սրահին բոլոր ցիցերը շինեց։