ԵԼԻՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40


Գլուխ 4

Մովսէս պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Բայց անոնք ինծի պիտի չհաւատան, ոչ ալ իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն. քանզի պիտի ըսեն թէ՝ ‘Տէրը քեզի չերեւցաւ’»։
2 Եւ Տէրը ըսաւ անոր. «Այդ քու ձեռքինդ ի՞նչ է»։ Անիկա ըսաւ. «Գաւազան»։
3 Աստուած ըսաւ. «Գետինը ձգէ զայն»։ Անիկա գետինը ձգեց ու օձ եղաւ։ Մովսէս անոր առջեւէն փախաւ։
4 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ձեռքդ երկնցուր ու պոչէն բռնէ»։ Անիկա իր ձեռքը երկնցուց ու զանիկա բռնեց եւ գաւազան եղաւ իր ձեռքին մէջ։
5 «Ասով պիտի հաւատան թէ իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը երեւցաւ քեզի»։
6 Տէրը դարձեալ ըսաւ անոր. «Հիմա քու ձեռքդ ծոցդ դիր»։ Անիկա իր ձեռքը ծոցը դրաւ եւ երբ դուրս հանեց, ահա իր ձեռքը ձիւնի պէս ճերմակ՝ բորոտ եղաւ։
7 Եւ Տէրը ըսաւ. «Ձեռքդ նորէն ծոցդ դիր»։ Անիկա նորէն իր ձեռքը ծոցը դրաւ եւ երբ ծոցէն հանեց, ահա նորէն իր բնական մարմնին պէս եղաւ։
8 «Եթէ քեզի չհաւատան ու առաջին նշանին մտիկ չընեն, երկրորդ նշանին պիտի հաւատան։
9 Իսկ եթէ այս երկու նշաններուն ալ չհաւատան ու քու ձայնիդ ալ մտիկ չընեն՝ գետին ջուրէն ա՛ռ ու ցամաք գետինը թափէ՛։ Այն ջուրը որ գետէն առիր, ցամաքին վրայ արիւն պիտի ըլլայ»։
10 Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. «Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, ես ճարտարախօս չեմ ո՛չ երէկ, ո՛չ միւս օր եւ ո՛չ ալ ծառայիդ հետ խօսելէդ յետոյ, հապա ես ծանրախօս ու ծանրալեզու եմ»։
11 Եւ Տէրը ըսաւ անոր. «Ո՞վ տուաւ մարդուն բերան, կամ ո՞վ ըրաւ համրը կամ խուլը կամ աչք ունեցողը կամ կոյրը. չէ՞ որ ես՝ Տէրս։
12 Ուստի գնա՛ հիմա ու ես՝ քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ եւ քեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի խօսիս»։
13 Անիկա ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, կ’աղաչեմ, այս պատգամը որո՛ւ ձեռքով ղրկել կ’ուզես՝ ղրկէ»։
14 Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ Մովսէսին դէմ ու ըսաւ. «Ղեւտացի Ահարոնը քու եղբայրդ չէ՞. ես գիտեմ որ անիկա ճարտարախօս է. նաեւ ահա անիկա քեզ դիմաւորելու պիտի ելլէ։ Քեզ տեսածին պէս իր սրտին մէջ պիտի ուրախանայ։
15 Դուն խօսէ՛ անոր ու անոր բերանը խօսքեր դիր եւ ես քու բերնիդ ու անոր բերնին հետ պիտի ըլլամ ու ձեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի ըսէք։
16 Եւ քու տեղդ անիկա թող խօսի ժողովուրդին եւ անիկա քեզի բերնի տեղ ըլլայ ու դուն անոր աստուծոյ տեղ ըլլաս։
17 Եւ այս գաւազանը ձեռքդ առ, որպէս զի անով նշանները ընես»։
18 Մովսէս գնաց իր Յոթոր աներոջը ու ըսաւ անոր. «Հիմա երթամ Եգիպտոսի մէջ եղող եղբայրներուս եւ նայիմ թէ տակաւին ո՞ղջ են անոնք»։ Յոթոր ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛ խաղաղութեամբ»։
19 Տէրը Մադիամի մէջ ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛, Եգիպտոս դարձի՛ր. վասն զի քու կեանքդ փնտռող բոլոր մարդիկը մեռան»։
20 Մովսէս իր կինը ու իր որդիները առաւ եւ իշու վրայ հեծցուց զանոնք ու Եգիպտոս դարձաւ։ Մովսէս Աստուծոյ գավազանը իր ձեռքը առաւ։
21 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Երբ դառնաս՝ Եգիպտոս երթաս, նայէ որ Փարաւոնին առջեւ բոլոր հրաշքները ընես, որոնք քու ձեռքդ դրի եւ ես անոր սիրտը պիտի խստացնեմ ու ժողովուրդը պիտի չթողու։
22 Եւ ըսէ Փարաւոնին. ‘Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Իսրայէլ իմ որդիս, իմ անդրանիկս է։
23 Քեզի կ’ըսեմ, Իմ որդիս թող տուր, որպէս զի զիս պաշտէ. բայց եթէ զանիկա թող տալ չուզես, ահա ես քու որդիդ, մանաւանդ քու անդրանիկդ, պիտի սպաննեմ’»։
24 Եւ եղաւ որ ճամբան իջած տեղը Տէրը անոր պատահեցաւ եւ ուզեց սպաննել զանիկա։
25 Ուստի Սեպփօրա սուր քար մը առաւ ու իր որդիին անթլփատութիւնը թլփատեց եւ անոր ոտքերուն ձգեց ու ըսաւ. «Իրաւցընէ դուն ինծի արիւնոտ ամուսին մըն ես»։
26 Այսպէս Տէրը թող տուաւ զանիկա. այն ատեն թլփատութեանը համար Սեպփօրա ըսաւ. «Արիւնոտ ամուսին մըն ես»։
27 Տէրը ըսաւ Ահարոնին. «Գնա՛ անապատը Մովսէսը դիմաւորելու»։ Անիկա գնաց ու Աստուծոյ լերանը վրայ պատահեցաւ եղբօրը եւ համբուրեց զանիկա։
28 Մովսէս Ահարոնին պատմեց Տէրոջը բոլոր խօսքերը, որ ղրկեց զինք եւ բոլոր նշանները, որոնք իրեն պատուիրեց։
29 Եւ Մովսէս ու Ահարոն գացին ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ծերերը հաւաքեցին։
30 Ահարոն Տէրոջը Մովսէսին ըսած բոլոր խօսքերը ըսաւ անոնց ու ժողովուրդին առջեւ նշաններ ըրաւ։
31 Ժողովուրդը հաւատաց։ Երբ լսեցին թէ՝ Տէրը այցելութիւն ըրած է Իսրայէլի որդիներուն, թէ՝ անոնց քաշած նեղութիւններուն նայած է, խոնարհեցան ու երկրպագութիւն ըրին։