ԵԼԻՑ
Գլուխ 20
Աստուած այս բոլոր խօսքերը ըսաւ.
2 «Ես եմ Եհովան, քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի։
3 Ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։
4 Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը.
5 Անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը՝ որ կ’ատեն զիս
6 Եւ կ’ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը՝ որ կը սիրեն զիս ու իմ պատուիրանքներս կը պահեն։
7 Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես. վասն զի Տէրը իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ։
8 Հանգստութեան օրը միտքդ բեր՝ զանիկա սուրբ պահելու համար։
9 Վեց օր պիտի աշխատիս ու բոլոր գործդ ընես.
10 Բայց եօթներորդ օրը Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, հանգստութեան օրն է. այն օրը գործ մը չգործես, ո՛չ դուն, ո՛չ քու որդիդ, ո՛չ քու աղջիկդ, ո՛չ քու ծառադ ու աղախինդ, ո՛չ քու անասունդ, ո՛չ ալ տանդ մէջ եղած օտարականը.
11 Քանզի Տէրը վեց օրուան մէջ ըրաւ երկինքն ու երկիրը, ծովը ու բոլոր անոր մէջ եղածները եւ եօթներորդ օրը հանգստացաւ. անոր համար Տէրը օրհնեց հանգստութեան օրը ու սրբեց զանիկա։
12 Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, որպէս զի քու օրերդ երկայն ըլլան այն երկրին վրայ, որ քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի։
13 Սպաննութիւն մի՛ ըներ։
14 Շնութիւն մի՛ ըներ։
15 Գողութիւն մի՛ ըներ։
16 Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ։
17 Քու դրացիիդ տանը մի՛ ցանկար. քու դրացիիդ կնոջը, կամ անոր ծառային, կամ անոր աղախինին, կամ անոր եզին, կամ անոր իշուն եւ քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար»։
18 Բոլոր ժողովուրդը կը լսէին որոտումները ու կայծակները եւ փողին ձայնը ու կը տեսնէին լերանը մխալը։ Ժողովուրդը վախցաւ, ետ քաշուեցաւ ու հեռուն կայնեցաւ։
19 Եւ ըսին Մովսէսին. «Դուն խօսէ մեզի հետ ու մտիկ ընենք. բայց Աստուած թող չխօսի մեզի հետ, որպէս զի չմեռնինք»։
20 Եւ Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Մի՛ վախնաք. վասն զի Աստուած ձեզ փորձելու եկաւ, այնպէս որ անոր վախը ձեր առջեւ ըլլայ, որպէս զի չմեղանչէք»։
21 Ժողովուրդը հեռուն կայնեցաւ ու Մովսէս մօտեցաւ այն թանձր խաւարին՝ ուր Աստուած էր։
22 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Այսպէս պիտի ըսես Իսրայէլի որդիներուն. ‘Դուք տեսաք թէ ձեզի հետ երկնքէն խօսեցայ.
23 Ինծի հետ արծաթէ աստուածներ չշինէ՛ք. ո՛չ ալ ոսկիէ աստուածներ շինէք ձեզի։
24 Ինծի հողէ սեղան մը պիտի շինես ու անոր վրայ քու ողջակէզներդ ու խաղաղութեան զոհերդ, քու ոչխարներդ ու արջառներդ պիտի մատուցանես եւ ամէն տեղ, ուր իմ անունս յիշել տամ, քեզի պիտի գամ ու քեզ պիտի օրհնեմ’։
25 Եթէ ինծի քարէ սեղան շինելու ըլլաս, տաշուած քարէ մի՛ շիներ, քանզի եթէ անոր վրայ երկաթ գործիք վերցնես, կը պղծես զանիկա։
26 Եւ աստիճաններով մի՛ ելլեր իմ սեղանս, որպէս զի քու մերկութիւնդ չբացուի անոր վրայ»։