ԵԼԻՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40


Գլուխ 31

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2 «Ահա Յուդայի ցեղէն Ովրի որդիին Ուրիի որդին Բեսելիէլը անունովը կանչեցի։
3 Աստուծոյ Հոգիովը՝ իմաստութիւնով ու հանճարով եւ գիտութիւնով ու ամէն կերպ ճարտարութիւնով լեցուցի զանիկա,
4 Որպէս զի արուեստական գործեր հնարելով՝ ոսկիով ու արծաթով եւ պղնձով գործէ։
5 Գամելու համար քարեր կտրելով ու փայտեր քանդակելով եւ ամէն տեսակ գեղարուեստական գործ։
6 Դանի ցեղէն Աքիսամայի որդին Ոողիաբը տուի անոր հետ։ Ամէն իմաստունի սրտին մէջ իմաստութիւն դրի, որպէս զի բոլոր քեզի պատուիրածներս պատրաստես։
7 Վկայութեան խորանը եւ վկայութեան տապանակը ու անոր վրայ եղած քաւութիւնը եւ խորանին բոլոր կարասիները
8 Եւ սեղանը ու անոր անօթները եւ մաքուր աշտանակը իր բոլոր գործիքներով եւ խունկին սեղանը
9 Եւ ողջակէզին սեղանը իր բոլոր գործիքներովը եւ աւազանը ու անոր խարիսխը
10 Եւ պաշտամունքին զգեստները ու Ահարոն քահանային սուրբ զգեստները եւ անոր որդիներուն զգեստները, քահանայութիւն ընելու համար
11 Եւ օծման իւղը ու սրբարանին համար անուշահոտ խունկը բոլոր քեզի պատուիրածիս պէս»։
12 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու ըսաւ.
13 «Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն. Անշուշտ իմ շաբաթներս պիտի պահէք. վասն զի այս նշան մըն է իմ ու ձեր մէջտեղ եւ ձեր ազգերուն մէջ, որպէս զի գիտնաք թէ ձեզ սուրբ ընող Տէրը ես եմ։
14 Ուստի շաբաթը պահեցէք. վասն զի այն ձեզի սուրբ է. ով որ զանիկա պղծէ, անշուշտ պիտի մեռնի. քանզի ամէն ով որ այն օրը գործ մը գործէ, այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսուի։
15 Վեց օր գործ պիտի գործուի, բայց եօթներորդ օրը, հանգստութեան շաբաթը, սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը։ Ով որ շաբաթ օրը գործ մը գործէ, անշուշտ պիտի մեռցուի։
16 Անոր համար Իսրայէլի որդիները պիտի պահեն շաբաթը, որպէս զի շաբաթը իրենց ազգերուն մէջ յաւիտենական ուխտ մը ընեն։
17 Անիկա յաւիտենական նշան մըն է իմ ու Իսրայէլի որդիներուն մէջտեղ. քանզի Տէրը վեց օրուան մէջ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ եօթներորդ օրը դադարեցաւ ու հանգստացաւ»։
18 Երբ Սինա լերանը վրայ Մովսէսին հետ խօսիլը լմնցուց, վկայութեան երկու տախտակները տուաւ անոր, Աստուծոյ մատովը գրուած քարէ տախտակներ։