ԵԼԻՑ
Գլուխ 39
Կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ շինեցին պաշտամունքի հանդերձները, սրբարանին մէջ պաշտօն կատարելու համար։ Ահարոնին համար սուրբ զգեստներ շինեցին, Տէրոջը՝ Մովսէսին պատուիրածին պէս։
2 Եփուտը շինեց ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ։
3 Ոսկին ծեծելով բարակ թիթեղներ շինեցին եւ թելեր կտրեցին, որպէս զի կապուտակին, ծիրանեգոյնին եւ կրկնակի կարմիրին ու բարակ քթանին հետ վարպետութեամբ գործեն։
4 Կոճկուող վակասներ շինեցին անոր, այսինքն եփուտին, որ երկու ծայրէն կը կոճկուէր։
5 Եփուտին վրայ եղած ժապաւէնը նոյն նիւթէն էր. անոր գործին համեմատ, ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ էր՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։
6 Ոսկի խորշերու մէջ եղնգնաքարեր գամեցին ու անոնց վրայ Իսրայէլի որդիներուն անունները կնիք փորագրելու պէս՝ փորագրեցին։
7 Զանոնք եփուտին ուսերուն վրայ դրաւ, որպէս զի յիշատակի քարեր ըլլան Իսրայէլի որդիներուն, Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։
8 Եւ լանջապանակը ճարտարութեամբ եփուտին գործին պէս ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ շինեց։
9 Քառակուսի, երկուքի ծալլուող, լանջապանակը՝ մէկ թիզ երկայնութեամբ ու մէկ թիզ լայնութեամբ, երկուքի ծալլուող։
10 Անոր վրայ չորս կարգ քարեր գամեցին։ Առաջին կարգը՝ սարդիոն, տպազիոն ու զմրուխտ։
11 Երկրորդ կարգը՝ կարկեհան, շափիւղայ ու ադամանդ էր։
12 Երրորդ կարգն էր գոճազմ, ակատ ու մեղեսիկ։
13 Չորրորդ կարգն էր ոսկեքար, եղնգնաքար ու յասպիս։ Ասոնք ոսկի խորշերու մէջ գամուած էին։
14 Քարերը Իսրայէլի որդիներուն անուններուն համեմատ, անոնց անուններուն պէս, տասներկու էին։ Իւրաքանչիւրին անունը՝ տասներկու ցեղերուն համեմատ՝ կնիք փորագրողի գործով փորագրուած էր։
15 Լանջապանակին վրայ զուտ ոսկիէ ոլորուած հիւսուած շղթաներ շինեցին։
16 Երկու ոսկի խորշ ու երկու ոսկի օղակ շինեցին։ Երկու օղակները լանջապանակին երկու ծայրերը դրին։
17 Լանջապանակին ծայրերը եղած երկու օղակներուն անցուցին երկու ոսկիէ հիւսուած շղթաներ։
18 Երկու հիւսուած շղթաներուն միւս երկու ծայրերը երկու խորշերուն անցուցին ու ասոնք եփուտին ուսերուն վրայ՝ անոր առջեւի կողմը դրին։
19 Ուրիշ երկու ոսկի օղակներ ալ շինեցին եւ զանոնք լանջապանակին ներսի կողմէն եփուտին կցուած եզերքին երկու ծայրերը դրին։
20 Ուրիշ երկու օղակներ ալ շինեցին ու զանոնք եփուտին երկու ուսերուն տակէն, անոր առջեւի կողմի կցուածքին մօտ, եփուտին ժապաւէնին վրայէն անցուցին։
21 Լանջապանակը իր օղակներէն՝ կապուտակէ շինուած լարով եփուտին օղակներուն կապեցին, որպէս զի եփուտին ժապաւէնին վրայ ըլլայ ու լանջապանակը եփուտին վրայէն չզատուի՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։
22 Եփուտին պատմուճանը ոստայնանկի գործով բոլորովին կապուտակէ շինեց։
23 Պատմուճանին մէջտեղը զրահի ճեղքուածքին պէս ճեղքուածք մը կար ու ճեղքուածքին բոլորտիքը հիւսուած եզերք ունէր, որպէս զի չպատռի։
24 Պատմուճանին քղանցքներուն վրայ կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ, կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ նուռեր շինեցին։
25 Զուտ ոսկիէ զանգակներ շինեցին ու զանոնք նուռերուն մէջտեղը, պատմուճանին քղանցքներուն վրայ շուրջանակի նուռերուն մէջ դրին։
26 Պատմուճանին քղանցքներուն վրայ շուրջանակի զանգակ մը ու նուռ մը կար, պաշտամունքի համար՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։
27 Ահարոնին ու անոր որդիներուն համար բարակ քթանէ ոստայնանկի գործ՝ շապիկներ շինեցին։
28 Եւ խոյրը բարակ քթանէ ու հանդէսի ապարօշները բարակ քթանէ ու կտաւեղէն անդրավարտիքները մանուած բարակ քթանէ
29 Եւ գօտին մանուած բարակ քթանէ, կապուտակէ, ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ նկարագործ շինեցին՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։
30 Սուրբ պսակին թիթեղը զուտ ոսկիէ շինեցին ու անոր վրայ կնիք փորագրելու պէս՝ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ գրեցին։
31 Անոր կապուտակ ժապաւէն մը անցուցին, որպէս զի վերէն խոյրին վրայ դրուի՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։
32 Խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին, բոլոր գործը լմնցաւ եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին բոլոր պատուիրածին պէս ըրին։ Այնպէս ըրին։
33 Խորանը Մովսէսին բերին՝ վրանը ու անոր բոլոր գործիքները, անոր ճարմանդները, անոր տախտակները, անոր նիգերը եւ անոր սիւներն ու խարիսխները
34 Եւ կարմիր ներկուած խոյի մորթերէ ծածկոցն ու թէհաշի մորթերէ եղած ծածկոցը եւ ծածկող վարագոյրը,
35 Վկայութեան տապանակն ու անոր ձողերը եւ քաւութիւնը,
36 Սեղանն ու անոր բոլոր անօթները եւ առաջաւորութեան հացը,
37 Զուտ ոսկիէ աշտանակը իր ճրագներովը, այսինքն կարգաւ դրուած ճրագներովն ու իր բոլոր գործիքներովը եւ լոյսի իւղը
38 Եւ ոսկի սեղանն ու օծման իւղը եւ անուշահոտ խունկն ու խորանին դրանը վարագոյրը,
39 Պղնձէ սեղանն ու անոր կասկարան, անոր ձողերը եւ անոր բոլոր գործիքները, աւազանն ու անոր խարիսխը,
40 Սրահին վարագոյրները, անոր սիւներն ու խարիսխները եւ սրահին դրանը վարագոյրը, անոր չուաններն ու ցիցերը եւ խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին, պաշտամունքին համար եղած բոլոր կարասիները,
41 Սրբարանին մէջ պաշտամունքի համար՝ հանդերձներն ու Ահարոն քահանային սուրբ զգեստները եւ անոր որդիներուն զգեստները, որպէս զի քահանայութիւն ընեն։
42 Այն ամենուն պէս, որոնք Տէրը Մովսէսին պատուիրեց, այսպէս լրացուցին Իսրայէլի որդիները բոլոր գործը։
43 Մովսէս բոլոր շինուածքին նայեցաւ եւ ահա Տէրոջը պատուիրածին պէս շինած էին։ Մովսէս օրհնեց զանոնք։