ԵԼԻՑ
Գլուխ 11
Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին վրայ ու Եգիպտոսին վրայ հարուած մըն ալ պիտի բերեմ, անկէ յետոյ ձեզ ասկէ պիտի արձակէ եւ երբ ձեզ արձակէ, ձեզ ասկէ բոլորովին դուրս պիտի ընէ։
2 Հիմա խօսէ ժողովուրդին ականջներուն ու ամէն մարդ իր դրացիէն եւ ամէն կին իր դրացիէն արծաթեղէն ու ոսկեղէն զարդեր թող խնդրէ»։
3 Տէրը շնորհք տուաւ ժողովուրդին Եգիպտացիներուն առջեւ։ Մովսէս ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ Փարաւոնին ծառաներուն առջեւ ու ժողովուրդին առջեւ խիստ մեծ մարդ մըն էր։
4 Մովսէս ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես կէս գիշերին Եգիպտոսի մէջ պիտի ելլեմ
5 Ու Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն անդրանիկ պիտի մեռնի, իր աթոռին վրայ նստող Փարաւոնին անդրանիկէն մինչեւ աղօրիքին ետեւը եղող աղախինին անդրանիկը եւ բոլոր անասուններուն անդրանիկը։
6 Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ մեծ աղաղակ պիտի ըլլայ, այնպէս որ անոր պէս ո՛չ եղած է, ո՛չ ալ նորէն պիտի ըլլայ։
7 Իսրայէլի որդիներէն մէկո՛ւն դէմ, մարդէն մինչեւ անասուն, շուն մըն ալ պիտի չշարժէ իր լեզուն. որպէս զի գիտնաք թէ Տէրը Եգիպտացիներուն ու Իսրայէլի միջեւ տարբերութիւն կը դնէ։
8 Եւ բոլոր քու ծառաներդ ինծի պիտի գան ու ինծի խոնարհութիւն ընեն՝ ըսելով. ‘Դուն ու բոլոր քեզի հետեւող ժողովուրդը ելէք’։ Անկէ ետքը պիտի ելլեմ’»։ Մովսէս սաստիկ բարկութեամբ Փարաւոնին քովէն դուրս ելաւ։
9 Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոն ձեզի մտիկ պիտի չընէ, որպէս զի իմ հրաշքներս շատցնեմ Եգիպտոսի մէջ»։
10 Մովսէս ու Ահարոն այս ամէն հրաշքները Փարաւոնին առջեւ ըրին։ Տէրը կարծրացուց փարաւոնին սիրտը ու Իսրայէլի որդիները իր երկրէն չարձակեց։