ԵԼԻՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40


Գլուխ 8

Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին մտի՛ր ու ըսէ՛ անոր, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի պաշտեն զիս։
2 Եւ եթէ զանոնք արձակել չուզես, ահա ես քու բոլոր սահմաններդ գորտերով պիտի զարնեմ։
3 Գետը շատ գորտեր պիտի հանէ ու անոնք պիտի ելլեն ու քու տանդ եւ ննջարանիդ ու անկողնիդ եւ քու ծառաներուդ տուներուն եւ քու ժողովուրդիդ ու քու թոնիրներուդ եւ խմորի տաշտերուդ մէջ պիտի մտնեն։
4 Գորտերը քու վրադ եւ ժողովուրդիդ վրայ ու բոլոր ծառաներուդ վրայ պիտի ելլեն’»։
5 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ահարոնին այսպէս ըսէ՛. ‘Առուներուն վրայ, գետերուն վրայ ու լիճերուն վրայ ձեռքդ երկնցուր քու գաւազանովդ ու Եգիպտոսի երկրին վրայ գորտեր հանէ’»։
6 Եւ Ահարոն երկնցուց իր ձեռքը Եգիպտոսի ջուրերուն վրայ եւ գորտեր ելան ու Եգիպտոսի երկիրը ծածկեցին։
7 Եւ մոգերն ալ իրենց կախարդութիւններովը նոյնպէս ըրին ու Եգիպտոսի երկրին վրայ գորտեր հանեցին։
8 Փարաւոն կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ. «Աղաչեցէ՛ք Տէրոջը, որ ինծմէ ու իմ ժողովուրդէս վերցնէ գորտերը ու ժողովուրդը պիտի արձակեմ, որպէս զի Տէրոջը զոհ մատուցանեն»։
9 Մովսէս ըսաւ Փարաւոնին. «Ժամանակ մը որոշէ ինծի. ե՞րբ քեզի համար ու ծառաներուդ համար եւ ժողովուրդիդ համար աղաչեմ, որ քեզմէ ու քու տուներէդ գորտերը կորսուին ու միայն գետին մէջ մնան»։
10 Անիկա ըսաւ. «Վաղը»։ Մովսէս ըսաւ. «Քու խօսքիդ պէս ըլլայ, որպէս զի գիտնաս թէ մեր Եհովա Աստուծոյն պէս մէկը չկայ։
11 Քեզմէ ու քու տուներէդ եւ քու ծառաներէդ ու քու ժողովուրդէդ գորտերը պիտի վերնան. միայն գետին մէջ պիտի մնան»։
12 Մովսէս ու Ահարոն Փարաւոնին քովէն ելան ու Մովսէս Տէրոջը աղաղակեց այն գորտերուն համար, որոնք Փարաւոնին վրայ բերեր էր։
13 Եւ Տէրը Մովսէսին ըսածին պէս ըրաւ։ Տուներէն, բակերէն եւ արտերէն գորտերը մեռան։
14 Դէզ դէզ հաւաքեցին զանոնք ու երկիրը հոտեցաւ։
15 Բայց երբ Փարաւոն հանգստութիւնը տեսաւ, իր սիրտը խստացուց ու անոնց մտիկ չըրաւ՝ Տէրոջը ըսածին պէս։
16 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ըսէ՛ Ահարոնին. ‘Քու գաւազանդ երկնցուր ու երկրի հողին զարկ, որպէս զի Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ մուն ըլլայ’»։
17 Այնպէս ըրին։ Ահարոն իր ձեռքը երկնցուց ու իր գաւազանով հողին զարկաւ եւ մարդոց վրայ ու անասուններուն վրայ մուն եկաւ։ Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ երկրին բոլոր հողը մուն եղաւ։
18 Մոգերն ալ իրենց կախարդութիւններով փորձեցին՝ որպէս զի մուներ հանեն, բայց չկրցան։ Այսպէս մարդոց ու անասուններուն վրայ մուն եղաւ։
19 Մոգերը ըսին Փարաւոնին. «Այս Աստուծոյ մատն է»։ Բայց Փարաւոնին սիրտը կարծրացաւ ու անոնց մտիկ չըրաւ՝ Տէրոջը ըսածին պէս։
20 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Առտուն կանուխ ելի՛ր ու Փարաւոնին առջեւ կայնէ՛. (Ահա անիկա դէպի ջուրը կ’ելլէ.) եւ ըսէ անոր, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն,
21 Եթէ իմ ժողովուրդս չարձակես, ես քու վրադ ու քու ծառաներուդ վրայ ու քու ժողովուրդիդ վրայ ու քու տուներուդ վրայ շանաճանճ պիտի ղրկեմ։ Եգիպտացիներուն տուները շանաճանճով պիտի լեցուին, նաեւ այն գետինը որուն վրայ անոնք կը քալեն։
22 Բայց իմ ժողովուրդիս բնակած Գեսեմի երկիրը պիտի զատեմ ու հոն շանաճանճ պիտի չըլլայ. որպէս զի գիտնաս թէ երկրի մէջ ես եմ Տէրը։
23 Իմ ժողովուրդիս ու քու ժողովուրդիդ միջեւ խտրութիւն պիտի դնեմ։ Վաղը այս նշանը պիտի ըլլայ’»։
24 Տէրը այնպէս ըրաւ։ Փարաւոնին տանը եւ անոր ծառաներուն տուներուն ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ շատ շանաճանճ եկաւ ու շանաճանճին պատճառով երկիրը աւրուեցաւ։
25 Փարաւոն կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ. «Գացէ՛ք ձեր Աստուծոյն զոհ մատուցանեցէք այս երկրին մէջ»։
26 Եւ Մովսէս ըսաւ. «Արժան չէ այսպէս ընել. վասն զի Եգիպտացիներու գարշելի սեպուածները Տէրոջը մեր Աստուծոյն զոհ պիտի մատուցանենք։ Եթէ Եգիպտացիներուն գարշելի սեպուածները իրենց աչքին առջեւ զոհ մատուցանելու ըլլանք, պիտի չքարկոծե՞ն մեզ։
27 Մենք երեք օրուան ճամբայ պիտի երթանք անապատին մէջ ու զոհ պիտի մատուցանենք մեր Տէր Աստուծոյն, ինչպէս ինք մեզի պատուիրեց»։
28 Եւ Փարաւոն ըսաւ. «Ես ձեզ թող կուտամ որպէս զի երթաք անապատին մէջ ձեր Եհովա Աստուծոյն զոհ մատուցանէք, միայն թէ շատ հեռու չերթաք։ Ինծի համար աղաչեցէք»։
29 Մովսէս ըսաւ. «Ահա ես քու քովէդ կ’ելլեմ ու Տէրոջը կ’աղաչեմ, որ վաղը Փարաւոնէն, անոր ծառաներէն ու անոր ժողովուրդէն շանաճանճը վերցնէ, բայց Փարաւոն ա՛լ մեզ չխաբէ՝ ժողովուրդին անգամ մըն ալ թոյլ չտալով, որ Տէրոջը զոհ մատուցանէ»։
30 Մովսէս Փարաւոնին քովէն ելաւ ու Տէրոջը աղաչեց։
31 Տէրը Մովսէսին խօսքին պէս ըրաւ ու Փարաւոնէն, անոր ծառաներէն եւ անոր ժողովուրդէն շանաճանճը վերցուց։ Հատ մըն ալ չմնաց։
32 Փարաւոն այս անգամ ալ իր սիրտը խստացուց ու ժողովուրդը չարձակեց։