ԵԼԻՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40


Գլուխ 25

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2 «Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ ինծի ընծայ բերեն. միայն յօժարակամ տուող մարդէն առէք իմ ընծաս։
3 Անոնց տուած ընծաները թող ըլլան՝ ոսկի, արծաթ ու պղինձ
4 Կապուտակ ու ծիրանեգոյն եւ կրկնակի կարմիր ու բարակ քթան եւ այծի մազ
5 Կարմիր ներկուած խոյի մորթեր ու թէհաշի մորթեր եւ Սատիմի փայտեր,
6 Լոյսի համար իւղ, օծման իւղի ու անուշահոտ խունկի համար համեմներ,
7 Եղնգնաքարեր ու եփուտին ու լանջապանակին վրայ գամուելու քարեր։
8 Ինծի սրբարան մը թող շինեն, որպէս զի իրենց մէջ բնակիմ։
9 Խորանին օրինակը եւ անոր բոլոր կարասիներուն օրինակը, բոլոր քեզի ցուցուցածիս պէս, ճիշդ այնպէս շինեցէք։
10 Սատիմի փայտէ տապանակ մը թող շինեն. անոր երկայնութիւնը՝ երկու կանգուն ու կէս եւ լայնութիւնը՝ մէկ կանգուն ու կէս եւ բարձրութիւնը մէկ կանգուն ու կէս ըլլայ։
11 Զանիկա զուտ ոսկիով պատէ՛, ներսէն ու դուրսէն պատէ։ Անոր բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինէ՛։
12 Անոր համար չորս ոսկի օղակ ձուլէ՛ ու անոր չորս անկիւնները դի՛ր զանոնք, որպէս զի անոր մէկ կողմը երկու օղակ ու միւս կողմը երկու օղակ ըլլայ։
13 Սատիմի փայտէ ձողեր շինէ՛ ու զանոնք ոսկիով պատէ՛։
14 Ձողերը տապանակին քովերը եղած օղակներուն անցո՛ւր, որպէս զի տապանակը անոնցմով վերցուի։
15 Ձողերը տապանակին օղակներուն մէջ թող մնան. անկէ թող չհանուին։
16 Եւ տապանակին մէջ դի՛ր այն վկայութիւնը՝ որ քեզի պիտի տամ։
17 Զուտ ոսկիէ քաւութիւն մը շինէ՛, անոր երկայնութիւնը՝ երկու կանգուն ու կէս, լայնութիւնը մէկ կանգուն ու կէս ըլլայ։
18 Ոսկիէ երկու քերովբէներ շինէ՛ քաւութեան երկու ծայրին վրայ։ Կռածոյ շինէ՛ զանոնք։
19 Մէկ քերովբէն մէկ ծայրէն ու միւս քերովբէն միւս ծայրէն շինէ՛։
20 Քերովբէները թեւերնին վերէն տարածելով՝ իրենց թեւերովը քաւութիւնը պիտի ծածկեն։ Անոնց երեսները իրարու պիտի նային. քերովբէներուն երեսները դէպի քաւութիւնը պիտի ըլլան։
21 Քաւութիւնը տապանակին վրայ պիտի դնես։ Քեզի տալու վկայութիւնս տապանակին մէջ դի՛ր։
22 Հոն ես քեզի պիտի հանդիպիմ ու քաւութեանը վրայէն, վկայութեան տապանակին վրայ եղած երկու քերովբէներուն մէջտեղէն, Իսրայէլի որդիներուն համար բոլոր քեզի տալիք պատուիրանքներուն վրայով պիտի խօսիմ քեզի հետ։
23 Սատիմի փայտէ սեղան մը շինէ՛. անոր երկայնութիւնը՝ երկու կանգուն, լայնութիւնը՝ մէկ կանգուն ու բարձրութիւնը մէկ կանգուն ու կէս պիտի ըլլայ։
24 Զանիկա զուտ ոսկիով պատէ՛ ու անոր բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինէ՛։
25 Անոր չորս մատնաչափ եզերք մը շինէ ու եզերքին բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինէ՛։
26 Անոր չորս ոսկի օղակ շինէ, անոր չորս անկիւնը չորս ոտքին քով դիր օղակները։
27 Օղակները եզերքին քով պէտք է ըլլան, որպէս զի սեղանը վերցնելու համար՝ ձողերուն տեղեր ըլլան։
28 Ձողերը Սատիմի փայտէ շինէ՛ ու զանոնք ոսկիով պատէ՛։ Սեղանը անոնցմով պիտի վերցուի։
29 Անոր սկուտեղներ ու խնկամաններ եւ բաժակներ ու գաւաթներ շինէ՛, որպէս զի անոնցմով թափելու նուէր մատուցանուի։ Զանոնք զուտ ոսկիէ շինէ՛։
30 Սեղանին վրայ առաջաւորութեան հացը միշտ իմ առջեւս դի՛ր։
31 Զուտ ոսկիէ աշտանակ մը շինէ՛։ Կռածոյ ըլլալու է աշտանակը։ Անոր բունը, ճիւղերը, սկահակները, գնդակները ու ծաղիկները իրմէ պէտք է ըլլան։
32 Անոր քովերէն վեց ճիւղեր պէտք է ելլեն. աշտանակին մէկ կողմէն երեք ճիւղ եւ միւս կողմէն երեք ճիւղ ելլեն։
33 Մէկ ճիւղին վրայ նշաձեւ երեք սկահակ՝ գնդակով ու ծաղիկով եւ միւս ճիւղին վրայ նշաձեւ երեք սկահակ՝ գնդակով ու ծաղիկով։ Աշտանակէն ելած վեց ճիւղերը այսպէս թող ըլլան։
34 Աշտանակին վրայ չորս նշաձեւ սկահակ պիտի ըլլայ իրենց գնդակներովը ու ծաղիկներովը։
35 Աշտանակէն ելած վեց ճիւղերուն երկու ճիւղին տակ իրմէ մէկ գնդակ ու երկու ճիւղին տակ իրմէ մէկ գնդակ։ Երկու ճիւղին տակ իրմէ մէկ գնդակ թող ըլլայ։
36 Անոնց գնդակներն ու ճիւղերը իրմէ պէտք է ըլլան։ Ամէնքը մէկ կտորէ՝ զուտ ոսկիէ կռածոյ պէտք է ըլլան։
37 Անոր եօթը ճրագներ շինէ՛, այնպէս որ ճրագները վառուած ատեն՝ լոյսը առջեւէն տան։
38 Անոր ունելիները ու անոր բազմակալները զուտ ոսկիէ պէտք է ըլլան։
39 Անիկա բոլոր այս գործիքներով տաղանդ մը զուտ ոսկիէ պիտի շինուի։
40 Ջանա՛, որ լեռը քեզի ցուցուած օրինակին պէս շինես զանոնք»։