ԵԼԻՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40


Գլուխ 24

Ան ըսաւ Մովսէսին. «Տէրոջը ելէ՛ք դուն ու Ահարոնը, Նադաբն ու Աբիուդը եւ Իսրայէլի ծերերէն եօթանասուն հոգի ու հեռուէն երկրպագութիւն ըրէք։
2 Բայց միայն Մովսէս թող մօտենայ Տէրոջը։ Անոնք թող չմօտենան, ո՛չ ալ ժողովուրդը անոր հետ ելլէ»։
3 Մովսէս եկաւ ու Տէրոջը բոլոր խօսքերը եւ բոլոր կարգադրութիւնը պատմեց ժողովուրդին։ Բոլոր ժողովուրդը միաձայն պատասխան տուին ու ըսին. «Տէրոջը ըսած բոլոր խօսքերը պիտի կատարենք»։
4 Մովսէս Տէրոջը բոլոր խօսքերը գրեց ու առտու կանուխ ելաւ ու լերանը տակ սեղան շինեց, տասներկու արձան կանգնեցուց, սրայէլի տասներկու ցեղերուն համեմատ։
5 Եւ Իսրայէլի որդիներէն պատանիներ ղրկեց, որոնք ողջակէզներ մատուցանեցին եւ խաղաղութեան զոհերու համար զուարակներ զոհեցին Տէրոջը։
6 Մովսէս արիւնին կէսը առաւ ու կոնքերու մէջ դրաւ եւ արիւնին կէսը սեղանին վրայ սրսկեց։
7 Ապա՝ առաւ ուխտին գիրքը ու ժողովուրդին առջեւ կարդաց եւ անոնք ըսին. «Տէրոջը բոլոր ըսածը պիտի կատարենք ու անոր պիտի հնազանդինք»։
8 Մովսէս առաւ արիւնը ու ժողովուրդին վրայ սրսկեց ու ըսաւ. «Ահա բոլոր այս խօսքերուն համաձայն՝ Տէրոջը ձեզի հետ ըրած ուխտին արիւնը»։
9 Այն ատեն Մովսէս ու Ահարոն, Նադաբ ու Աբիուդ եւ Իսրայէլի ծերերէն եօթանասուն հոգի ելան
10 Եւ Իսրայէլի Աստուածը տեսան ու անոր ոտքերուն տակ շափիւղայով սալարկուածի պէս էր եւ պայծառութեամբ՝ բուն երկնքին պէս։
11 Իսրայէլի որդիներէն ընտրեալներուն վրայ իր ձեռքը չերկնցուց եւ Աստուած տեսան ու կերան ու խմեցին։
12 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ելի՛ր ինծի ու հոն կայնէ՛։ Քեզի պիտի տամ քարեղէն տախտակներն ու իմ դրած օրէնքս եւ պատուիրանքներս՝ որպէս զի անոնց սորվեցնես»։
13 Եւ Մովսէս ու անոր պաշտօնեան՝ Յեսուն՝ ելան եւ Մովսէս Աստուծոյ լեռը ելաւ
14 Եւ ըսաւ ծերերուն. «Դուք հոս մեզի սպասեցէք, մինչեւ որ ձեզի դառնանք։ Ահա Ահարոն ու Ովր ձեզի հետ են. եթէ մէկը դատ մը ունենայ՝ թող անոնց երթայ»։
15 Մովսէս լեռը ելաւ ու ամպը պատեց լեռը։
16 Տէրոջը փառքը Սինա լերան վրայ հանգչեցաւ։ Ամպը պատեց զանիկա վեց օր եւ եօթներորդ օրը Տէրը ամպին մէջէն կանչեց Մովսէսը։
17 Տէրոջը փառաւոր տեսիլքը լերանը գագաթին վրայ մաշող կրակի պէս էր Իսրայէլի որդիներուն առջեւ։
18 Մովսէս ամպին մէջէն մտաւ ու լեռը ելաւ եւ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր լեռը մնաց։