ԵԼԻՑ
Գլուխ 16
Անոնք չուեցին Եղիմէն, Իսրայէլի բոլոր որդիները եկան Սին անապատը, որ Եղիմի ու Սինայի մէջտեղն է, իրենց Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն երկրորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը։
2 Իսրայէլի որդիները անապատին մէջ Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ տրտունջ ըրին։
3 Իսրայէլին որդիները ըսին անոնց. «Երանի՜ թէ Տէրոջը ձեռքով մեռած ըլլայինք Եգիպտոսի մէջ, երբ մսի կաթսաներուն քովը նստած էինք ու կուշտ հաց կ’ուտէինք. քանզի մեզ այս անապատը հանեցիք, որ բոլոր այս ժողովուրդը անօթութենէ մեռցնէք»։
4 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ահա ես ձեզի երկնքէն հաց պիտի տեղամ եւ ժողովուրդը պիտի ելլէ ու օրէ օր հաւաքէ ամէն մէկ օրուան պէտք եղածը, որպէս զի փորձեմ զանոնք թէ իմ օրէնքիս համեմատ պիտի քալե՞ն թէ ոչ։
5 Վեցերորդ օրը բերածնին թող պատրաստեն։ Անիկա ամէն օրուանին կրկինը պէտք է ըլլայ»։
6 Մովսէս ու Ահարոն ըսին Իսրայէլի բոլոր որդիներուն. «Այս իրիկուն պիտի գիտնաք թէ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանողը Եհովան է։
7 Առաւօտուն պիտի տեսնէք Տէրոջը փառքը, վասն զի Տէրոջը դէմ ձեր ըրած տրտունջը ինք լսեց եւ մենք ո՞վ ենք, որ մեզի դէմ կը տրտնջէք»։
8 Մովսէս ըսաւ. «Երբ Տէրը ձեզի իրիկունը ուտելու միս ու առաւօտուն կշտանալու չափ հաց տայ, պիտի գիտնաք թէ Տէրը լսած է իրեն դէմ ըրած տրտունջնիդ։ Մենք ո՞վ ենք. ձեր տրտունջը մեզի դէմ չէ, հապա Տէրոջը դէմ»։
9 Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին ըսէ՝ ‘Տէրոջը առջեւ մօտեցէ՛ք. վասն զի ձեր տրտունջը լսեցի’»։
10 Երբ Ահարոն Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին կը խօսէր, անոնք դէպի անապատը նայեցան եւ ահա Տէրոջը փառքը ամպին մէջ երեւցաւ։
11 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Իսրայէլի որդիներուն տրտունջը լսեցի. խօսէ անոնց՝ ըսելով.
12 ‘Իրիկուան դէմ միս պիտի ուտէք ու առտուն՝ հացով պիտի կշտանաք եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Եհովան՝ ձեր Աստուածը’»։
13 Իրիկունը լորամարգիներ եկան ու բանակը ծածկեցին եւ առտուն բանակին բոլորտիքը ցօղ իջաւ։
14 Երբ իջած ցօղը վերցաւ, ահա անապատին երեսին վրայ մանր թեփաձեւ բան մը կար, եղեամի պէս մանր, գետնին վրայ։
15 Երբ Իսրայէլի որդիները տեսան, իրարու ըսին. «Ի՞նչ է այս՝ ՝»։ Քանզի ի՛նչ ըլլալը չէին գիտեր։ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Այս է այն հացը, որ Տէրը ձեզի ուտելու տուաւ։
16 Տէրոջը պատուէրն է. հաւաքեցէ՛ք անկէ ամէն մէկդ իր կերածին չափ. ամէն մէկդ իր վրանին մէջ եղողներուն համար ձեր հոգիներուն համրանքին նայելով, մարդ գլուխ մէկմէկ օմէր առէք»։
17 Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին։ Ոմանք շատ եւ ոմանք քիչ հաւաքեցին։
18 Երբ օմէրով կը չափէին, շատ ունեցողինը չաւելցաւ ու քիչ ունեցողինը չպակսեցաւ։ Ամէն մէկը իր կերածին չափ հաւաքեց։
19 Մովսէս ըսաւ անոնց. «Մէ՛կը մինչեւ առտու չպահէ»։
20 Բայց մտիկ չըրին Մովսէսին, հապա ոմանք թողուցին անկէ մինչեւ առտու, բայց որդնոտեցաւ ու հոտեցաւ։ Մովսէս բարկացաւ անոնց։
21 Ամէն առտու կը հաւաքէին անկէ, ամէն մէկը իր կերածին չափ ու արեւը տաքցածին պէս կը հալէր։
22 Վեցերորդ օրը կրկնապատիկ ուտելիք, այսինքն ամէն մէկուն համար երկու օմէր, հաւաքեցին եւ ժողովուրդին բոլոր իշխանները եկան ու պատմեցին Մովսէսին։
23 Անիկա ըսաւ անոնց. «Այս է Տէրոջը ըսածը. ‘Վաղը հանգստութեան սուրբ շաբաթն է Տէրոջը, ուրեմն ինչ որ պիտի եփէք՝ եփեցէ՛ք եւ ինչ որ պիտի եռացնէք՝ եռացուցէ՛ք ու ինչ որ կ’աւելնայ՝ ձեզի համար յաջորդ օրուան պահեցէք’»։
24 Աւելցածը առտուան համար թողուցին, Մովսէսին հրամայածին պէս եւ ո՛չ հոտեցաւ, ո՛չ ալ անոր մէջ որդ ինկաւ։
25 Եւ Մովսէս ըսաւ. «Այսօր կերէ՛ք զայն, վասն զի այսօր շաբաթ է Տէրոջը. այսօր դաշտին մէջ անկէ պիտի չգտնէք։
26 Վեց օր պիտի հաւաքէք զանիկա. բայց եօթներորդ օրը, որ շաբաթ է, պիտի չգտնուի»։
27 Սակայն եօթներորդ օրը ժողովուրդէն ոմանք հաւաքելու ելան, բայց չգտան։
28 Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Մինչեւ ե՞րբ չէք ուզեր պահել իմ պատուիրանքներս ու օրէնքներս։
29 Նայեցէ՛ք, Տէրը տուաւ ձեզի շաբաթը, անոր համար վեցերորդ օրը ինք ձեզի երկու օրուան հաց կու տայ. ամէն մէկդ իր տեղը թող նստի. մէ՛կը իր տեղէն թող չելլէ՛ եօթներորդ օրը»։
30 Ժողովուրդը հանգստացաւ եօթներորդ օրը։
31 Իսրայէլի որդիները անոր անունը Ման դրին ու այն գինձի սերմի պէս ճերմակ ու անոր համը մեղրով շինուած գաթայի պէս էր։
32 Մովսէս ըսաւ. «Տէրոջը հրամանն է. ‘Անկէ օմէր մը լեցուցէք՝ որպէս զի ձեր ազգերուն մէջ պահուի. որպէս զի անոնք տեսնեն այն հացը, որ ձեզի կերցուցի անապատին մէջ, երբ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի’»։
33 Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Սափոր մը ա՛ռ ու անոր մէջ օմէր մը լեցուն մանանայ դիր եւ զանիկա ձեր ազգերուն մէջ պահուելու համար Տէրոջը առջեւ դիր»։
34 Ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց, այնպէս Ահարոն վկայութեան առջեւ դրաւ զանիկա, որպէս զի պահուի։
35 Իսրայէլի որդիները քառասուն տարի կերան մանանան, մինչեւ որ շէն երկիր հասան։ Մանանան կերան, մինչեւ որ Քանանի երկրին սահմանը հասան։
36 Օմէրը արդուին մէկ տասներորդ մասն է։