ԵԼԻՑ
Գլուխ 19
Երրորդ ամսուան մէջ՝ Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսէն ելլելէն ետքը, նոյն օրը Սինայի անապատը հասան։
2 Քանզի Ռափիդիմէ չուեցին ու Սինայի անապատը գացին ու անապատին մէջ բանակ դրին։ Իսրայէլ հոն լերանը դէմ բանակ դրաւ։
3 Մովսէս Աստուծոյ ելաւ ու Տէրը լեռնէն կանչեց զանիկա՝ ըսելով. «Յակոբին տանը այսպէս ըսես եւ Իսրայէլին որդիներուն իմացնես.
4 ‘Դուք տեսաք ինչ որ ըրի Եգիպտացիներուն եւ ինչպէս ձեզ արծիւի թեւերուն վրայ վերցուցի ու քովս բերի։
5 Եւ հիմա եթէ իրաւցընէ իմ ձայնիս հնազանդիք ու իմ ուխտս պահէք, դուք ինծի սեպհական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերէն. վասն զի բոլոր երկիր իմս է։
6 Դուք ինծի քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ մը պիտի ըլլաք. Իսրայէլի որդիներուն ըսելիք խօսքերս ասոնք են’»։
7 Մովսէս եկաւ ու ժողովուրդին ծերերը կանչեց եւ Տէրոջը իրեն պատուիրած այս բոլոր խօսքերը անոնց առջեւ կրկնեց։
8 Բոլոր ժողովուրդը միաբերան պատասխանեցին ու ըսին. «Տէրոջը բոլոր ըսածները պիտի ընենք»։ Մովսէս ժողովուրդին խօսքերը Տէրոջը իմացուց։
9 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ահա ես քեզի կու գամ թանձր ամպի մը մէջ, որպէս զի ժողովուրդը լսէ՝ երբ ես քեզի հետ խօսիմ ու նաեւ միշտ քեզի հաւատայ»։ Մովսէս ժողովուրդին խօսքերը Տէրոջը պատմեց։
10 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛ ժողովուրդին եւ զանոնք սրբէ այսօր ու վաղը եւ թող իրենց լաթերը լուան։
11 Երրորդ օրուան համար պատրաստ ըլլան. քանզի երրորդ օրը Տէրը բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ Սինա լերան վրայ պիտի իջնէ։
12 Դուն ժողովուրդին բոլորտիքը սահման դիր ու ըսէ՝ ‘Զգուշացէ՛ք լեռը ելլելէ կամ անոր ծայրին դպչելէ։ Ով որ լերանը դպչի, անշուշտ պիտի մեռցուի’։
13 Անոր ձեռք չդպչի. քանզի դպչողը անպատճառ պիտի քարկոծուի կամ նետով զարնուի. անասուն ըլլայ թէ մարդ՝ պիտի չապրի։ Երբ փողին ձայնը երկար հնչուի, անոնք լեռը պիտի ելլեն»։
14 Մովսէս լեռնէն ժողովուրդին քով իջաւ ու սրբեց ժողովուրդը եւ անոնք իրենց լաթերը լուացին։
15 Անիկա ըսաւ ժողովուրդին. «Երրորդ օրուան համար պատրաստ եղէք. ձեր կիներուն մի՛ մերձենաք»։
16 Երրորդ օրը առտուն որոտումներ ու կայծակներ կ’ըլլային եւ թանձր ամպ մը կար լերանը վրայ ու խիստ սաստիկ փողի ձայն մը եւ բանակին մէջ եղած բոլոր ժողովուրդը զարհուրեցաւ։
17 Մովսէս բանակէն Աստուծոյ առջեւ հանեց ժողովուրդը եւ անոնք լերանը տակ կայնեցան։
18 Սինա լեռը բոլորովին կը մխար, վասն զի Տէրը անոր վրայ կրակով իջաւ ու անոր մուխը հնոցի մուխի պէս կ’ելլէր եւ բոլոր լեռը սաստիկ կը դողար։
19 Եւ քանի որ փողին ձայնը շատ կը սաստկանար, Մովսէս խօսեցաւ ու Աստուած ձայնով մը անոր պատասխան տուաւ։
20 Տէրը Սինա լերանը վրայ՝ լերանը գլուխը իջաւ ու Տէրը կանչեց Մովսէսը լերանը գլուխը եւ Մովսէս ելաւ։
21 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Իջի՛ր եւ ժողովուրդին պատուիրէ՛, որ չըլլայ թէ Տէրը տեսնելու համար սահմանէն անցնին ու կորսուին։
22 Տէրոջը մօտեցող քահանաներն ալ թող սրբուին, որ չըլլայ թէ Տէրը անոնց վրայ յարձակի»։
23 Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. «Ժողովուրդը չի կրնար ելլել Սինա լեռը, վասն զի դուն մեզի պատուիրեցիր՝ ըսելով. ‘Սահման դի՛ր լերանը ու զանիկա սրբէ՛»։
24 Տէրը ըսաւ անոր. «Գնա՛, վա՛ր իջիր ու Ահարոնին հետ մէկտեղ ելի՛ր. բայց քահանաներն ու ժողովուրդը Տէրոջը ելլելու համար սահմանէն չանցնին, որ չըլլայ թէ անոնց վրայ յարձակի»։
25 Ու Մովսէս ժողովուրդին քով իջաւ եւ այնպէս խօսեցաւ անոնց։