ԵԼԻՑ
Գլուխ 26
«Խորանը շինէ՛ տասը վարագոյրներով՝ մանուած բարակ քթանէ ու կապուտակէ եւ ծիրանեգոյնէ ու կրկնակի կարմիրէ. վարպետի գործ շինէ՛ զանոնք քերովբէներով։
2 Մէկ վարագոյրին երկայնութիւնը քսանըութը կանգուն եւ մէկ վարագոյրին լայնութիւնը չորս կանգուն պէտք է ըլլայ։ Բոլոր վարագոյրներուն չափը նոյնը պէտք է ըլլայ։
3 Հինգ վարագոյրները իրարու թող կցուին եւ միւս հինգ վարագոյրները՝ իրարու։
4 Կցուածքին ծայրի մէկ վարագոյրին եզերքին վրայ կապուտակեայ օղակներ շինէ՛. միւս կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքն ալ նոյնպէս։
5 Մէկ վարագոյրին վրայ յիսուն օղակ շինէ՛ եւ միւս կցուածքին վրայ եղած վարագոյրին վրայ ալ յիսուն օղակ շինէ՛։ Օղակները դէմ դիմաց պէտք է ըլլան։
6 Յիսուն կարթաձեւ ոսկի ճարմանդներ շինէ՛։ Վարագոյրները ճարմանդներով կոճկէ՛ եւ խորան մը թող ըլլայ։
7 Խորանին վրայ ծածկոց ըլլալու համար այծի մազէ վարագոյրներ շինէ։ Տասնըմէկ վարագոյրներ շինէ՛։
8 Մէկ վարագոյրին երկայնութիւնը երեսուն կանգուն եւ մէկ վարագոյրին լայնութիւնը չորս կանգուն ըլլայ. տասնըմէկ վարագոյրներուն չափը նոյնը ըլլայ։
9 Հինգ վարագոյրները զատ ու վեց վարագոյրները զատ կցէ՛ եւ վեցերորդ վարագոյրը խորանին առջեւի կողմէն երկպատիկ ըրէ՛։
10 Կցուածքին ծայրը եղած մէկ վարագոյրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ ու միւս կցուածքին ծայրը եղած վարագոյրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ շինէ՛։
11 Պղնձէ յիսուն կարթաձեւ ճարմանդներ շինէ՛ ու ճարմանդները օղակներուն անցո՛ւր եւ վրանը կոճկէ, որպէս զի մէկ կտոր ըլլայ։
12 Վրանին վարագոյրներէն աւելորդ մնացածը, այսինքն վարագոյրին աւելցած կէսը, խորանին ետեւէն թող կախուած մնայ։
13 Վրանին վարագոյրներուն երկայնութենէն մէկ կանգուն մէկ կողմէն ու մէկ կանգուն միւս կողմէն աւելցածը խորանին քովերը թող կախուած մնան՝ զանիկա մէկ կողմէն ու միւս կողմէն ծածկելու համար։
14 Վրանին համար կարմիր ներկուած խոյի մորթերէն ծածկոց մը ու անոր վրայէն թէհաշի մորթերէն ծածկոց մը շինէ՛։
15 Խորանին տախտակները Սատիմի փայտէ շինէ՛, որպէս զի կանգնած մնան։
16 Մէկ տախտակին երկայնութիւնը տասը կանգուն եւ լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն պէտք է ըլլայ։
17 Ամէն մէկ տախտակը երկերկու ագուցիկ ծայրեր թող ունենայ՝ իրարու յարմարած։ Խորանին բոլոր տախտակները նոյնպէս ըլլան։
18 Խորանին տախտակներ շինէ՛։ Հարաւային կողմը քսան տախտակ շինէ՛։
19 Եւ տախտակներուն տակ քառասուն արծաթ խարիսխ շինէ՛։ Մէկ տախտակին տակ իր երկու ագուցիկ ծայրը անցընելու համար երկու խարիսխ եւ միւս տախտակին տակ իր երկու ծայրը անցընելու համար երկու խարիսխ պէտք է ըլլայ։
20 Խորանին միւս կողմին համար՝ հիւսիսային կողմը՝ քսան տախտակ,
21 Անոնց քառասուն արծաթ խարիսխներ։ Մէկ տախտակին տակ երկու խարիսխ ու միւս տախտակին տակ երկու խարիսխ շինէ՛։
22 Խորանին ետեւի կողմին համար՝ արեւմտեան կողմը վեց տախտակ շինէ՛։
23 Խորանին անկիւններուն համար ետեւի կողմը երկու տախտակ շինէ՛։
24 Վարէն թող կցուին ու վերէն մէկ օղակով կցուած մէկ կտոր թող ըլլան։ Երկուքն ալ նոյնպէս պէտք է ըլլան։ Անոնք երկու անկիւններուն համար պիտի ըլլան։
25 Այսպէս՝ ասոնք ութը տախտակ պիտի ըլլան ու անոնց արծաթ խարիսխները տասնըվեց խարիսխ պիտի ըլլան։ Մէկ տախտակին տակ երկու խարիսխ թող ըլլայ։
26 Սատիմի փայտէ նիգեր շինէ՛։ Խորանին մէկ քովի տախտակներուն համար՝ հինգ նիգ,
27 Խորանին միւս քովի տախտակներուն համար՝ հինգ նիգ ու դէպի արեւմուտք խորանին ետեւի կողմի տախտակներուն համար հինգ նիգ պետք է ըլլայ։
28 Եւ մէջտեղի նիգը, այսինքն տախտակներուն մէջտեղ եղածը, մէկ ծայրէն միւս ծայրը թող անցնի։
29 Եւ տախտակները ոսկիով պատէ՛ ու անոնց օղակները, այսինքն նիգերուն տեղերը, ոսկիէ շինէ՛։ Նիգերը ոսկիով պատէ՛։
30 Խորանը կանգնեցուր այն ձեւին համաձայն, որ լերանը վրայ քեզի ցուցուեցաւ։
31 Կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ վարագոյրը մը շինէ՛։ Անիկա վարպետի գործ պիտի ըլլայ՝ քերովբէներով։
32 Զանիկա Սատիմի փայտէ չորս ոսկեպատ սիւներու վրայ դի՛ր։ Անոնց ճանկերը ոսկի պէտք է ըլլան ու չորս արծաթ խարիսխներու վրայ թող ըլլան։
33 Վարագոյրը ճարմանդներէն վար կախէ՛ ու հոն վարագոյրին ներսի կողմը վկայութեան տապանակը բեր։ Վարագոյրը ձեզ պիտի բաժնէ սրբութիւնին ու սրբութիւն սրբութեանցին մէջտեղ։
34 Եւ քաւութիւնը վկայութեան տապանակին վրայ՝ սրբութիւն սրբութեանցին մէջ դի՛ր։
35 Վարագոյրին դուրսիդին սեղանը ու սեղանին դէմ խորանին հարաւային կողմը՝ աշտանակը դի՛ր ու սեղանը հիւսիսային կողմը դի՛ր։
36 Վրանին դրանը կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ նկարագործ դրան վարագոյր մը շինէ՛։
37 Դրան վարագոյրին համար Սատիմի փայտէ հինգ սիւն շինէ՛ ու զանոնք ոսկիով պատէ՛ եւ անոնց ճանկերը ոսկիէ թող ըլլան ու անոնց համար պղնձէ հինգ խարիսխ ձուլէ՛։