ԵԼԻՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40


Գլուխ 29

«Հետեւեալները ըրէ՛ զանոնք սրբելու համար, որպէս զի ինծի քահանայ ըլլան. արջառներէն զուարակ մը ու երկու անարատ խոյ պիտի առնես,
2 Անխմոր հաց ու իւղով շաղուած անխմոր շօթեր եւ իւղով օծուած անխմոր լաւաշներ պիտի առնես։ Ասոնք ցորենի բարակ ալիւրով պիտի շինես
3 Եւ սակառի մը մէջ պիտի դնես ու զուարակն ու երկու խոյերը պիտի մօտեցնես։
4 Ահարոնն ու անոր որդիները վկայութեան խորանին դրանը պիտի մօտեցնես ու զանոնք ջրով պիտի լուաս։
5 Զգեստները պիտի առնես ու շապիկը եւ եփուտին պատմուճանը ու եփուտը եւ լանջապանակը Ահարոնին պիտի հագցնես ու եփուտին ժապաւէնովը պիտի գօտեւորես զանիկա։
6 Խոյրը անոր գլուխը պիտի դնես ու խոյրին վրայ՝ սուրբ պսակը։
7 Եւ օծման իւղը պիտի առնես ու անոր գլխուն վրայ թափելով՝ պիտի օծես զանիկա։
8 Անոր որդիները պիտի մօտեցնես ու անոնց շապիկներ պիտի հագցնես
9 Եւ գօտիներով պիտի գօտեւորես զանոնք՝ այսինքն Ահարոնն ու անոր որդիները։ Անոնց գլուխը ապարօշներ պիտի փաթթես, որպէս զի քահանայութիւնը անոնցը ըլլայ յաւիտենական կանոնով։ Այսպէս պիտի օրհնես Ահարոնը ու անոր որդիները։
10 Եւ զուարակը վկայութեան խորանին առջեւ պիտի մօտեցնես ու Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքը զուարակին գլխուն վրայ պիտի դնեն։
11 Եւ վկայութեան խորանին դրանը քով՝ Տէրոջը առջեւ պիտի մորթես զուարակը։
12 Եւ զուարակին արիւնէն պիտի առնես ու մատովդ սեղանին եղջիւրներուն վրայ պիտի քսես եւ մնացած բոլոր արիւնը սեղանին տակ պիտի թափես։
13 Եւ փորոտիքը ծածկող ճարպն ու լեարդին վրայ եղած թաղանթը եւ երկու երիկամունքը ու անոնց վրայ եղած ճարպը պիտի առնես եւ սեղանին վրայ այրես։
14 Բայց զուարակին միսը ու անոր մորթը եւ անոր աղբը բանակին դուրսիդին կրակով պիտի այրես, արպէս մեղքի պատարագ։
15 Խոյերուն մէկը պիտի առնես եւ Ահարոն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը խոյին գլխուն վրայ պիտի դնեն։
16 Այն խոյը պիտի մորթես ու անոր արիւնը առնես եւ սեղանին վրայ շրջանակաձեւ սրսկես։
17 Խոյը կտոր կտոր պիտի ընես։ Անոր փորոտիքը եւ ոտքերը պիտի լուաս ու զանոնք անոր կտորներուն եւ գլխուն վրայ պիտի դնես։
18 Բոլոր խոյը պիտի այրես սեղանին վրայ։ Այս ողջակէզը Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մըն է։
19 Միւս խոյը պիտի առնես ու Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքերը խոյին գլխուն վրայ պիտի դնեն։
20 Խոյը պիտի մորթես ու արիւնէն պիտի առնես եւ Ահարոնին աջ ականջին բլթակին վրայ ու անոր որդիներուն աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ ու անոնց աջ ոտքին մեծ մատին վրայ պիտի քսես։ Մնացած արիւնը սեղանին վրայ շրջանակաձեւ պիտի սրսկես։
21 Եւ սեղանին վրայ եղած արիւնէն ու օծման իւղէն պիտի առնես եւ Ահարոնին վրայ ու անոր զգեստներուն վրայ եւ անոր հետ իր որդիներուն վրայ ու իր որդիներուն զգեստներուն վրայ պիտի սրսկես։ Անիկա ու անոր զգեստները եւ անոր հետ իր որդիները ու իր որդիներուն զգեստները սուրբ պիտի ըլլան։
22 Ապա պիտի առնես իւղին ճարպն ու դմակը եւ փորոտիքը ծածկող ճարպը եւ լեարդին վրայի թաղանթը ու երկու երիկամունքը եւ անոնց վրայ եղած ճարպը ու աջ զիստը, վասն զի այս քահանային օրհնութեան խոյն է։
23 Տէրոջը առջեւ եղած անխմոր հացի սակառէն մէկ պան հացի ու մէկ իւղով հացի շօթ եւ մէկ լաւաշ պիտի առնես
24 Եւ ամէնքը Ահարոնին ձեռքը ու անոր որդիներուն ձեռքը պիտի դնես եւ զանոնք Տէրոջը ընծայ մատուցանես։
25 Անոնց ձեռքէն պիտի առնես զանոնք ու սեղանին վրայի ողջակէզին վրայ այրես Տէրոջը առջեւ անոյշ հոտի համար։ Ասիկա պատարագ մըն է Տէրոջը։
26 Ահարոնին քահանայ ձեռնադրութեան համար պատրաստուած խոյին երբուծը պիտի առնես ու զանիկա որպէս ընծայ Տէրոջը պիտի մատուցանես։ Եւ այն քու բաժինդ պիտի ըլլայ։
27 Ահարոնին համար ու անոր որդիներուն համար եղած քահանայի ձեռնադրութեան խոյին երերցնելու երբուծը ու բարձրացնելու զիստը պիտի սրբես։
28 Ասիկա յաւիտենական կանոնով Ահարոնին ու անոր որդիներունը պիտի ըլլայ Իսրայէլի որդիներուն կողմէ. վասն զի այս բարձրացնելու ընծայ է եւ պիտի ըլլայ բարձրացնելու ընծայ, Իսրայէլի որդիներէն իրենց խաղաղութեան զոհերէն բուն իրենց բարձրացնելու ընծան Տէրոջը։
29 Ահարոնին սուրբ զգեստները իրմէ ետքը իր որդիներուն պիտի ըլլան, որպէս զի անոնցմով օծուին ու անոնցմով օրհնուին։
30 Անիկա որ իր որդիներէն իր տեղ քահանայ ըլլալով՝ սրբարանին մէջ պաշտամունք կատարելու համար վկայութեան խորանը պիտի մտնէ, զանոնք եօթը օր հագնի։
31 Քահանային օրհնութեան խոյը պիտի առնես ու անոր միսը սուրբ տեղ մը պիտի եփես։
32 Ահարոն ու իր որդիները վկայութեան խորանին դրանը քով պիտի ուտեն խոյին միսը ու սակառին մէջի հացը։
33 Անոնք պիտի ուտեն այն բաները՝ որ իրենց ձեռնադրուելուն ու սրբուելուն համար անոնցմով քաւութիւն եղաւ։ Օտարական մը անոնցմէ պիտի չուտէ, վասն զի ասոնք սուրբ են։
34 Եթէ ձեռնադրութեան միսէն ու հացէն մինչեւ առտու մնայ, այդ աւելցածը կրակով պիտի այրես։ Անիկա պիտի չուտուի, վասն զի սուրբ է։
35 Եւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն բոլոր քեզի ապսպրածիս պէս պիտի ընես։ Եօթը օրուան մէջ պիտի կատարես անոնց օրհնութիւնը։
36 Օրը մէկ զուարակ մեղքի պատարագ պիտի ընես քաւութեան համար ու սեղանին համար քաւութիւն ընելու ատենդ պիտի մաքրես զանիկա եւ սուրբ ընելու համար պիտի օծես զանիկա։
37 Սեղանին համար եօթը օր քաւութիւն պիտի ընես ու սուրբ պիտի ընես զայն եւ սեղանը ամենասուրբ պիտի ըլլայ. ինչ որ սեղանին դպչի սուրբ պիտի ըլլայ։
38 Սեղանին վրայ ընելու զոհդ այս է։ Ամէն օր մէկ տարեկան երկու գառներ՝
39 Մէկ գառը առտուն պիտի մատուցանես ու միւս գառը՝ իրիկուան դէմ։
40 Մէկ գառին հետ մէկ հիմենի քառորդ ծեծուած ձէթով շաղուած մէկ տասնորդ բարակ ալիւր եւ թափելու նուէրին համար մէկ հիմենի քառորդ մը գինի պիտի մատուցանես։
41 Միւս գառը իրիկուան դէմ պիտի զոհես ու առտուան հացի ընծային պէս՝ անոր ըմպելի նուէրին պէս պիտի ընես։ Այս անուշահոտ պատարագ մըն է Տէրոջը։
42 Անիկա ձեր ազգերուն մէջ մշտնջենաւոր ողջակէզ պիտի ըլլայ Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին դրանը քով, ուր ձեզի պիտի հանդիպիմ, քեզի հետ խօսելու համար։
43 Հոն Իսրայէլի որդիներուն պիտի հանդիպիմ ու խորանը իմ փառքովս սուրբ պիտի ըլլայ։
44 Վկայութեան խորանը ու սեղանը պիտի սրբեմ։ Ահարոնն ու անոր որդիներն ալ պիտի սրբեմ, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։
45 Իսրայէլի որդիներուն մէջ պիտի բնակիմ ու անոնց Աստուած պիտի ըլլամ։
46 Անոնք պիտի գիտնան թէ՝ իրենց Տէր Աստուածը ես եմ, որ իրենց մէջ բնակելու համար Եգիպտոսի երկրէն հանեցի զանոնք։ Ես եմ իրենց Տէր Աստուածը»։