ԵԼԻՑ
Գլուխ 40
Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2 «Առաջին ամսուան առաջին օրը կանգնեցուր խորանը, այսինքն վկայութեան վրանը
3 Եւ անոր մէջ դի՛ր վկայութեան տապանակը ու վարագոյրով ծածկէ՛ զայն։
4 Սեղանը ներս բե՛ր ու անոր վրայ շարուելու հացերը շարէ՛ եւ աշտանակը ներս բե՛ր ու անոր ճրագները վառէ՛։
5 Վկայութեան տապանակին առջեւ դի՛ր խունկին ոսկի սեղանը ու խորանին վարագոյրը դի՛ր։
6 Խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին դրանը առջեւ ողջակէզի սեղանը դի՛ր։
7 Վկայութեան վրանին ու սեղանին մէջտեղ դի՛ր աւազանը ու անոր մէջ ջուր դի՛ր։
8 Շուրջանակի սրահը կանգնեցո՛ւր ու սրահին դրանը վարագոյրը դի՛ր։
9 Օծման իւղը ա՛ռ ու խորանը եւ անոր մէջ եղած ամէն բաները օծէ՛ եւ զանիկա ու անոր ամէն անօթները սրբէ՛, որպէս զի սուրբ ըլլան։
10 Ողջակէզի սեղանը ու անոր բոլոր գործիքները օծէ՛, ու սեղանը՝ սրբէ՛ եւ սեղանը ամենասուրբ թող ըլլայ։
11 Աւազանը ու անոր խարիսխը օծէ՛ ու սրբէ՛ զանիկա։
12 Ահարոնը ու անոր որդիները վկայութեան խորանին դրանը մօտեցո՛ւր ու զանոնք ջրով լուա՛։
13 Ահարոնին հագցո՛ւր սուրբ զգեստները ու օծէ՛ զանիկա եւ սրբէ՛ զանիկա, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընէ։
14 Անոր որդիներն ալ մօտեցո՛ւր ու անոնց շապիկներ հագցո՛ւր։
15 Անոնց հայրը օծածիդ պէս օծէ՛ զանոնք, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։ Անոնց օծումը իրենց ազգերուն մէջ յաւիտենական քահանայութեան համար թող ըլլայ»։
16 Մովսէս Տէրոջը իրեն բոլոր պատուիրածին պէս ըրաւ՝ այնպէս ըրաւ։
17 Երկրորդ տարին, առաջին ամսուան առաջին օրը, խորանը կանգնուեցաւ։
18 Մովսէս կանգնեցուց խորանը ու անոր խարիսխները դրաւ եւ անոր տախտակները կանգնեցուց ու անոր նիգերը անցուց ու սիւները կանգնեցուց։
19 Խորանին վրայ տարածեց վրանը ու վերէն վրանին ծածկոցը անոր վրայ դրաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։
20 Վկայութիւնը առաւ ու տապանակին մէջ դրաւ եւ ձողերը տապանակին վրայ անցուց ու վերէն տապանակին վրայ քաւութիւնը դրաւ։
21 Տապանակը խորանին մէջ բերաւ ու ծածկող վարագոյրը դրաւ եւ վկայութեան տապանակը ծածկեց՝ ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։
22 Վկայութեան վրանին մէջ, խորանին հիւսիսային կողմը, վարագոյրին դուրսիդին դրաւ սեղանը։
23 Անոր վրայ հացերը շարեց Տէրոջը առջեւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։
24 Վկայութեան վրանին մէջ, սեղանին դէմ, խորանին հարաւային կողմը դրաւ աշտանակը։
25 Տէրոջը առջեւ ճրագները վառեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։
26 Վկայութեան վրանին մէջ վարագոյրին առջեւ դրաւ ոսկի սեղանը
27 Եւ անոր վրայ անուշահոտ խունկ ծխեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։
28 Խորանին դրանը վարագոյրը դրաւ։
29 Եւ խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին, դրանը քով ողջակէզին սեղանը դրաւ ու անոր վրայ ողջակէզը ու հացի ընծան մատուցանեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։
30 Վկայութեան վրանին ու սեղանին մէջտեղ դրաւ աւազանը եւ անոր մէջ լուացուելու համար ջուր դրաւ։
31 Մովսէս ու Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքերն ու ոտքերը անկէ կը լուային։
32 Վկայութեան վրանը մտած ատեննին եւ սեղանին մօտենալու ատեննին կը լուացուէին, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։
33 Խորանին ու սեղանին բոլորտիքը սրահը կանգնեցուց եւ սրահին դրանը վարագոյրը դրաւ։ Այսպէս Մովսէս բոլոր գործը լմնցուց։
34 Ամպ մը ծածկեց վկայութեան վրանը եւ Տէրոջը փառքը լեցուց խորանը։
35 Մովսէս չէր կրնար մտնել վկայութեան վրանը վասն զի ամպը անոր վրայ կը կենար ու Տէրոջը փառքը լեցուցեր էր խորանը։
36 Իսրայէլի որդիները իրենց բոլոր ճամբորդութիւններուն մէջ՝ երբ ամպը խորանին վրայէն վերնար, այն ատեն կը չուէին։
37 Եթէ ամպը չվերնար, մինչեւ անոր վերնալու օրը չէին չուեր։
38 Քանզի ցորեկը Տէրոջը ամպը խորանին վրայ էր եւ գիշերը անոր վրայ կրակ կար, Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին առջեւ՝ իրենց բոլոր ճամբորդութիւններուն մէջ։