Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 24

Տէրոջը բարկութիւնը նորէն Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ ու Դաւիթը անոնց դէմ գրգռեց, ըսելով. «Գնա՛, Իսրայէլն ու Յուդան համրէ՛»։
2 Թագաւորը իր քով եղող Յովաբ զօրապետին ըսաւ. «Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն մէջ, Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ, պտըտէ ու ժողովուրդը համրեցէք, որպէս զի ժողովուրդին թիւը գիտնամ»։
3 Յովաբ ըսաւ թագաւորին. «Քու Տէր Աստուածդ, ժողովուրդը որչափ որ է, հարիւրապատիկ աւելցնէ ու իմ թագաւոր տիրոջս աչքերը տեսնեն. բայց իմ թագաւոր տէրս ինչո՞ւ համար այս բանին կը ցանկայ»։
4 Բայց երբ թագաւորը պարտադրեց, որ Յովաբ եւ զօրավարները իրեն հնազանդին, Յովաբ զօրավարներուն հետ թագաւորին առջեւ ելաւ, որպէս զի Իսրայէլի ժողովուրդը համրէ։
5 Եւ Յորդանանէն անցան ու Գադի ձորին մէջ եղող քաղաքին աջ կողմը՝ Արոէր բանակեցան։ Ետքը Յազեր
6 Եւ Գաղաադ ու Թաքթիմադասի երկիրը գացին։ Անկէ՝ Դանեաան ու Սիդոնի շրջակաները։
7 Անկէ Տիւրոսի ամրոցն ու Խեւացիներուն ու Քանանացիներուն բոլոր քաղաքները գացին եւ Յուդայի հարաւային կողմը Բերսաբէէ հասան։
8 Բոլոր երկիրը պտըտեցան եւ ինը ամիսէն ու քսան օրէն ետքը Երուսաղէմ դարձան։
9 Յովաբ ժողովուրդին համրանքին ցուցակը թագաւորին տուաւ։ Իսրայէլի մէջ ութ հարիւր հազար սուր քաշող պատերազմիկ կար եւ Յուդայեանները հինգ հարիւր հազար հոգի էին։
10 Դաւիթ ժողովուրդը համրելէն ետքը՝ իր խղճմտանքը զինք նեղեց։ Դաւիթ Տէրոջը ըսաւ. «Այս ընելով մեծ մեղք գործեցի. ո՛վ Տէր, հիմա քու ծառայիդ այս մեղքը ներէ. քանզի մեծ յիմարութիւն ըրի»։
11 Երբ Դաւիթ առաւօտուն ելաւ, Տէրոջը խօսքը Դաւիթին տեանողին, Գադ մարգարէին, եղաւ՝ ըսելով.
12 «Գնա՛ ու Դաւիթին ըսէ՛, Տէրը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես քեզի երեք բան կ’առաջարկեմ. անոնցմէ մէկը ընտրէ որ քեզի ընեմ’»։
13 Գադ Դաւիթին գալով՝ անոր պատմեց ու անոր ըսաւ. «Եօթը տարի քու երկրիդ վրայ սո՞վ ըլլայ, կամ երեք ամիս քու թշնամիներուդ երեսէն փախչի՞ս ու անոնք քեզ հալածեն, կամ թէ երեք օր քու երկրիդ վրայ ժանտա՞խտ ըլլայ։ Հիմա մտածէ՛ ու ըսէ՛, թէ ի՞նչ պատասխան տանիմ զիս ղրկողին»։
14 Դաւիթ Գադին ըսաւ. «Խիստ մեծ նեղութեան մէջ եմ. աւելի լաւ է Տէրոջը ձեռքը իյնալ, քանզի անոր գթութիւնը շատ է, քան մարդու ձեռք իյնալը»։
15 Տէրը այն առաւօտէն մինչեւ որոշուած ժամանակը Իսրայէլի վրայ ժանտախտ ղրկեց։ Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ ժողովուրդէն եօթանասուն հազար մարդ մեռաւ։
16 Աստուծոյ հրեշտակը ձեռքը Երուսաղէմի վրայ երկնցուց, որպէս զի զանիկա ջնջէ։ Այս չարիքին վրայ Տէրոջը սիրտը իջաւ ու ժողովուրդը ջնջող հրեշտակին ըսաւ. «Հերի՛ք է, ալ ձեռքդ քաշէ՛»։ Տէրոջը հրեշտակը Յեբուսացի Ոռնայի կալին քով էր։
17 Դաւիթ ժողովուրդը զարնող հրեշտակը տեսնելով՝ Տէրոջը ըսաւ. «Ահա ե՛ս մեղանչեցի ու ե՛ս անօրէնութիւն ըրի, բայց այս ոչխարները ի՞նչ ըրին. կ’աղաչեմ, քու ձեռքդ իմ վրաս ու իմ հօրս տանը վրայ թող ըլլայ»։
18 Նոյն օրը Գադ Դաւիթին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Ելի՛ր, Յեբուսացի Ոռնայի կալին մէջ Տէրոջը սեղան մը կանգնեցուր»։
19 Դաւիթ Գադին ըսածին համեմատ վեր ելաւ, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր։
20 Ոռնա նայեցաւ ու երբ տեսաւ, որ թագաւորը եւ անոր ծառաները իրեն կու գան, ելաւ ու երեսը մինչեւ գետինը խոնարհութիւն ըրաւ թագաւորին։
21 Ոռնա ըսաւ. «Արդեօք ի՞նչ պատճառով իմ թագաւոր տէրս իր ծառային եկաւ»։ Դաւիթ ըսաւ. «Այս կալը քեզմէ ծախու առնելու ու Տէրոջը սեղան մը շինելու համար, որպէս զի ժողովուրդին վրայէն հարուածը վերնայ»։
22 Ոռնա ըսաւ Դաւիթին. «Իմ թագաւոր տէրս զանիկա թող առնէ ու իր աչքերուն հաճոյ երեւցածին պէս զոհ ընէ։ Ահա եզները՝ ողջակէզի համար, կամնասայլերն ու եզներուն գործիքները՝ փայտի համար գործածէ»։
23 Ասոնց ամէնքը Ոռնա թագաւորի մը պէս՝ ՝ թագաւորին տուաւ ու Ոռնա՝ թագաւորին ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ քեզ ընդունի»։
24 Բայց թագաւորը Ոռնային ըսաւ. «Ո՛չ. հապա ես զանոնք քեզմէ անշուշտ ստակով ծախու պիտի առնեմ ու ձրի առածս իմ Տէր Աստուծոյս ողջակէզ պիտի չմատուցանեմ»։ Դաւիթ կալը ու եզները յիսուն սիկղ արծաթի ծախու առաւ։
25 Դաւիթ հոն Տէրոջը սեղան շինեց ու անոր վրայ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեց։ Տէրը լսեց անոր աղօթքը երկրին համար ու Իսրայէլի վրայէն հարուածը վերցուեցաւ։