Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 11
Հետեւեալ տարին, թագաւորներուն պատերազմի ելլելու ատենը, Դաւիթ Յովաբը ու անոր հետ իր ծառաներն ու բոլոր Իսրայէլը ղրկեց, որոնք Ամմոնացիները կոտորեցին ու Ռաբբան պաշարեցին. բայց Դաւիթ Երուսաղէմ կը նստէր։
2 Օր մը՝ իրիկուան դէմ՝ Դաւիթ իր անկողնէն ելլելով պալատին տանիքին վրայ կը պտըտէր։ Տանիքին վրայէն կին մը տեսաւ, որ կը լուացուէր։ Այն կինը տեսքով խիստ գեղեցիկ էր։
3 Եւ Դաւիթ մարդ ղրկեց ու այն կնոջ համար հարցուց։ Մէկը ըսաւ. «Ասիկա Քետացի Ուրիային կինը, Էլիամին աղջիկը, Բերսաբէն է»։
4 Դաւիթ պատգամաւորներ ղրկեց ու զանիկա կանչեց։ Երբ կինը անոր եկաւ, Դաւիթ անոր հետ պառկեցաւ։ Անիկա իր անմաքրութենէն դեռ նոր մաքրուած էր։ Ետքը կինը իր տունը գնաց։
5 Կինը յղացաւ ու Դաւիթին լուր ղրկեց՝ ըսելով. «Ես յղի եմ»։
6 Դաւիթ Յովաբին հրաման ղրկեց ու ըսաւ. «Քետացի Ուրիան ինծի ղրկէ»։ Յովաբն ալ Ուրիան Դաւիթին ղրկեց։
7 Երբ Ուրիա անոր եկաւ, Դաւիթ Յովաբին ողջութիւնը ու զօրքին ողջութիւնը ու պատերազմին վիճակը հարցուց։
8 Դաւիթ Ուրիային ըսաւ. «Տունդ իջիր ու ոտքերդ լուա՛»։ Ուրիա թագաւորին պալատէն ելածին պէս, անոր ետեւէն թագաւորէն պարգեւ գնաց։
9 Բայց Ուրիա իր տիրոջը բոլոր ծառաներուն հետ՝ պալատին դուռը պառկեցաւ ու իր տունը չիջաւ։
10 Երբ Դաւիթին պատմեցին ու ըսին թէ՝ Ուրիա իր տունը չիջաւ, Դաւիթ Ուրիային ըսաւ. «Դուն ճամբայէ չե՞ս եկեր, ինչո՞ւ համար քու տունդ չես իջներ»։
11 Ուրիա ըսաւ Դաւիթին. «Տապանակը ու Իսրայէլը ու Յուդան վրաններու մէջ կը նստին եւ իմ տէրս Յովաբն ու իմ տիրոջս ծառաները բաց դաշտի մէջ կը բնակին, ես ուտելու ու խմելու եւ կնոջս հետ պառկելու համար իմ տո՞ւնս երթամ։ Դուն կենդանի ես ու քու հոգիդ կենդանի է, որ ես այդ բանը չեմ ըներ»։
12 Դաւիթ Ուրիային ըսաւ. «Այսօր ալ հոս մնացիր ու վաղը քեզ պիտի ղրկեմ»։ Ուրիա այն օրն ու հետեւեալ օրը Երուսաղէմի մէջ մնաց։
13 Դաւիթ հրաւիրեց զանիկա, որ անոր առջեւ կերաւ, խմեց ու Դաւիթ զանիկա գինովցուց։ Ուրիա իրիկունը իր տիրոջը ծառաներուն քով իր անկողնին մէջ պառկեցաւ, բայց իր տունը չգնաց։
14 Առաւօտուն Դաւիթ նամակ մը գրեց Յովաբին եւ Ուրիային ձեռքով ղրկեց։
15 Նամակին մէջ գրեց ու ըսաւ. «Ուրիան խիստ սաստիկ պատերազմին մէջ դրէ՛ք ու դուք ե՛տ քաշուեցէք, որպէս զի զարնուի ու մեռնի»։
16 Երբ Յովաբ քաղաքը պաշարեց, Ուրիան այնպիսի տեղ մը դրաւ՝ ուր զօրաւոր մարդոց գտնուիլը գիտէր։
17 Քաղաքին մարդիկը ելան ու Յովաբին հետ պատերազմ ըրին եւ զօրքէն, Դաւիթին ծառաներէն ինկան ու Քետացի Ուրիան ալ մեռաւ։
18 Յովաբ պատգամաւոր մը ղրկեց ու պատերազմին բոլոր պարագաները Դաւիթին իմացուց։
19 Պատգամաւորին պատուիրելով՝ ըսաւ. «Պատերազմին բոլոր դիպուածները թագաւորին պատմելէդ ետքը,
20 Եթէ թագաւորին բարկութիւնը ելլէ ու քեզի ըսէ թէ ‘Ինչո՞ւ պատերազմելու համար քաղաքին մօտեցաք. չէի՞ք գիտեր թէ պարսպէն նետ կը նետեն,
21 Յերոբաաղին որդին Աբիմելէքը ո՞վ մեռցուց. չէ՞ որ կին մը պարսպին վրայէն երկանաքարի կտոր մը նետեց անոր վրայ, որ անիկա Թեբէսի մէջ մեռաւ։ Պարսպին ինչո՞ւ մօտեցաք’, այն ատեն ըսէ՝ ‘Քու ծառադ Քետացի Ուրիան ալ մեռաւ’»։
22 Պատգամաւորը գնաց ու Յովաբին բոլոր իրեն պատուիրածը Դաւիթին պատմեց։
23 Պատգամաւորը Դաւիթին ըսաւ. «Այն մարդիկը մեր վրայ ուժովցան ու մեզի դէմ դաշտը ելան. բայց մենք մինչեւ քաղաքին դուռը հալածեցինք զանոնք՝ ՝։
24 Աղեղնաւորները պարսպին վրայէն քու ծառաներուդ նետեր նետեցին ու թագաւորին ծառաներէն մէկ քանիները մեռան եւ քու ծառադ Քետացի Ուրիան ալ մեռաւ»։
25 Այն ատեն Դաւիթ պատգամաւորին ըսաւ. «Յովաբին այսպէս ըսէ. ‘Այս բանը քու աչքերուդ գէշ չերեւնայ. քանզի սուրը երբեմն ասիկա կ’ուտէ ու երբեմն՝ անիկա, քաղաքին վրայ պատերազմը սաստկացուր եւ զանիկա փլցուր’ ու դուն ալ քաջալերէ՛ զանիկա»։
26 Ուրիային կինը իր էրկանը մեռնիլը լսելով՝ իր էրկանը համար սուգ ըրաւ։
27 Երբ սուգը անցաւ, Դաւիթ մարդ ղրկեց ու զանիկա իր տունը առաւ եւ անիկա անոր կինը եղաւ ու անոր որդի մը ծնաւ։ Բայց Դաւիթին այս ըրած բանը Տէրոջը աչքերուն գէշ երեւցաւ։