Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 21

Դաւիթին օրերը իրարու ետեւէ երեք տարի սով եղաւ։ Դաւիթ Տէրոջը հարցուց։ Տէրը ըսաւ. «Ասիկա Սաւուղին ու անոր արիւնահեղ տանը համար է, քանզի անիկա Գաբաւոնացիները մեռցուց»։
2 Թագաւորը Գաբաւոնացիները կանչեց ու անոնց խօսեցաւ (Գաբաւոնացիները Իսրայէլի որդիներէն չէին, այլ Ամօրհացիներու մնացորդէն էին ու Իսրայէլի որդիները անոնց երդում ըրեր էին. բայց Սաւուղ Իսրայէլի ու Յուդայի որդիներուն դէմ բարկացած ըլլալուն համար՝ զանոնք զարնել ուզեր էր։)
3 Եւ Դաւիթ Գաբաւոնացիներուն ըսաւ. «Ձեզի ի՞նչ ընեմ ու ինչո՞վ քաւութիւն ընեմ, որպէս զի Տէրոջը ժառանգութիւնը օրհնէք»։
4 Գաբաւոնացիները անոր ըսին. «Սաւուղէն ու անոր տունէն արծաթ կամ ոսկի չենք ուզեր ու Իսրայէլէն մարդ մը մեռցնել չենք ուզեր»։ Դաւիթ ըսաւ. «Դուք ինչ որ ըսէք՝ ձեզի պիտի ընեմ»։
5 Անոնք թագաւորին ըսին. «Այն մարդը որ մեզ ջարդեց ու մեզ այնպէս կորսնցնել ուզեց, որպէս զի ամենեւին Իսրայէլի սահմաններուն մէջ չգտնուինք,
6 Անոր որդիներէն մեզի եօթը մարդ տուէք, որպէս զի զանոնք Տէրոջը ընտրեալ Սաւուղին Գաբաային մէջ Տէրոջը համար կախենք»։ Թագաւորը «Կու տամ», ըսաւ։
7 Թագաւորը Սաւուղեան Յովնաթանին որդիին Մեմփիբոսթէին խնայեց, Սաւուղին որդիին՝ Յովնաթանին ու Դաւիթին մէջտեղ եղած Տէրոջը երդումին համար։
8 Բայց թագաւորը Այիային աղջկան Ռեսփային երկու որդիները, որոնք Սաւուղին ծներ էր, այսինքն Արմոնին ու Մեմփիբոսթէն եւ Սաւուղին աղջկան Մեղքողին հինգ որդիները, որոնք Մաուլացի Բերզելիին որդիին Եդրիէլին ծներ էր, առաւ
9 Ու զանոնք Գաբաւոնացիներուն ձեռքը տուաւ։ Անոնք ալ զանոնք Տէրոջը առջեւ լերանը վրայ կախեցին։ Եօթն ալ մէկտեղ մեռան։ Անոնք հունձքի առաջին օրերը, գարիի հունձքին սկիզբը մեռցուեցան։
10 Այիային աղջիկը՝ Ռեսփան՝ քուրձ մը առաւ, զանիկա ապառաժի մը վրայ փռեց, հունձքի սկիզբէն մինչեւ անոնց վրայ երկնքէն անձրեւ գալը։ Ցորեկը՝ երկնքի թռչունները ու գիշերը անապատին գազանները չէր թողուր որ անոնց դպչին։
11 Սաւուղին հարճին, Այիային աղջկան Ռեսփային ըրածը Դաւիթին պատմեցին։
12 Դաւիթ գնաց եւ Սաւուղին ու անոր որդիին Յովնաթանին ոսկորները առաւ Գաղաադի Յաբիսի բնակիչներէն, որոնք Բեթսանի հրապարակէն զանոնք գողցեր էին, վասն զի Փղշտացիները զանոնք հոն կախեր էին այն օրը, երբ Փղշտացիները Գեղբուէի վրայ Սաւուղը մեռցուցեր էին։
13 Սաւուղին ոսկորները ու անոր որդիին Յովնաթանին ոսկորները անկէ վերցուց ու կախուածներուն ոսկորներն ալ հաւաքեցին։
14 Սաւուղին ու անոր որդիին Յովնաթանին ոսկորները Բենիամինին երկիրը՝ Սելայի մէջ անոր հօրը Կիսի գերեզմանը թաղեցին ու թագաւորին բոլոր պատուիրածը ըրին։ Անկէ ետքը Աստուած երկրին համար եղած աղօթքը ընդունեց։
15 Փղշտացիները նորէն Իսրայէլի հետ պատերազմ ըրին։ Դաւիթ ու իր ծառաները իրեն հետ ելան ու Փղշտացիներուն հետ պատերազմ ըրին։ Դաւիթ ուժասպառ եղաւ։
16 Յեսբիբենոբ, որ Ռափայի որդիներէն էր, երեք հարիւր սիկղ ծանրութեամբ պղնձէ նիզակ մը ունէր ու մէջքը նոր սուր մը կապեր էր, ուզեց որ Դաւիթը զարնէ։
17 Բայց Շարուհեայի որդին Աբեսսան անոր օգնութեան հասաւ ու Փղշտացին զարկաւ ու մեռցուց։ Այն ատեն Դաւիթին մարդիկը անոր երդում ըրին ու ըսին. «Ասկէ ետքը դուն մեզի հետ պատերազմի մի՛ ելլեր, որպէս զի Իսրայէլի ճրագը չմարի»։
18 Անկէ ետքը նորէն Փղշտացիներուն հետ պատերազմ եղաւ Գովբի մէջ։ Այն ատեն Ովսացի Սովբաք Ռափայի որդիներէն Սեփիան մեռցուց։
19 Նորէն Փղշտացիներուն հետ պատերազմ եղաւ Գովբի մէջ ու Բեթլէհէմացի Արիովրգիմի որդին Ելէանան Գեթացի Գողիաթին եղբայրը զարկաւ, որուն նիզակին բունը ոստայնանկներու գլանին պէս էր։
20 Նորէն Գէթի մէջ պատերազմ եղաւ։ Երկայնահասակ մարդ մը կար, որուն ձեռքերուն մատերը ու ոտքերուն մատերը վեց վեց հատ ըլլալով՝ քսանըչորս մատ ունէր։ Անիկա ալ Ռափայի որդիներէն էր։
21 Անիկա Իսրայէլը նախատեց. բայց Դաւիթին եղբօրը Սամաայի որդին Յովնաթան զանիկա զարկաւ։
22 Այս չորսը Գէթի մէջ Ռափայէն ծներ էին եւ Դաւիթին ձեռքով ու անոր ծառաներուն ձեռքով ինկան։