Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 22
Դաւիթ, այն օրը որ Տէրը զանիկա իր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն ազատեց, այս երգին խօսքերը Տէրոջը խօսեցաւ
2 Ու ըսաւ. «Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է.
3 Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ։ Անիկա իմ վահանս ու իմ փրկութեանս եղջիւրը, Իմ աշտարակս, իմ ապաւէնս ու ազատիչս է։ Զիս անիրաւութենէն դո՛ւն կ’ազատես։
4 Օրհնեալ Տէրը կը կանչեմ Ու իմ թշնամիներէս կ’ազատիմ։
5 Քանզի մահուան ալիքները իմ բոլորտիքս առին Ու անօրէնութեան հեղեղները զիս վախցուցին։
6 Գերեզմանին լարերը զիս պաշարեցին Ու մահուան որոգայթները իմ առջեւս առին։
7 Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը կանչեցի Ու իմ Աստուծոյս աղաղակեցի, Որ իր տաճարէն իմ ձայնս լսեց Ու իմ աղաղակս անոր ականջներուն հասաւ։
8 Այն ատեն երկիրը սասանեցաւ ու դողաց, Երկնքի հիմերը շարժեցան ու սասանեցան, Քանզի անիկա բարկացաւ։
9 Անոր քթէն ծուխ ելաւ Ու բերնէն՝ մաշող կրակ։ Անկէ կայծակներ բռնկեցան։
10 Անիկա երկինքը խոնարհեցուց ու իջաւ Եւ անոր ոտքերուն տակ մառախուղ կար։
11 Քերովբէի վրայ ելաւ ու թռաւ Եւ հովին թեւերուն վրայ երեւցաւ։
12 Խաւարն ու թանձր ջուրերը Ու երկնքի ամպերը իր բոլորտիքը վարագոյր քաշեց։
13 Անոր առջեւ եղող ճառագայթէն Կրակի կայծակներ բռնկեցան։
14 Տէրը երկնքէն որոտաց Ու Բարձրեալը իր ձայնը լսել տուաւ։
15 Նետեր ղրկեց ու զանոնք ցրուեց, Կայծակներ ղրկեց ու զանոնք խռովեցուց։
16 Տէրոջը յանդիմանութիւնովը Ու անոր բարկութեան հովին փչելովը Ծովուն յատակները երեւցան Ու աշխարհիս հիմերը յայտնուեցան։
17 Բարձրէն հասաւ ու զիս բռնեց Եւ շատ ջուրերէն զիս հանեց։
18 Իմ զօրեղ թշնամիէս ու զիս ատողներէն ազատեց զիս, Թէեւ ինծմէ զօրաւոր էին։
19 Իմ նեղութեանս օրը իմ առջեւս առին. Բայց Տէրը ինծի հաստատութեան գաւազան եղաւ։
20 Զիս լայնարձակ տեղ մը հանեց Ու զիս ազատեց, վասն զի ինծի հաւնեցաւ։
21 Տէրը իմ արդարութեանս համեմատ կը վարձատրէ զիս, Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ հատուցում կ’ընէ ինծի։
22 Վասն զի Տէրոջը ճամբաները պահեցի Ու իմ Աստուծոյս դէմ ամբարշտութիւն չըրի։
23 Քանզի անոր բոլոր դատաստանները իմ առջեւս էին Ու անոր օրէնքներէն չհեռացայ։
24 Անոր առջեւ կատարեալ եղայ Ու անօրէնութենէ զգուշացայ։
25 Տէրը ինծի հատուցում ըրաւ իմ արդարութեանս համեմատ, Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ, որ անոր աչքերուն առջեւն է։
26 Ողորմածին հետ ողորմած կ’ըլլաս. Կատարեալ մարդուն հետ կատարեալ կ’ըլլաս։
27 Մաքուրին հետ մաքուր կ’ըլլաս, Ու ծուռին հետ կը ծռիս։
28 Վշտացած ժողովուրդը դո՛ւն կ’ազատես Ու քու աչքերդ ամբարտաւաններուն վրայ են որպէս զի զանոնք ցածցնես։
29 Քանզի իմ ճրագս դուն ես, ո՛վ Տէր, Ու Տէրը իմ խաւարս կը լուսաւորէ։
30 Վասն զի քեզմով գունդ մը կրնամ ջախջախել Ու իմ Աստուծմովս պարիսպէն կ’անցնիմ։
31 Աստուծոյ ճամբան կատարեալ է։ Տէրոջը խօսքերը փորձուած են։ Անիկա ամէն իրեն յուսացողներուն ասպար է։
32 Քանզի Տէրոջմէն զատ ո՞վ է Աստուած, Կամ մեր Աստուծմէն զատ ո՞վ է վէմ։
33 Աստուած իմ զօրաւոր բերդս է, Որ իմ ճամբաս կատարեալ կ’ընէ։
34 Իմ ոտքերս եղջերուի ոտքերուն պէս կ’ընէ Ու իմ բարձր տեղերուս վրայ զիս կը կանգնեցնէ։
35 Ձեռքերս պատերազմի կը վարժեցնէ։ Ու իմ բազուկներս պղնձէ աղեղ կը լարեն՝ ՝։
36 Ինծի քու փրկութեանդ ասպարը տուիր Ու քու քաղցրութիւնդ զիս մեծցուց։
37 Իմ քալելու ճամբաս ներքեւս լայնցուցիր Ու իմ ոտքիս յօդուածները չսասանեցան։
38 Իմ թշնամիներս հալածեցի ու զանոնք ջարդեցի Ու ետ չդարձայ մինչեւ զանոնք հատցուցի։
39 Զանոնք հատցուցի ու գետինը զարկի, որպէս զի չկանգնին. Անոնք իմ ոտքերուս տակ ինկան։
40 Պատերազմի համար ինծի զօրութիւն հագցուցիր Եւ իմ վրաս ելլողները տակս ձգեցիր։
41 Իմ թշնամիներուս կռնակը ինծի դարձնել տուիր՝ ՝ ՝, Որպէս զի զիս ատողները ջարդեմ։
42 Աղաղակեցին, բայց ազատող չկար. Տէրոջը աղաղակեցին, բայց անոնց պատասխան չտուաւ։
43 Այն ատեն զանոնք երկրի փոշիին պէս մանրեցի, Զանոնք փողոցներուն ցեխին պէս կոխեցի ու ճմլեցի։
44 Իմ ժողովուրդիս կռիւներէն զիս ազատեցիր, Ու զիս պահեցիր, որպէս զի ազգերու գլուխ ըլլամ Ու իմ չճանչցած ժողովուրդս ինծի ծառայեց։
45 Օտարները ինծի խոնարհութիւն ըրին՝ ՝. Իրենց ականջներովը լսածնուն պէս՝ ինծի հնազանդեցան։
46 Օտարները տկարացան Ու իրենց պահուըտած տեղերէն դողացին։
47 Տէրը կենդանի է ու իմ Վէմս օրհնեալ ըլլայ Եւ իմ փրկութեանս վէմը՝ Աստուած՝ բարձր ըլլայ։
48 Աստուած է, որ իմ վրէժս կը լուծէ, Ժողովուրդները ինծի կը հնազանդեցնէ։
49 Իմ թշնամիներէս զիս դուրս հանելով Զիս իմ վրաս ելլողներէն աւելի բարձրացուց Ու բռնաւոր մարդէն ազատեց։
50 Ասոր համար, ո՛վ Տէր, ազգերուն մէջ քեզ պիտի գովեմ Ու քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ։
51 Իր թագաւորին փրկութիւնները մեծցնողը Ու իր օծեալին, Դաւիթին ու անոր սերունդին Յաւիտեան ողորմութիւն ընողը՝ Ա՛ն է»։