Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 14
Շարուհեայի որդին Յովաբ իմացաւ, որ թագաւորին սիրտը Աբիսողոմին վրայ է։
2 Յովաբ Թեկուէ մարդ ղրկեց եւ անկէ խելացի կին մը բերել տուաւ ու անոր ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, քեզ սգաւոր ձեւացուր, սուգի հանդերձներ հագիր, իւղով մի՛ օծուիր ու մեռելի մը համար շատոնցմէ սուգ բռնող կնոջ մը պէս եղիր
3 Եւ թագաւորին մտիր ու անոր այս կերպով խօսէ»։ Յովաբ անոր բերանը խօսքեր դրաւ։
4 Այն Թեկուացի կինը թագաւորին մտաւ խօսելու համար՝ ՝ ու երեսի վրայ գետինը իյնալով անոր խոնարհութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, օգնէ՛ ինծի»։
5 Թագաւորը անոր ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ եղաւ»։ Կինը ըսաւ. «Ո՜հ, ես որբեւարի կին մըն եմ ու իմ այրս մեռած է։
6 Քու աղախինդ երկու որդի ունէր։ Երկուքը դաշտի մէջ իրարու հետ ծեծկուեցան։ Անոնց քով հաշտեցնող մը չըլլալուն համար՝ մէկը միւսը զարկաւ ու մեռցուց։
7 Ահա բոլոր ազգատոհմը քու աղախինիդ դէմ ոտքի ելան ու ըսին. ‘Իր եղբայրը մեռցնողը տուր, որպէս զի զանիկա մեռցնենք իր մեռցուցած եղբօրը կեանքին համար ու ժառանգն ալ կորսնցնենք’։ Ինծի մնացած կայծը պիտի մարեն, երկրի վրայ էրկանս անունն ու մնացորդը չպահելով»։
8 Թագաւորը կնոջը ըսաւ. «Տունդ գնա ու ես քեզի համար կը պատուիրեմ»։
9 Թեկուացի կինը թագաւորին ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, մեղքը իմ վրաս ու իմ հօրս տանը վրայ ըլլայ, բայց թագաւորն ու անոր աթոռը անպարտ ըլլայ»։
10 Թագաւորը ըսաւ. «Եթէ քեզի բան մը ըսող ըլլայ, զանիկա ինծի բեր ու անգամ մըն ալ քեզի չի դպչիր»։
11 Անիկա ըսաւ. «Թագաւորը շնորհք ընէ, իր Տէր Աստուածը յիշէ ու չթողու որ արեան վրէժխնդիրները շատնան ապականելու, որ իմ որդիս մեռցնեն»։ Անիկա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ քու որդիիդ գլխէն մազ մը գետինը պիտի չիյնայ»։
12 Այն ատեն կինը ըսաւ. «Թող քու աղախինդ իմ տիրոջս, թագաւորին, խօսք մը ըսէ»։ Ու անիկա՝ «Խօսիր», ըսաւ։
13 Կինը ըսաւ. «Ուրեմն Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ ինչո՞ւ համար այդպիսի բան կը մտածես. որովհետեւ թագաւորը որչափ ատեն որ իր աքսորածը ետ չդարձնէ, այս խօսքերը խօսելով յանցաւորի պէս կ’ըլլայ։
14 Քանզի մենք անշուշտ պիտի մեռնինք ու գետինը թափուած ջուրին կը նմանինք, որ մէյ մըն ալ մէկտեղ չի հաւաքուիր։ Աստուած մարդու մը հոգին չառներ, հապա միջոցներ կը հնարէ, որպէս զի աքսորուածը իրմէ աքսորուած չմնայ։
15 Հիմա ես անոր համար իմ թագաւոր տիրոջս այս խօսքը ըսելու եկայ, քանզի ժողովուրդը զիս վախցուց ու քու աղախինդ ըսաւ. ‘Հիմա թագաւորին հետ խօսիմ, թերեւս թագաւորը իր աղախինին խօսքը կատարէ.
16 Որովհետեւ թագաւորը մտիկ ընելով՝ իր աղախինը պիտի ազատէ այն մարդուն ձեռքէն, որ զիս ու իմ որդիս մէկտեղ Աստուծոյ ժառանգութենէն ջնջել կ’ուզէ’։
17 Եւ աղախինդ ըսաւ. ‘Իմ թագաւոր տիրոջս խօսքը մխիթարութիւն պիտի ըլլայ’. քանզի իմ թագաւոր տէրս Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս է ու բարին ու չարը կը հասկնայ եւ քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ ըլլայ’»։
18 Թագաւորը պատասխան տուաւ ու կնոջը ըսաւ. «Քեզի հարցնելու բանս ինծմէ մի՛ պահեր»։ Կինը ըսաւ. «Իմ թագաւոր տէրս թող հարցնէ»։
19 Թագաւորը ըսաւ. «Արդեօք այս ամէն բանին մէջ Յովաբին ձեռքը քեզի հե՞տ է»։ Կինը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, քու անձդ կենդանի է, որ իմ թագաւոր տիրոջս ըսած բոլոր խօսքերէն բնաւ մէկը աջ դին կամ ձախ դին չի կրնար խոտորիլ. քանզի քու ծառադ Յովաբն է ինծի պատուիրողը ու այս բոլոր խօսքերը քու աղախինիդ բերանը դնողը անիկա է.
20 Այս խօսքին ձեւը դարձնելու համար՝ քու ծառադ Յովաբ այս բանը ըրաւ ու իմ տէրս Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս իմաստուն է՝ բոլոր երկրի վրայ եղած բաները գիտնալու»։
21 Թագաւորը Յովաբին ըսաւ. «Ահա հիմա այս բանը ըրի. գնա՛ Աբիսողոմ պատանին ետ դարձուր»։
22 Այն ատեն Յովաբ երեսին վրայ գետինը ինկաւ եւ անոր խոնարհութիւն ըրաւ ու օրհնեց թագաւորը եւ ըսաւ. «Քու ծառադ այսօր գիտցաւ թէ քու աչքերուդ առջեւ շնորհք գտայ, ո՛վ տէր իմ թագաւոր, քանզի թագաւորը իր ծառային խօսքը կատարեց»։
23 Ու Յովաբ ելաւ Գեսուր գնաց ու Աբիսողոմը Երուսաղէմ բերաւ։
24 Եւ թագաւորը ըսաւ. «Թող իր տունը դառնայ, բայց իմ երեսս չտեսնէ»։ Աբիսողոմ իր տունը դարձաւ, բայց թագաւորին երեսը չտեսաւ։
25 Բոլոր Իսրայէլի մէջ Աբիսողոմին պէս գեղեցիկ ու գովելի մարդ մը չկար։ Անիկա ոտքին թաթէն մինչեւ գլխուն գագաթը արատ մը չունէր։
26 Երբ իր մազերը կը կտրէր, (որովհետեւ տարին անգամ մը մազերը կը կտրէր, քանզի իր վրայ ծանրութիւն կ’ըլլային,) իր գլխուն մազերը կը կշռէր ու թագաւորական կշիռքով երկու հարիւր սիկղ կու գային։
27 Աբիսողոմին երեք տղայ ու Թամար անունով աղջիկ մը ծնաւ։ Անիկա տեսքով գեղեցիկ կին մըն էր։
28 Աբիսողոմ Երուսաղէմի մէջ լման երկու տարի նստաւ, բայց թագաւորին երեսը չտեսաւ։
29 Աբիսողոմ Յովաբին մարդ ղրկեց, որպէս զի զանիկա թագաւորին ղրկէ. բայց անիկա չուզեց անոր երթալ։ Նորէն երկրորդ անգամ մարդ ղրկեց, բայց անիկա երթալ չուզեց։
30 Այն ատեն Աբիսողոմ իր ծառաներուն ըսաւ. «Տեսէ՛ք, Յովաբին արտը իմ արտիս մօտն է։ Անիկա հոն գարի ունի։ Գացէք զանիկա կրակով այրեցէ՛ք»։ Աբիսողոմին ծառաները այն արտը կրակով այրեցին։
31 Յովաբ ելաւ Աբիսողոմին տունը գնաց եւ անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար քու ծառաներդ իմ արտս կրակով այրեցին»։
32 Աբիսողոմ Յովաբին ըսաւ. «Ահա քեզի մարդ ղրկեցի ու ըսի. ‘Հոս եկուր, քեզ թագաւորին ղրկեմ, որպէս զի ըսես թէ Գեսուրէն ինչո՞ւ եկայ. իմ հոն ըլլալս ինծի աղէկ էր։ Հիմա կ’ուզեմ թագաւորին երեսը տեսնել. եթէ իմ վրաս չարութիւն մը կայ, թող զիս մեռցնէ՛»։
33 Յովաբ թագաւորին գնաց ու այս բանը անոր իմացուց։ Թագաւորը Աբիսողոմը կանչեց ու ան թագաւորին քով գնաց, թագաւորին առջեւ երեսի վրայ ինկաւ ու մինչեւ գետինը խոնարհութիւն ըրաւ։ Թագաւորը Աբիսողոմը համբուրեց։