Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 17

Աքիտոփէլ ըսաւ Աբիսողոմին. «Հիմա տասներկու հազար մարդ ընտրեմ ու ելլեմ եւ այս գիշեր Դաւիթին ետեւէն իյնամ։
2 Անիկա քանի որ յոգնած ու ձեռքերը թուլցած են, անոր վրայ հասնիմ ու վախցնեմ զանիկա, որպէս զի անոր հետ եղող ժողովուրդը փախչի ու միայն թագաւորը զարնեմ։
3 Այսպէս բոլոր ժողովուրդը քեզի պիտի դարձնեմ. քանզի քու փնտռած մարդդ ձեռքդ անցնելով՝ ամէնքն ալ ձեռքդ անցած կը սեպուի ու բոլոր ժողովուրդը խաղաղութեան մէջ կ’ըլլայ»։
4 Այս խօսքը Աբիսողոմին աչքին ու Իսրայէլի բոլոր ծերերուն աչքին հաճոյ երեւցաւ։
5 Աբիսողոմ ըսաւ. «Հիմա Արաքացի Քուսին ալ կանչեցէք, որպէս զի անոր խորհուրդն ալ՝ ՝ լսենք»։
6 Երբ Քուսի Աբիսողոմին քով եկաւ, Աբիսողոմ անոր հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Աքիտոփէլ այսպիսի բան մը ըսաւ. արդեօք անոր խօսքը ընե՞նք՝ թէ ոչ, դուն խօսէ՝ ՝»։
7 Քուսի Աբիսողոմին ըսաւ. «Աքիտոփէլին տուած խորհուրդը այս անգամ աղէկ չէ»։
8 Եւ Քուսի ըսաւ. «Դուն գիտես թէ քու հայրդ ու անոր մարդիկը զօրաւոր են ու սրտերնին այրած է՝ դաշտի մէջ ձագերը կորսնցուցած արջու պէս։ Քու հայրդ պատերազմող մարդ մըն էու գիշերը ժողովուրդին հետ չի կենար։
9 Հիմա անիկա կա՛մ փոսի մը մէջ կա՛մ ուրիշ տեղ մը պահուած է։ Եթէ առաջին անգամ ասոնցմէ իյնալու ըլլան, ամէն լսողը պիտի ըսէ թէ Աբիսողոմին ետեւէն գացող ժողովուրդը կոտորուեր է։
10 Այն ատեն առիւծի պէս սիրտ ունեցող զօրաւոր մարդը անգամ բոլորովին պիտի թուլնայ. քանզի բոլոր Իսրայէլ գիտէ թէ քու հայրդ զօրաւոր է ու անոր հետ եղողները ուժի տէր մարդիկ են։
11 Այս պատճառով ես քեզի խորհուրդ կու տամ որ բոլոր Իսրայէլ, Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ, ծովեզերքը եղող աւազին պէս բազմութեամբ քու քովդ հաւաքուին։ Դուն ալ անձամբ անոնց հետ պատերազմի գնա։
12 Այսպէս անոր վրայ երթանք, անիկա ո՛ւր տեղ որ գտնուի, անոր վրայ հասնինք, ինչպէս ցօղը գետնի վրայ կ’իջնէ եւ անկէ ու անոր հետ եղող բոլոր մարդոցմէն մէ՛կը ողջ չթողունք։
13 Եթէ քաղաքի մը մէջ գոցուի, բոլոր Իսրայէլ չուաններ թող առնէ այն քաղաքը ու զանիկա մինչեւ հեղեղատը քաշենք, այնպէս որ հոն պզտիկ քար մը անգամ չմնայ»։
14 Աբիսողոմ ու բոլոր Իսրայէլի մարդիկը ըսին. «Արաքացի Քուսիին խորհուրդը Աքիտոփէլին խորհուրդէն աղէկ է»։ Քանզի Տէրը Աքիտոփէլին աղէկ խորհուրդը ցրուելու հրաման տուեր էր, որպէս զի Տէրը Աբիսողոմին վրայ չարիք հասցնէ։
15 Քուսին Սադովկ եւ Աբիաթար քահանաներուն ըսաւ. «Աքիտոփէլ Աբիսողոմին ու Իսրայէլի ծերերուն այս ինչ խորհուրդը տուաւ, ես ալ այս ինչ խորհուրդը տուի։
16 Հիմա շուտով մարդ ղրկեցէք ու Դաւիթին իմացուցէք ու ըսէք. ‘Գիշերը անապատին դաշտերուն մէջ մի՛ կենար, հապա շուտով անցիր. չըլլայ որ թագաւորն ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը յանկարծ զարնուին’»։
17 Յովնաթան ու Աքիմաաս Ռովգելին աղբիւրին քով կայներ էին, քանզի չէին կրնար քաղաքը մտնել ու երեւնալ։ Աղախինը գնաց ու անոնց պատմեց, անոնք ալ գացին ու Դաւիթ թագաւորին իմացուցին։
18 Եւ պատանի մը տեսաւ զանոնք ու Աբիսողոմին պատմեց. բայց Յովնաթան եւ Աքիմաաս մէկտեղ շուտով գացին ու Բաւուրիմ մարդու մը տունը մտան։ Անիկա իր գաւիթին մէջ ջրհոր մը ունէր։ Անոնք հոն իջան։
19 Կինը ծածկոց մը առաւ, ջրհորին բերնին վրայ փռեց ու անոր վրայ ձաւար տարածեց ու բանը չհասկցուեցաւ։
20 Աբիսողոմին ծառաները կնոջ տունը մտան ու ըսին. «Աքիմաասն ու Յովնաթանը ո՞ւր են»։ Կինը անոնց ըսաւ. «Ջուրին անդիի կողմը անցան»։ Անոնք փնտռեցին ու չգտնելով Երուսաղէմ դարձան։
21 Անոնց երթալէն ետքը ջրհորէն ելան ու գացին Դաւիթ թագաւորին իմացուցին եւ ըսին. «Ելէ՛ք ու շուտով ջուրէն անցէ՛ք, քանզի Աքիտոփէլ ձեզի համար այսպիսի խորհուրդ մը տուաւ»։
22 Դաւիթ ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը ելան ու Յորդանանէն անցան ու մինչեւ առաւօտեան լոյսը Յորդանանէն չանցած մարդ չմնաց։
23 Աքիտոփէլ, երբ տեսաւ թէ իր խորհուրդը չկատարուեցաւ, իր իշուն համետը դրաւ ու ելաւ իր քաղաքը ու իր տունը գնաց եւ իր տանը համար կարգադրութիւններ ըրաւ ու ինքզինք խեղդեց ու մեռաւ եւ իր հօրը գերեզմանը թաղուեցաւ։
24 Դաւիթ Մանայիմ հասաւ։ Աբիսողոմ ալ բոլոր Իսրայէլի մարդոցը հետ Յորդանանէն անցաւ։
25 Աբիսողոմ Յովաբին տեղը Ամեսային դրաւ զօրքին վրայ։ Ամեսայի Յեթեր անունով Իսրայելացիի մը որդին էր։ Անիկա Յովաբին մօրը Շարուհեայի քոյրը, Նաասի աղջիկը Աբիգիան առեր էր։
26 Իսրայէլ Աբիսողոմին հետ Գաղաադի երկիրը բանակեցաւ։
27 Երբ Դաւիթ Մանայիմ գնաց, Ամմոնի որդիներուն Ռաբբայէն Նաասի որդին Սոբի ու Լադաբարէ Ամիէլի որդին Մաքիր եւ Ռովգելիմէ Գաղադացի Բերզելի՝
28 Անկողիններ, կոնքեր, հողէ ամաններ, ցորեն, գարի, ալիւր ու բոհրած ցորեն ու բակլայ եւ ոսպ ու բոհրած սիսեռ
29 Ու մեղր եւ կոգի ու ոչխարներ եւ կովու պանիր բերին Դաւիթին ու անոր հետ եղող ժողովուրդին, որպէս զի ուտեն. քանզի ըսին. ‘Ժողովուրդը անապատին մէջ անօթի, յոգնած ու ծարաւցած է’։