Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 16
Երբ Դաւիթ լերանը գլուխէն քիչ մը անցեր էր, ահա Մեմփիբոսթէին ծառան Սիբա զանիկա դիմաւորեց, իրեն հետ երկու էշ ունենալով, որոնց վրայ երկու հարիւր հաց, հարիւր ողկոյզ չամիչ ու հարիւր ամառնային պտուղ՝ ՝ ու տիկ մը գինի բեռցուցած էր։
2 Թագաւորը Սիբային ըսաւ. «Ասոնք ի՞նչ պիտի ընես՝ ՝»։ Սիբա ըսաւ. «Էշերը թագաւորին տանը համար են, որպէս զի անոնց վրայ հեծնեն. հացն ու ամառնային պտուղները մանչերուն համար են, որպէս զի ուտեն ու գինին անապատին մէջ նուաղածներուն համար է, որպէս զի խմեն»։
3 Թագաւորը ըսաւ. «Հապա քու տիրոջդ որդի՞ն ուր է»։ Սիբա թագաւորին ըսաւ. «Ահա անիկա Երուսաղէմ կը նստի, քանզի ըսաւ թէ՝ ‘Այսօր Իսրայէլի տունը իմ հօրս թագաւորութիւնը ինծի պիտի դարձնէ’»։
4 Այն ատեն թագաւորը Սիբային ըսաւ. «Ահա Մեմփիբոսթէին ամէն ունեցածը քեզի ըլլայ»։ Սիբան ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, շնորհակալ եմ՝ ՝, թող քու առջեւդ շնորհք գտնեմ»։
5 Դաւիթ թագաւորը մինչեւ Բաւուրիմ գնաց եւ ահա անկէ Սաւուղին ազգատոհմէն Գերային որդին Սեմէի անունով մարդ մը ելաւ, որ կ’անիծէր
6 Եւ Դաւիթին ու Դաւիթ թագաւորին բոլոր ծառաներուն քար կը նետէր։ Բոլոր ժողովուրդը ու բոլոր զօրաւոր մարդիկը թագաւորին աջ կողմէն ու ձախ կողմէն կ’երթային։
7 Եւ Սեմէի անոր անէծք տուած ատեն այսպէս կ’ըսէր. «Ելի՛ր, ելի՛ր, ո՛վ արիւնահեղ մարդ, ո՛վ անօրէն մարդ
8 Տէրը Սաւուղին տանը բոլոր արիւնը քու վրադ դարձուց, որ անոր տեղ թագաւոր եղար։ Տէրը թագաւորութիւնը քու որդիիդ Աբիսողոմին ձեռքը տուաւ։ Ահա քու չարիքդ քեզի հասաւ, քանզի դուն արիւնահեղ մարդ մըն ես»։
9 Շարուհեայի որդին Աբեսսա թագաւորին ըսաւ. «Այս մեռած շունը ինչո՞ւ համար իմ տիրոջս՝ թագաւորին՝ անէծք տայ։ Թող տուր անցնիմ ու անոր գլուխը առնեմ»։
10 Բայց թագաւորը ըսաւ. «Ո՛վ Շարուհեայի որդիներ, դուք ինծի հետ ի՞նչ ունիք։ Թող տուէք որ այսպէս անէծք տայ, քանզի Տէրը ըսաւ անոր. ‘Դաւիթը անիծէ’. ալ ո՞վ կրնայ ըսել թէ ‘Ինչո՞ւ համար այդպէս ըրիր’»։
11 Դաւիթ Աբեսսային ու իր բոլոր ծառաներուն ըսաւ. «Ահա իմ երանքէս ելլող որդիս իմ հոգիս կը փնտռէ, ո՞ւր մնաց այս Բենիամինեանը։ Թողուցէ՛ք զանիկա որ անիծէ, քանզի Տէ՛րը ըսաւ անոր.
12 Թերեւս Տէրը իմ նեղութեանս նայի ու այսօրուան անոր տուած անէծքին տեղ ինծի բարիք հատուցանէ»։
13 Դաւիթ իր մարդոցը հետ ճամբան կ’երթար, իսկ Սեմէի առջեւի լերանը քովէն կ’երթար անէծք տալով, քարեր նետելով ու հող ցանելով։
14 Թագաւորն ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը յոգնած գացին ու հոն հանգչեցան։
15 Աբիսողոմ ու բոլոր ժողովուրդը, Իսրայէլի մարդիկը, Երուսաղէմ մտան ու Աքիտոփէլ անոր հետ էր։
16 Երբ Դաւիթին բարեկամը՝ Արաքացի Քուսի՝ Աբիսողոմին քով գնաց, Քուսի ըսաւ Աբիսողոմին. «Կեցցէ՛ արքայ, կեցցէ՛ արքայ»։
17 Աբիսողոմ Քուսիին ըսաւ. «Բարեկամիդ վրայ ունեցած սէրդ ասիկա՞ է. ինչո՞ւ բարեկամիդ հետ չգացիր»։
18 Քուսի ըսաւ Աբիսողոմին. «Ո՛չ, հապա Տէրոջը ու այս ժողովուրդին եւ Իսրայէլի բոլոր մարդոց ընտրածը ո՛վ որ ըլլայ, ես անոր պիտի ըլլամ ու անոր հետ պիտի նստիմ։
19 Ասկէ զատ, ես որո՞ւ ծառայութիւն պիտի ընեմ, որդիին չէ՞. ինչպէս քու հօրդ առջեւ ծառայեցի, այնպէս ալ քու առջեւդ պիտի ըլլամ»։
20 Աբիսողոմ ըսաւ Աքիտոփէլին. «Խորհուրդ ըրէք թէ ի՛նչ ընելու ենք»։
21 Աքիտոփէլ ըսաւ Աբիսողոմին. «Քու հօրդ հարճերուն մտիր, որոնք անիկա տանը պահպանութիւն ընելու համար թողուց ու երբ բոլոր Իսրայէլ լսէ թէ դուն քու հօրդ ատելի եղար, այն ատեն բոլոր քեզի հետ եղողներուն ձեռքերը պիտի ուժովնան»։
22 Ուստի տանիքին վրայ Աբիսողոմին համար վրան կանգնեցին եւ Աբիսողոմ բոլոր Իսրայէլի աչքերուն առջեւ իր հօրը հարճերուն մտաւ։
23 Այն օրերը Աքիտոփէլին տուած խորհուրդը այնպէս էր, ինչպէս մէկը Աստուծոյ խօսքը հարցնէր։ Աքիտոփէլին ամէն խորհուրդը թէ՛ Դաւիթին քով եւ թէ՛ Աբիսողոմին քով այնպէս էր։