Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 7

Երբ թագաւորը իր տունը նստաւ, Տէրը զանիկա իր բոլորտիքը եղող բոլոր թշնամիներէն ազատելով հանգստացուց,
2 Թագաւորը Նաթան մարգարէին ըսաւ. «Ահա ես եղեւնափայտէ շինուած տան մը մէջ կը բնակիմ, բայց Աստուծոյ տապանակը վրանի մէջ կեցեր է»։
3 Նաթան ըսաւ թագաւորին. «Գնա՛, բոլոր սրտիդ մէջ եղածը ըրէ՛, քանզի Տէրը քեզի հետ է»։
4 Նոյն գիշերը Տէրոջը խօսքը Նաթանին եղաւ՝ ըսելով.
5 «Գնա՛, իմ ծառայիս Դաւիթին ըսէ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դո՞ւն ինծի բնակելու համար տուն պիտի շինես։
6 Իսրայէլին որդիները Եգիպտոսէն հանած օրէս մինչեւ այսօր տան մէջ չբնակեցայ, այլ վրաններով ու խորաններով պտըտեցայ։
7 Իսրայէլի բոլոր որդիներուն հետ որչափ տեղ որ պտըտեցայ, միթէ բան մը խօսեցա՞յ Իսրայէլի ցեղերէն մէկուն հետ, որոնց իմ ժողովուրդս Իսրայէլը հովուելու հրաման տուեր էի ու ըսի՞ թէ «Ինչո՞ւ համար ինծի եղեւնափայտէ տուն մը չշինեցիք»’։
8 Հիմա իմ ծառայիս Դաւիթին գնա ու ըսէ. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քեզ փարախէն, ոչխարներուն ետեւէն առի, որպէս զի իմ Իսրայէլ ժողովուրդիս վրայ առաջնորդ ըլլաս
9 Եւ ուր որ կ’երթայիր՝ քեզի հետ էի եւ քու առջեւէդ բոլոր թշնամիներդ կոտորեցի ու երկրի վրայ եղող մեծերուն անուանը պէս քու անունդ մեծցուցի։
10 Իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին ալ տեղ մը պիտի որոշեմ ու զանիկա պիտի տնկեմ, որ իր տեղը բնակի ու ալ չշարժի։ Անիրաւութեան որդիները առաջուան պէս անգամ մըն ալ պիտի չնեղեն զանիկա,
11 Ինչպէս իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ դատաւորներ դրած օրէս ի վեր եղաւ ու քեզ քու ամէն թշնամիներէդ պիտի հանգստացնեմ։ Տէրը քեզի կ’իմացնէ թէ Տէրը քեզի տուն պիտի շինէ։
12 Երբ քու օրերդ լեցուին ու դուն քու հայրերուդ հետ քնանաս, քեզմէ ետքը քու երանքէդ ելլող զաւակդ պիտի բարձրացնեմ ու անոր թագաւորութիւնը պիտի հաստատեմ։
13 Անիկա իմ անուանս տուն պիտի շինէ ու անոր թագաւորութեան աթոռը յաւիտեան պիտի կանգնեմ.
14 Ես անոր հայր պիտի ըլլամ ու անիկա ինծի որդի պիտի ըլլայ։ Եթէ անիկա անիրաւութիւն ընէ, ես զանիկա մարդոց գաւազանովն ու մարդոց որդիներուն հարուածներովը պիտի պատժեմ.
15 Բայց իմ ողորմութիւնս անկէ պիտի չվերցնեմ, ինչպէս Սաւուղէն վերցուցի ու զանիկա քու առջեւէդ վռնտեցի։
16 Եւ քու տունդ ու թագաւորութիւնդ քու առջեւդ յաւիտեան ապահով պիտի ըլլան, քու աթոռդ յաւիտեան հաստատ պիտի մնայ’»։
17 Նաթան այս բոլոր խօսքերն ու այս բոլոր տեսիլքը մէկիկ մէկիկ Դաւիթին պատմեց։
18 Այն ատեն Դաւիթ թագաւորը գնաց, Տէրոջը առջեւ նստաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Եհովա, ես ո՞վ եմ ու իմ տունս ի՞նչ է, որ զիս մինչեւ հոս բերիր։
19 Սակայն ասիկա ալ քու աչքերուդ պզտիկ երեւցաւ, ո՛վ Տէր Եհովա ու քու ծառայիդ տանը վրայով հեռաւոր ժամանակի համար ալ խօսեցար։ Մարդոց սովորութիւնը ասիկա՞ է արդեօք, ո՛վ Տէր Եհովա։
20 Դաւիթ նորէն քեզի ի՞նչ ըսէ. քանզի՝ դո՛ւն, ո՛վ Տէր Եհովա, քու ծառադ կը ճանչնաս։
21 Այս բոլոր մեծ բաները քու խօսքիդ համար ու քու սրտիդ պէս ըրիր, որպէս զի ծառայիդ գիտցնես։
22 Ասոր համար մեծ երեւցար, ո՛վ Տէր Աստուած. քանզի քեզի պէս ուրիշ մէկը չկայ ու քեզմէ զատ Աստուած չկայ՝ մեր ականջներովը մեր բոլոր լսածներուն համեմատ։
23 Ո՞ր ազգը երկրի վրայ քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին պէս է, որուն համար նոյն ինքն Աստուած եկաւ զանիկա փրկելու, իրեն ժողովուրդ ընելու ու իրեն մեծ անուն վաստկելու եւ քու երկրիդ մէջ այս մեծ ու սոսկալի բաները ընելու, քեզի համար Եգիպտոսէն ազատած ժողովուրդիդ առջեւէն ազգերն ու անոնց աստուածները վռնտելով։
24 Եւ քու ժողովուրդդ՝ Իսրայէլը՝ յաւիտեան քեզի ժողովուրդ հաստատեցիր ու դուն, ո՛վ Տէր, անոնց Աստուած եղար։
25 Եւ հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած, քու ծառայիդ համար ու անոր տանը համար ըսած խօսքդ յաւիտեան հաստատէ ու ըսածիդ պէս ըրէ
26 Եւ քու անունդ յաւիտեան մեծ ճանչցուի ու ըսեն թէ ‘Զօրութեան Տէրը Իսրայէլի վրայ Աստուած է’ու քու ծառայիդ Դաւիթին տունը քու առջեւդ հաստատ մնայ։
27 Քանզի դուն, ո՛վ Տէր զօրութեան, Աստուա՛ծ Իսրայէլի, քու ծառայիդ յայտնեցիր ու ըսիր՝ ‘Քեզի տուն պիտի շինեմ’. ասոր համար ծառադ իր սրտին մէջ համարձակութիւն գտաւ այս աղօթքը քեզի ընելու։
28 Եւ հիմա, ո՛վ Տէր Եհովա, այն Աստուածը դուն ես ու քու խօսքերդ ճշմարիտ են եւ քու ծառայիդ այս աղէկութիւնը խոստացար։
29 Ուստի հիմա կամք ըրէ՝ ՝ քու ծառայիդ տունը օրհնելու, որպէս զի յաւիտեան քու առջեւդ ըլլայ. քանզի, ո՛վ Տէր Եհովա, դուն ըսիր ու քու օրհնութիւնովդ ծառայիդ տունը յաւիտեան օրհնեալ պիտի ըլլայ»։