Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 6
Դաւիթ նորէն Իսրայէլէն երեսուն հազար ընտրուած մարդիկ հաւաքեց
2 Ու Դաւիթ իրեն հետ եղող բոլոր ժողովուրդով ելաւ եւ Յուդայի Բաաղը գնաց, որպէս զի անկէ Աստուծոյ տապանակը վեր հանէ, որուն քերովբէներուն վրայ նստող զօրութեան Տէրոջը անունը տրուած է։
3 Աստուծոյ տապանակը նոր սայլի մը վրայ դրին ու զանիկա Բլրացի Աբինադաբին տունէն վերցուցին։ Աբինադաբին որդիները՝ Ոզա ու Աքիով՝ այն նոր սայլը կը վարէին։
4 Զանիկա Աստուծոյ տապանակին հետ Բլրացի Աբինադաբին տունէն հանեցին ու Աքիով տապանակին առջեւէն կ’երթար։
5 Դաւիթ ու Իսրայէլի բոլոր տունը մայրիի փայտէ շինուած ամէն տեսակ նուագարաններով, քնարներով, տաւիղներով, թմբուկներով, դափերով ու ծնծղաներով Տէրոջը առջեւ կը խաղային։
6 Երբ Նաքոնին կալը եկան, Ոզա իր ձեռքը Աստուծոյ տապանակին երկնցուց ու զանիկա բռնեց, քանզի եզները զանիկա ծռեր էին։
7 Եւ Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ Ոզային դէմ ու զանիկա՝ հո՛ն այս յանցանքին համար՝ զարկաւ, որը նոյն տեղը Աստուծոյ տապանակին քով մեռաւ։
8 Դաւիթ տրտմեցաւ, քանզի Տէրը հարուածով Ոզան զարկաւ ու այն տեղին անունը մինչեւ այսօր Փարէս-Ոզա կոչուեցաւ։
9 Դաւիթ այն օրը Տէրոջմէ վախցաւ ու ըսաւ. «Տէրոջը տապանակը ի՞նչպէս իմ քովս պիտի մտնէ»։
10 Դաւիթ Տէրոջը տապանակը իր քով՝ Դաւիթին քաղաքը՝ չուզեց տանիլ, այլ զանիկա գեթացի Աբդեդօմին տունը դարձուց։
11 Եւ Տէրոջը տապանակը Գեթացի Աբդեդօմին տունը երեք ամիս մնաց։ Տէրը Աբդեդօմն ու անոր բոլոր տունը օրհնեց։
12 Դաւիթ թագաւորին պատմեցին ու ըսին. «Աստուծոյ տապանակին համար Տէրը Աբդեդօմին տունը ու անոր ամէն ունեցածը օրհնեց»։ Դաւիթ գնաց ու Աստուծոյ տապանակը Աբդեդօմին տունէն ուրախութեամբ Դաւիթին քաղաքը բերաւ։
13 Տէրոջը տապանակը վերցնողները վեց քայլ առաջ գացին, արջառներ ու պարարտ զուարակներ զոհեց
14 Եւ Դաւիթ Տէրոջը առջեւ բոլոր ուժովը խաղցաւ։ Դաւիթ քթանէ եփուտ հագեր էր։
15 Դաւիթ ու Իսրայէլի բոլոր տունը Տէրոջը տապանակը ուրախութեամբ ու փողերու ձայներով տարին։
16 Երբ Տէրոջը տապանակը Դաւիթին քաղաքը եկաւ, Սաւուղին աղջիկը Մեղքող պատուհանէն նայելով՝ տեսաւ որ Դաւիթ թագաւորը Տէրոջը առջեւ ցատկռտելով կը խաղայ, ուստի զանիկա իր սրտին մէջ անարգեց։
17 Տէրոջը տապանակը բերին ու զանիկա իր տեղը դրին այն վրանին մէջ, որ Դաւիթ անոր համար կանգնեցուցեր էր։ Դաւիթ Տէրոջը առջեւ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեց։
18 Դաւիթ, երբ ողջակէզներն ու խաղաղութեան զոհերը մատուցանելը լմնցուց, զօրքերու Տէրոջ անունով ժողովուրդը օրհնեց։
19 Իսրայէլի բոլոր բազմութեանը, այր մարդէն մինչեւ կին մարդը, բոլոր ժողովուրդին ամէն մէկուն մէկ նկանակ, կտոր մը միս ու կարկանդակ մը բաժնեց ու բոլոր ժողովուրդը՝ ամէն մէկը իր տունը գնաց։
20 Դաւիթ անկէ դարձաւ իր տունը օրհնելու համար։ Սաւուղին աղջիկը Մեղքող Դաւիթը դիմաւորելու ելաւ ու ըսաւ. «Իսրայէլի թագաւորը այսօր ի՜նչ փառաւոր էր, երբ իր ծառաներուն եւ աղախիններուն առջեւ ինքզինք մերկացուց՝ ինչպէս սրիկաներէն մէկը ինքզինք կը մերկացնէ»։
21 Դաւիթ Մեղքողին ըսաւ. «Ես այն Տէրոջը առջեւ խաղացի, որ զիս քու հօրմէդ ու անոր բոլոր տունէն աւելի ընտրեց ու զիս Տէրոջը ժողովուրդին Իսրայէլին վրայ իշխան դրաւ։ Այո՛, ես այն Տէրոջը առջեւ կը խաղամ։
22 Զիս ասկէ աւելի անարգ երեւցնելով՝ քու աչքերուդ առջեւ նուաստ ալ երեւնամ. իսկ այն քու ըսած աղախիններուդ առջեւ պիտի փառաւորուիմ»։
23 Սաւուղին աղջիկը՝ Մեղքող՝ մինչեւ իր մահուան օրը զաւակ չծնաւ։