Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 2
Դաւիթ Տէրոջը հարցուց ու ըսաւ. «Յուդայի քաղաքներէն մէկը ելլե՞մ»։ Տէրը անոր ըսաւ. «Ելի՛ր»։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՞ւր ելլեմ»։ Տէրը ըսաւ. «Քեբրոն»։
2 Եւ Դաւիթ իր երկու կիները, այսինքն Յեզրայելացի Աքինոամն ու Կարմելացի Նաբաղի կինը Աբիգիան, իրեն հետ առնելով հոն ելաւ։
3 Դաւիթ՝ իրեն հետ եղող մարդիկն ալ՝ ամէն մէկը իր ընտանիքովը, Քեբրոնի քաղաքներուն մէջ բնակեցան։
4 Յուդայի մարդիկը եկան ու հոն Դաւիթը Յուդային տանը վրայ թագաւոր օծեցին։ Եւ Դաւիթին պատմեցին ու ըսին թէ՝ ‘Գաղաադի Յաբիսին բնակիչները Սաւուղը թաղեցին’։
5 Դաւիթ Գաղաադի Յաբիսին բնակիչներուն պատգամաւորներ ղրկեց ու անոնց ըսաւ. «Դուք Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլաք, որ ձեր տիրոջը Սաւուղին այս ողորմութիւնն ըրիք ու զանիկա թաղեցիք։
6 Տէրը թող ձեզի ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն ընէ՝ այս բանը ընելնուդ համար։ Ես ալ ձեզի այս աղէկութեան փոխարէնը պիտի հատուցանեմ։
7 Հիմա ձեր ձեռքը թող ուժովնայ ու զօրաւոր կտրիճներ եղէք. քանզի ձեր տէրը՝ Սաւուղ մեռաւ եւ Յուդայի տունը զիս իրենց վրայ թագաւոր օծեցին»։
8 Սաւուղին զօրավարը՝ Ներեան Աբեններ՝ Սաւուղին որդին Յեբուսթէն առաւ ու զանիկա Մանայիմ տարաւ
9 Եւ զանիկա Գաղաադի վրայ, Ասուրիի վրայ, Յեզրայէլի վրայ, Եփրեմի վրայ, Բենիամինի վրայ ու բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըրաւ։
10 Երբ Սաւուղին որդին Յեբուսթէ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ, քառասուն տարեկան էր։ Երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Միայն Յուդայի տունը Դաւիթին հպատակ եղաւ։
11 Յուդային տանը վրայ Քեբրոնի մէջ Դաւիթին թագաւորութիւն ըրած ժամանակը եօթը տարի ու վեց ամիս էր։
12 Ներեան Աբեններ եւ Սաւուղին որդիին Յեբուսթէին ծառաները Մանայիմէն Գաբաւոն ելան։
13 Շարուհեային որդին՝ Յովաբ ու Դաւիթին ծառաները Քեբրոնէն ելան ու Գաբաւոնին աւազանին քով անոնց հանդիպեցան։ Ասոնք՝ աւազանին մէկ կողմը ու անոնք աւազանին միւս կողմը նստան։
14 Աբեններ Յովաբին ըսաւ. «Թող կտրիճները ելլե՛ն ու մեր առջեւ խաղան»։ Յովաբ ըսաւ. «Թող ելլեն»։
15 Ուստի անոնք նոյն թիւով ելան։ Բենիամինէն ու Սաւուղին որդիին Յեբուսթէին կողմէն տասներկու մարդ եւ Դաւիթի ծառաներէն՝ տասներկու մարդ։
16 Ամէն մէկը իր ընկերին գլխէն բռնեց եւ իր սուրը իր ընկերին կողը խոթեց ու մէկտեղ ինկան։ Այն տեղին անունը Քեղկաթ-Ասուրիմ կոչուեցաւ, որ Գաբաւոնի մէջ է։
17 Այն օրը խիստ սաստիկ պատերազմ եղաւ ու Աբեններ Իսրայէլի մարդոց հետ Դաւիթին ծառաներէն յաղթուեցաւ։
18 Շարուհեային երեք որդիները՝ Յովաբ, Աբեսսա ու Ասայէլ՝ հոն էին ու Ասայէլ դաշտի այծեամի պէս ոտքով թեթեւ էր։
19 Ասայէլ Աբենների ետեւէն ինկաւ ու աջ կամ ձախ կողմը չխոտորեցաւ։
20 Աբեններ ետեւը դարձաւ ու ըսաւ. «Ասայէ՛լ, դո՞ւն ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես եմ»։
21 Աբեններ անոր ըսաւ. «Քու աջ կամ ձախ կողմդ խոտորէ ու կտրիճներէն մէկը բռնէ ու անոր զէնքերը քեզի առ»։ Բայց Ասայէլ անոր ետեւէն դառնալ չուզեց։
22 Աբեններ նորէն մէյ մըն ալ Ասայէլին ըսաւ. «Ետեւէս դարձի՛ր. քեզ ինչո՞ւ համար գետինը զարնեմ. այն ատեն ի՞նչպէս երեսս վերցնեմ քու եղբօրդ Յովաբին նայիմ»։
23 Բայց անիկա անոր ետեւէն դառնալ չուզեց։ Աբեններ նիզակին ետեւի ծայրովը սնակուշտէն զարկաւ ու նիզակը անոր կռնակէն ելաւ եւ հոն ինկաւ ու նոյն տեղը մեռաւ։ Ով որ Ասայէլին ինկած ու մեռած տեղը կու գար՝ կանգ կ’առնէր։
24 Յովաբ ու Աբեսսա Աբեններին ետեւէն ինկած կը հալածէին զանիկա։ Երբ անոնք Գիայի դէմը՝ Գաբաւոնի անապատին ճամբան եղող Ամմայի բլուրը եկան, արեւը մարը մտաւ։
25 Բենիամինին որդիները Աբեններին ետեւէն հաւաքուեցան եւ գունդ մը եղան ու բլուրի մը գլուխը կայնեցան։
26 Աբեններ Յովաբին պոռալով՝ ըսաւ. «Միթէ սուրը անդադար պիտի ուտէ՞։ Չե՞ս գիտեր թէ ասոր վերջը դառն կ’ըլլայ։ Մինչեւ ե՞րբ ժողովուրդին պիտի չհրամայես որ իրենց եղբայրները հալածելէն ետ դառնան»։
27 Յովաբ ըսաւ. «Կենդանի է Աստուած, եթէ դուն խօսած չըլլայիր ալ՝ ժողովուրդը առտուն իր եղբայրները հալածելէն ետ պիտի դառնար»։
28 Այն ատեն Յովաբ փող հնչեցուց ու բոլոր ժողովուրդը կանգ առաւ ու ա՛լ Իսրայէլին ետեւէն չինկան ու պատերազմ չըրին։
29 Աբեններ ու իր մարդիկը բոլոր գիշերը դաշտին մէջէն երթալով՝ Յորդանանէն անցան ու բոլոր Բեթրոնը պտըտելով՝ Մանայիմ հասան։
30 Յովաբ Աբեններէն դարձաւ ու բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց, բայց Դաւիթին ծառաներէն տասնըինը մարդ ու Ասայէլ կը պակսէին։
31 Դաւիթին ծառաները Բենիամինէն ու Աբենների մարդոցմէն երեք հարիւր վաթսուն մարդ զարկին, որոնք մեռան։
32 Ասայէլը վերցուցին ու զանիկա Բեթլէհէմի մէջ իր հօրը գերեզմանը թաղեցին։ Յովաբ եւ անոր մարդիկը բոլոր գիշերը քալեցին ու արշալոյսին Քեբրոն հասան։