Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 8
Անկէ յետոյ Դաւիթ Փղշտացիները զարկաւ ու զանոնք նուաճեց եւ Փղշտացիներուն ձեռքէն Մեթեկամման առաւ։
2 Նաեւ Մովաբը զարկաւ ու գետինը պառկեցնելով զանոնք լարով չափեց. երկու լարով մեռցնելու չափեց ու մէկ ամբողջ լարով ապրեցնելու։ Մովաբացիք Դաւիթին հարկատու ծառաներ եղան։
3 Դաւիթ Սուբայի թագաւորը, Ռուբին որդին Ադրազարը զարկաւ, երբ Եփրատ գետին վրայ իր իշխանութիւնը հաստատելու՝ ՝ կ’երթար։
4 Դաւիթ անկէ հազար եօթը հարիւր ձիաւոր ու քսան հազար հետեւակ զօրք բռնեց։ Դաւիթ բոլոր կառքի ձիերուն ջիղերը կտրեց ու անոնցմէ միայն հարիւր ձի իրեն համար պահեց՝ ՝։
5 Դամասկոսի Ասորիները Սուբայի թագաւորին Ադրազարին օգնութիւն ընելու եկան։ Դաւիթ Ասորիներէն քսանըերկու հազար մարդ զարկաւ։
6 Դաւիթ Դամասկոսի Ասորիներուն մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ ու Ասորիները Դաւիթին հարկատու ծառաներ եղան։ Դաւիթ ուր որ կ’երթար՝ Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար։
7 Դաւիթ Ադրազարին ծառաներուն ոսկիէ վահանները առաւ ու զանոնք Երուսաղէմ բերաւ։
8 Ադրազարին քաղաքներէն՝ Բեթահէն ու Բերոթայէն՝ խիստ շատ պղինձ առաւ։
9 Եմաթին թագաւորը՝ Թովու, երբ լսեց թէ Դաւիթ Ադրազարին բոլոր զօրքերը ջարդեր է,
10 Իր որդին Յովրամը Դաւիթ թագաւորին ղրկեց, որպէս զի անոր բարեւ տանի ու զանիկա օրհնէ, Ադրազարին դէմ պատերազմ ընելուն ու զանիկա զարնելուն համար։ (Քանզի Ադրազար Թովուին հետ պատերազմներ կ’ընէր։) Յովրամին ձեռքը արծաթէ անօթներ, ոսկիէ անօթներ ու պղնձէ անօթներ կային։
11 Դաւիթ թագաւորը զանոնք ալ Տէրոջը նուիրեց, միւս նուիրած արծաթին ու ոսկիին հետ, որոնք բոլոր իր յաղթած ազգերէն առեր էր՝
12 Ասորիներէն, Մովաբէն, Ամմոնի որդիներէն, Փղշտացիներէն, Ամաղէկէն եւ Սուբայի թագաւորին, Ռուբին որդիին Ադրազարին աւարէն։
13 Դաւիթ երբ Աղի ձորին մէջ տասնըութը հազար Ասորիներ կոտորեց ու ետ դարձաւ, մեծ անուն վաստկեցաւ։
14 Եդովմի մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ. բոլոր Եդովմի երկրին մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ եւ բոլոր Եդովմայեցիները Դաւիթին ծառայ եղան ու Դաւիթ ուր որ կ’երթար, Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար։
15 Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ։ Դաւիթ իր բոլոր ժողովուրդին իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընէր։
16 Շարուհեայի որդին Յովաբը զօրքերուն վրայ էր ու Աքիղուդի որդին Յովսափատը յիշատակներու դպիր էր
17 Եւ Աքիտովբի որդին Սադովկը ու Աբիաթարի որդին Աքիմելէքը քահանաներ էին ու Սարայիան ատենադպիր էր
18 Եւ Յովիադային որդին Բանիան՝ Քերեթիներուն ու Փելեթիներուն վրայ էր ու Դաւիթին որդիները նախարարներ էին։