Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 3

Սաւուղին տանը ու Դաւիթին տանը մէջտեղ երկայն պատերազմ եղաւ։ Դաւիթ երթալով կը զօրանար, բայց Սաւուղին տունը երթալով կը տկարանար։
2 Քեբրոնի մէջ Դաւիթին որդիներ ծնան ու անոր անդրանիկը Յեզրայելացի Աքինոամէն ծնած Ամմոնն էր։
3 Անոր երկրորդը Կարմելացի Նաբաղի կնոջմէն Աբիգիայէն ծնած Քիլաբն էր ու երրորդը Գեսուրի թագաւորին Թոլմիի աղջկան Մաաքայի որդին Աբիսողոմն էր
4 Եւ չորրորդը Ագգիթի որդին Ադոնիան էր ու հինգերորդը Աբիտալի որդին Սափատիան էր
5 Ու վեցերորդը Դաւիթի կնոջմէն Եգղայէն ծնած Յեթրամն էր. Քեբրոնի մէջ Դաւիթի ասոնք ծնան։
6 Սաւուղին տանը մէջտեղ քանի որ պատերազմ կար, Աբեններ Սաւուղին տանը թիկունքն էր։
7 Սաւուղ հարճ մը ունէր՝ որուն անունը Ռեսփա էր ու Այիային աղջիկն էր։ Ու Յեբուսթէն Աբեններին ըսաւ. «Իմ հօրս հարճին ինչո՞ւ մօտեցար»։
8 Աբեններ Յեբուսթէին խօսքերուն համար խիստ բարկացաւ ու ըսաւ. «Միթէ ես շան գլո՞ւխ եմ որ Յուդայի դէմ՝ քու հօրդ Սաւուղին տանը, անոր եղբայրներուն ու բարեկամներուն այսօր ողորմութիւն ըրի ու քեզ Դաւիթին ձեռքը չմատնեցի եւ դուն այսօր այս կնոջ համար զիս կը մեղադրես։
9 Աստուած Աբեններին այսպէս ու ասկէ աւելին ընէ, եթէ Դաւիթին չընեմ ինչ որ Տէրը անոր երդում ըրաւ.
10 Այսինքն թագաւորութիւնը Սաւուղին տունէն վերցնեմ ու Դաւիթին աթոռը Իսրայէլի վրայ եւ Յուդայի վրայ հաստատեմ՝ Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ»։
11 Յեբուսթէ մէյ մըն ալ չկրցաւ Աբեններին պատասխան տալ՝ անկէ վախնալուն համար։
12 Աբեններ իր կողմէ Դաւիթին պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Այս երկիրը որո՞ւնն է։ Ինծի հետ դաշնակցութիւն ըրէ եւ իմ ձեռքս քեզի հետ պիտի ըլլայ՝ բոլոր Իսրայէլը քեզի դարձնելու համար»։
13 Դաւիթ ըսաւ. «Աղէկ, ես քեզի հետ դաշնակցութիւն կ’ընեմ. բայց քեզմէ բան մը կը պահանջեմ, որ իմ երեսս տեսնելու եկած ատենդ՝ եթէ Սաւուղին աղջիկը Մեղքողը ինծի չբերես, իմ երեսս չտեսնես»։
14 Դաւիթ Սաւուղին որդիին, Յեբուսթէին դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով. «Իմ կինս Մեղքողը ինծի տուր, որ Փղշտացիներու հարիւր անթլփատութիւններովը առի»։
15 Յեբուսթէ մարդ ղրկեց ու զանիկա անոր այրէն, Լայիսեան Փաղտիէլէն առաւ։
16 Անոր այրը լալով մինչեւ Բաւուրիմ անոր ետեւէն գնաց։ Ու Աբեններ անոր ըսաւ. «Գնա՛, դարձի՛ր»։ Ու անիկա դարձաւ։
17 Աբեններ Իսրայէլի ծերերուն հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Երէկ ու միւս օր կ’ուզէիք որ Դաւիթ ձեր վրայ թագաւոր ըլլայ,
18 Ուրեմն հիմա ըրէք. քանզի Տէրը Դաւիթին համար խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Իմ ժողովուրդս Իսրայէլ Փղշտացիներուն ձեռքէն ու անոր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն՝ իմ ծառայիս Դաւիթին ձեռքով պիտի ազատեմ’»։
19 Աբեններ նոյն խօսքերը Բենիամինին ալ ըսաւ։ Անկէ ետքը Աբեններ Քեբրոն գնաց, որպէս զի Իսրայէլին ու Բենիամինին բոլոր տանը հաճոյ երեւցածը Դաւիթին ալ պատմէ։
20 Աբեններ Քեբրոն գնաց՝ Դաւիթին հետ քսան մարդ ունենալով։ Դաւիթ Աբեններին ու անոր հետ եղող մարդոց խնճոյք ըրաւ։
21 Աբեններ Դաւիթին ըսաւ. «Ելլեմ երթամ եւ բոլոր Իսրայէլը իմ տիրոջս՝ թագաւորին՝ քով հաւաքեմ, որպէս զի քեզի հետ դաշնակցութիւն ընեն ու դուն սրտիդ ուզածին պէս թագաւորութիւն ընես»։ Դաւիթ Աբենները ղրկեց, որ խաղաղութեամբ գնաց։
22 Դաւիթին ծառաները ու Յովաբ ասպատակութենէ ետ դարձան ու իրենց հետ խիստ շատ աւար բերին։ Աբեններ Դաւիթին քով Քեբրոնի մէջ չէր. քանզի Դաւիթ զանիկա ղրկեր էր ու անիկա խաղաղութեամբ գացեր էր։
23 Երբ Յովաբ եւ անոր հետ եղող բոլոր զօրքը եկան, Յովաբին պատմեցին ու ըսին. «Ներեան Աբեններ թագաւորին եկաւ. ան ալ զանիկա ղրկեց ու խաղաղութեամբ գնաց»։
24 Այն ատեն Յովաբ թագաւորին գնաց ու ըսաւ. «Ի՞նչ ըրիր, ահա Աբեններ քեզի եկեր է. ինչո՞ւ համար զանիկա թողուցիր որ երթայ։
25 Դուն չե՞ս գիտեր, որ Ներեան Աբեններ քեզ խաբելու, քու ելլելու ու մտնելու տեղդ հասկնալու ու քու ամէն գործդ իմանալու համար եկաւ»։
26 Յովաբ Դաւիթին քովէն ելաւ ու Աբեններին ետեւէն պատգամաւորներ ղրկեց ու զանիկա Սիրայի ջրհորէն ետ դարձուցին։ Բայց Դաւիթ չէր գիտեր։
27 Երբ Աբեններ Քեբրոն դարձաւ, Յովաբ զանիկա դրանը ներսիդին քաշեց, անոր հետ ծածուկ խօսակցութիւն ընելու համար ու զանիկա հոն, իր եղբօրը Ասայէլին արեանը համար, սնակուշտէն զարկաւ ու անիկա մեռաւ։
28 Երբ Դաւիթ լսեց՝ ըսաւ. «Ես ու իմ թագաւորութիւնս Ներեան Աբեններին արիւնէն յաւիտեան անպարտ ենք Տէրոջը առջեւ։
29 Յովաբին գլխուն վրայ ու անոր հօրը բոլոր տանը վրայ հասնի ու Յովաբին տունէն սերմնակաթ, բորոտ, ցուպի կռթնող, սրով ինկող ու հացի կարօտ պակաս չըլլայ»։
30 Այսպէս Յովաբ ու անոր եղբայրը Աբեսսա Աբենները մեռցուցին, քանզի անիկա անոնց եղբայրը Ասայէլը պատերազմի ժամանակ Գաբաւոնի մէջ մեռցուցեր էր։
31 Դաւիթ Յովաբին ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Հանդերձնիդ պատռեցէ՛ք ու քուրձեր հագէ՛ք եւ Աբեններին առջեւէն լացէ՛ք»։ Դաւիթ թագաւորը դագաղին ետեւէն գնաց։
32 Աբենները Քեբրոնի մէջ թաղեցին ու թագաւորը ձայնը վերցուց ու Աբեններին գերեզմանին վրայ լացաւ։ Բոլոր ժողովուրդն ալ լացաւ։
33 Թագաւորը Աբեններին համար ողբաց ու ըսաւ. «Միթէ Աբեններ այնպէ՞ս մեռաւ, Ինչպէս անզգամ մարդ մը կը մեռնի։
34 Քու ձեռքերդ կապուած չէին Ու ոտքերդ կապանքի մէջ դրուած չէին. Անօրէններուն առջեւ ինկողի մը պէս ինկար»։ Բոլոր ժողովուրդը նորէն անոր վրայ լացաւ։
35 Եւ քանի որ ցորեկ էր, բոլոր ժողովուրդը եկաւ որ Դաւիթին հաց կերցնեն. բայց Դաւիթ երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելին ընէ, եթէ արեւին մտնելէն առաջ հաց կամ ուրիշ բան մը ճաշակեմ»։
36 Բոլոր ժողովուրդը ուշադրութիւն ըրաւ ու այս բանը իրենց աչքին հաճոյ երեւցաւ՝ ինչպէս թագաւորին ամէն ըրածը բոլոր ժողովուրդին աչքերուն հաճոյ կ’երեւնար։
37 Այն օրը բոլոր ժողովուրդը ու բոլոր Իսրայէլ հասկցաւ, որ Ներեան Աբեններին մեռցուիլը թագաւորին կամքովը չէր։
38 Թագաւորը իր ծառաներուն ըսաւ. «Չէ՞ք գիտեր, թէ այսօր Իսրայէլի մէջ մեծ զօրավար մը ինկաւ։
39 Ես այսօր տկար եմ, թէպէտեւ թագաւոր օծուեցայ ու մարդիկը՝ Շարուհեայի որդիները՝ ինծի համար դաժան են. Տէրը հատուցանէ չարութիւն ընողին անոր չարութեանը համեմատ»։