Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 13

Անկէ ետքը՝ Դաւիթին որդին Աբիսողոմ գեղեցիկ քոյր մը ունէր, որուն անունը Թամար էր։ Դաւիթին որդին Ամնոն զանիկա սիրեց։
2 Ամնոն իր քրոջ Թամարին սիրոյն համար հիւանդանալու չափ նեղացաւ. քանզի անիկա կոյս աղջիկ ըլլալուն համր՝ անոր բան մը ընել Ամնոնին աչքերուն դժուար կ’երեւնար։
3 Ամնոն Յովնադաբ անունով բարեկամ մը ունէր, որ Դաւիթին եղբօրը Սամաայի որդին էր։ Յովնադաբ խիստ խորագէտ մարդ մըն էր
4 Եւ Ամնոնին ըսաւ. «Ո՛վ թագաւորի տղայ, դուն ինչո՞ւ համար այդպէս օրէ օր կը հալիս. պատճառը ինծի չե՞ս յայտներ»։ Ամնոն անոր ըսաւ. «Ես իմ եղբօրս Աբիսողոմին քրոջ Թամարին սիրահարած եմ»։
5 Յովնադաբ անոր ըսաւ. «Անկողնիդ մէջ պառկէ ու քեզ հիւանդ ձեւացուր ու երբ քու հայրդ քեզ տեսնելու գայ, անոր ըսէ. ‘Կ’աղաչեմ, որ իմ քոյրս Թամար ինծի գայ ու ինծի հաց կերցնէ ու իմ աչքերուս առջեւ կերակուր շինէ, որպէս զի տեսնեմ ու անոր ձեռքէն ուտեմ»։
6 Ամնոն պառկեցաւ ու զինք հիւանդ ձեւացուց ու երբ թագաւորը զանիկա տեսնելու եկաւ, Ամնոն թագաւորին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, իմ քոյրս Թամար թող գայ ու իմ աչքերուս առջեւ երկու բլիթ շինէ ու անոր ձեռքէն ուտեմ»։
7 Դաւիթ Թամարին մարդ ղրկեց տունը՝ ըսելով. «Ամնոն եղբօրդ տունը գնա ու անոր կերակուր շինէ»։
8 Թամար իր եղբօրը Ամնոնին տունը գնաց։ Անիկա պառկած էր։ Աղջիկը խմորը առաւ շաղեց ու անոր աչքերուն առջեւ բլիթներ շինեց ու եփեց
9 Եւ տապակը առաւ ու անոր առջեւ պարպեց, բայց անիկա ուտել չուզեց։ Ամնոն ըսաւ. «Քովէս ամէն մարդ դուրս հանեցէք»։ Ամէն մարդ անոր քովէն դուրս ելաւ։
10 Ամնոն Թամարին ըսաւ. «Կերակուրը սենեակը ներս բեր, որպէս զի ձեռքէդ ուտեմ»։ Թամար շինած բլիթները առաւ ու իր եղբօրը Ամնոնին սենեակը տարաւ եւ անոր մօտեցուց, որպէս զի ուտէ։
11 Իսկ Ամնոն զանիկա բռնեց ու անոր ըսաւ. «Եկո՛ւր, քոյրս, ինծի հետ պառկէ»։
12 Թամար ըսաւ անոր. «Ո՛չ, եղբայրս, զիս մի՛ բռնադատեր. քանզի Իսրայէլի մէջ այդպիսի բան չըլլար։ Այդ անզգամութիւնը մի՛ ըներ։
13 Իմ նախատինքս ո՞ւր տանիմ։ Դուն ալ Իսրայէլի մէջ անզգամներէն մէկուն պէս պիտի ըլլաս։ Հիմա կ’աղաչեմ, թագաւորին ըսէ ու անիկա զիս քեզմէ չ’արգիլեր»։
14 Բայց Ամնոն անոր մտիկ ընել չուզեց, հապա անկէ զօրաւոր ըլլալով՝ զանիկա բռնադատեց ու անոր հետ պառկեցաւ։
15 Ետքը Ամնոն զանիկա խիստ շատ ատեց, այնպէս որ ունեցած ատելութիւնը առաջուան ունեցած սէրէն աւելի մեծ էր։ Ամնոն անոր ըսաւ. «Ե՛լ գնա»։
16 Թամար անոր ըսաւ. «Պատճառ չկայ՝ ՝։ Զիս վռնտելուդ չարութիւնը, միւս ինծի ըրածէդ աւելի մեծ է»։ Բայց Ամնոն անոր մտիկ ընել չուզեց։
17 Եւ իրեն ծառայութիւն ընող մարդը կանչեց ու ըսաւ. «Ասիկա քովէս դուրս հանէ ու ետեւէն դուռը կղպէ»։
18 (Եւ աղջկան վրայ բազմագոյն պատմուճան մը կար. քանզի թագաւորին կոյս աղջիկները այսպիսի պատմուճան կը հագնէին։) Ու անոր ծառան զանիկա դուրս հանեց ու ետեւէն դուռը կղպեց։
19 Թամար մոխիր առաւ ու իր գլխուն վրայ ցանեց ու իր վրայի բազմագոյն պատմուճանը պատռեց եւ ձեռքը իր գլխուն վրայ դրաւ ու լալով գնաց։
20 Անոր եղբայրը Աբիսողոմ անոր ըսաւ. «Միթէ եղբայրդ Ամնոն քեզի հե՞տ եղաւ։ Հիմա, քո՛յրս, լուռ կեցիր, անիկա քու եղբայրդ է, ասիկա սիրտդ մի՛ դներ»։ Թամար իր եղբօրը Աբիսողոմին տունը անմխիթար կը նստէր։
21 Դաւիթ թագաւորը այս ամէն բաները ըսելով՝ խիստ բարկացաւ։
22 Աբիսողոմ Ամնոնին հետ աղէկ կամ գէշ խօսք մը չխօսեցաւ, քանզի Աբիսողոմ Ամնոնը կ’ատէր՝ իր քոյրը Թամարը լլկելուն համար։
23 Երկու տարի անցնելէն ետքը, երբ Աբիսողոմին ոչխարները Եփրեմին մօտ եղած Բաղաասօրին մէջ ասրակտուր կ’ընէին, Աբիսողոմ՝ թագաւորին բոլոր որդիները հրաւիրեց։
24 Եւ Աբիսողոմ՝ թագաւորին գնաց ու անոր ըսաւ. «Ահա քու ծառայիդ ոչխարները ասրակտուր կ’ընեն, շնորհք ըրէ՛, թագաւորն ու անոր ծառաները քու ծառայիդ հետ երթան»։
25 Թագաւորը Աբիսողոմին ըսաւ. «Ո՛չ, որդիս, ամէնքս չերթանք, որպէս զի քու վրադ ծանրութիւն չըլլանք»։ Աբիսողոմ ստիպեց. բայց Դաւիթ երթալ չուզեց ու զանիկա օրհնեց։
26 Աբիսողոմ ըսաւ. «Եթէ ոչ՝ գոնէ իմ եղբայրս Ամնոն մեզի հետ թող գայ»։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Անիկա ինչո՞ւ քեզի հետ երթայ»։
27 Բայց Աբիսողոմ թագաւորը ստիպեց, մինչեւ որ Ամնոնն ու իր բոլոր որդիները անոր հետ ղրկեց։
28 Աբիսողոմ իր մանչերուն պատուիրեց ու ըսաւ. «Նայեցէ՛ք, երբ Ամնոնին սիրտը գինիէն զուարթանայ ու ես ձեզի Ամնոնը զարկէ՛ք՝ ըսեմ, զանիկա մեռցուցէ՛ք. մի՛ վախնաք. չէ՞ որ ես ձեզի հրամայեցի. քաջասիրտ ու զօրաւոր կտրիճներ եղէք»։
29 Աբիսողոմին մանչերը Աբիսողոմին պատուիրածին պէս ըրին Ամնոնին։ Թագաւորին բոլոր որդիները ոտքի ելան եւ ամէն մէկը իր ջորին հեծնելով՝ փախան։
30 Անոնք դեռ ճամբան ըլլալով, Դաւիթին լուր տարին ու ըսին. «Աբիսողոմ՝ թագաւորին բոլոր որդիները մեռցուց ու անոնցմէ մէկը չմնաց»։
31 Թագաւորը ոտքի ելաւ, իր հանդերձները պատռեց ու գետինը պառկեցաւ ու անոր բոլոր ծառաները հանդերձնին պատռած անոր բոլորտիքը կայնեցան։
32 Դաւիթին եղբօր Սամաայի որդին Յովնադաբ ըսաւ. «Իմ տէրս թող չկարծէ թէ բոլոր երիտասարդները՝ թագաւորին որդիները՝ մեռցուցին, քանզի միայն Ամնոն մեռած է. վասն զի այս բանը Աբիսողոմին բերնովը որոշուած էր՝ անոր քոյրը Թամարը լլկած օրէն ի վեր։
33 Ու հիմա իմ թագաւոր տիրոջս սիրտը չվշտանայ, կարծելով թէ թագաւորին բոլոր որդիները մեռան, քանզի միայն Ամնոն մեռած է»։
34 Աբիսողոմ փախաւ։ Երբ Դաւիթին պատանին՝ դէտը՝ աչքերը վերցուց նայեցաւ, տեսաւ որ իր ետեւէն լերանը քովէն խիստ շատ ժողովուրդ կու գար։
35 Այն ատեն Յովնադաբ թագաւորին ըսաւ. «Ահա թագաւորին որդիները կու գան. ծառայիդ խօսքը շիտակ ելաւ»։
36 Անիկա իր խօսքը լմնցուցածին պէս՝ ահա թագաւորին որդիները եկան ու ձայներնին վերցուցին ու լացին։ Թագաւորն ալ ու անոր բոլոր ծառաները խիստ մեծ լացով մը լացին։
37 Իսկ Աբիսողոմ փախաւ ու Գեսուրի թագաւորին, Ամիուդի որդիին Թոլմիին գնաց. բայց Դաւիթ ամէն օր իր որդիին համար սուգ կ’ընէր։
38 Աբիսողոմ փախաւ ու Գեսուր գնաց ու հոն երեք տարի մնաց։ Դաւիթ թագաւորը Աբիսողոմը տեսնել կը փափաքէր, քանզի Ամմոնին համար մխիթարուեր էր։