Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 20
Հոն Բենիամինի ցեղէն Բոքորեան Սաբէէ անունով անօրէն մարդ մը գտնուեցաւ։ Անիկա փող հնչեցուց ու ըսաւ. «Մենք Դաւիթին քով բաժին ու Յեսսէին որդիին քով ժառանգութիւն չունինք. ո՛վ Իսրայէլ, ամէն մարդ իր վրանը թող դառնայ»։
2 Ուստի Իսրայէլի բոլոր մարդիկը Դաւիթէն զատուեցան ու Բոքորեան Սաբէէին ետեւէն գացին, բայց Յուդայի մարդիկը Յորդանանէն մինչեւ Երուսաղէմ իրենց թագաւորին հետեւեցան։
3 Դաւիթ Երուսաղէմ իր տունը գնաց։ Թագաւորը իր տանը պահպանութեանը համար թողուցած տասը հարճերը առաւ ու զանոնք տանը մը մէջ պահել տուաւ եւ զանոնք կը կերակրէր, բայց անոնց չմօտեցաւ։ Անոնք մինչեւ իրենց մեռնելու օրը պահուած մնացին ու որբեւարիի պէս ապրեցան։
4 Թագաւորը Ամեսայիին ըսաւ. «Մինչեւ երեք օր Յուդայի մարդիկը ինծի կանչէ ու դուն ալ հոս ներկայ եղիր»։
5 Ուստի Ամեսայի Յուդան կանչելու գնաց, բայց որոշուած ատենէն աւելի ուշացաւ։
6 Այն ատեն Դաւիթ Աբեսսային ըսաւ. «Հիմա Բոքորեան Սաբէէն Աբիսողոմէն աւելի չարութիւն պիտի ընէ մեզի. ուրեմն դուն քու տիրոջդ ծառաները քեզի հետ ա՛ռ ու անոր ետեւէն գնա, չըլլայ որ իրեն պարսպապատ քաղաքներ գտնէ ու մեր աչքէն անյայտ ըլլայ»։
7 Այսպէս Յովաբին մարդիկը ու Քերեթիները ու Փելեթիները եւ բոլոր զօրաւորները անոր ետեւէն ելան ու Բոքորեան Սաբէէն հալածելու համար Երուսաղէմէն գացին։
8 Երբ անոնք Գաբաւոնի մէջ եղող մեծ քարին քով հասան, Ամեսային անոնց դէմ ելաւ։ Յովաբ իր հագած հանդերձները գօտեւորած էր ու անոր վրայէն ուրիշ գօտիով՝ մէջքը սուր մը կապած էր պատեանովը մէկտեղ։ Երբ անիկա կ’երթար՝ սուրը պատեանէն ինկաւ։
9 Յովաբ Ամեսայիին ըսաւ. «Եղբայրս, ողջ առո՞ղջ ես»։ Յովաբ Ամեսային համբուրելու համար աջ ձեռքովը անոր մօրուքէն բռնեց։
10 Ամեսային Յովաբին ձեռքը եղած սուրէն չզգուշացաւ։ Յովաբ սնակուշտէն զարկաւ զանիկա եւ անոր աղիքները գետինը թափեց։ Անոր երկու անգամ չզարկաւ ու անիկա մեռաւ։ Յովաբ ու իր եղբայրը Աբեսսա Բոքորեան Սաբէէին ետեւէն գացին։
11 Այն ատեն Յովաբին պատանիներէն մէկը անոր քով կայնեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ որ Յովաբը կը սիրէ ու ո՛վ որ Դաւիթին կողմէն է, Յովաբին ետեւէն թող երթայ»։
12 Ամեսային՝ ճամբուն վրայ՝ իր արիւնին մէջ կը թաւալէր։ Այն մարդը, երբ տեսաւ որ բոլոր զօրքը կայնեցաւ, Ամեսային ճամբուն վրայէն վերցուց ու արտի մը մէջ ձգեց եւ զայն լաթով մը ծածկեց. քանզի տեսաւ, որ ամէն անոր քով եկողը կանգ կ’առնէ։
13 Զանիկա ճամբուն վրայէն վերցուցածին պէս՝ ամէն մարդ Յովաբին ետեւէն գնաց Բոքորեան Սաբէէն հալածելու համար։
14 (Բայց անիկա Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն մինչեւ Աբէլ ու Բեթմաաքա անցեր էր բոլոր Բերացիներուն հետ, որոնք անոր քով հաւաքուելով՝ անոր ետեւէն գացեր էին։)
15 Անոնք հասան ու Բեթմաաքայի Աբէլի մէջ՝ զանիկա պաշարեցին ու քաղաքին առջեւ հողաբլուր մը շինեցին, որ պարսպին մօտ կանգնուեցաւ եւ Յովաբին հետ եղող բոլոր զօրքը պարիսպը փլցնելու կ’աշխատէին։
16 Իմաստուն կին մը քաղաքէն կանչեց. «Լսեցէ՛ք, լսեցէ՛ք. շնորհք ըրէ՛ք, Յովաբին ըսէք. ‘Հոս մօտեցիր, որպէս զի քեզի հետ խօսիմ’»։
17 Յովաբ անոր մօտեցաւ ու կինը ըսաւ. «Յովաբը դո՞ւն ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես եմ»։ Կինը անոր ըսաւ. «Քու աղախինիդ խօսքերուն մտիկ ըրէ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա մտիկ կ’ընեմ»։
18 Կինը խօսեցաւ ու ըսաւ. «Հին ատենը սովորաբար կ’ըսէին՝ ‘Թող Աբէլին երթան հարցնեն՝ ՝ ու այնպէս լմնցնեն’։
19 Ես Իսրայէլի մէջ խաղաղարար ու հաւատարիմ քաղաք մըն եմ, բայց դուն կը ջանաս աւերել այնպիսի քաղաք մը, որ Իսրայէլի մէջ մայրաքաղաք մըն է՝ ՝. Տէրոջը ժառանգութիւնը ինչո՞ւ բնաջինջ կ’ընես»։
20 Յովաբ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Քա՜ւ լիցի, քա՜ւ լիցի, որ ես բնաջինջ ընեմ կամ աւերեմ.
21 Բանը այդպէս չէ. հապա Եփրեմի լեռնէն Բոքորեան Սաբէէ անունով մարդ մը իր ձեռքը Դաւիթ թագաւորին դէմ վերցուց, միայն զանիկա տուէք ու այս քաղաքէն երթամ»։ Կինը Յովաբին ըսաւ. «Ահա անոր գլուխը պարսպին վրայէն քեզի պիտի նետուի»։
22 Ու կինը բոլոր ժողավորդին գնաց, իր իմաստութեամբ խօսեցաւ եւ Բոքորեան Սաբէէին գլուխը կտրեցին ու Յովաբին նետեցին։ Այն ատեն անիկա փող հնչեցուց ու ամէն մարդ այն քաղաքէն իր վրանը քաշուեցաւ։ Յովաբ ալ Երուսաղէմ թագաւորին դարձաւ։
23 Եւ Յովաբ Իսրայէլի զօրքերուն վրայ էր ու Յովիադայի որդին Բանիա Քերեթիներուն ու Փելեթիներուն վրայ էր։
24 Ադորամ հարկերուն վրայ ու Աքիղուդի որդին Յովսափատ յիշատակներու դպիր էր
25 Եւ Սուսա ատենադպիր էր ու Սադովկ ու Աբիաթար քահանաներ էին։
26 Եւ Յայիրացի Իրաս ալ Դաւիթի նախարարն էր։