Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 5
Իսրայէլին բոլոր ցեղերը Քեբրոն եկան Դաւիթին ու անոր ըսին. «Ահա մենք քու ոսկորդ ու քու մարմինդ ենք։
2 Ասկէ առաջ ալ՝ երբ Սաւուղ մեր վրայ թագաւոր էր, Իսրայէլը դուրս հանողն ու ներս բերողը դուն էիր եւ Տէրը քեզի ըսաւ. ‘Իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը՝ դուն պիտի հովուես ու Իսրայէլի վրայ իշխան պիտի ըլլաս’»։
3 Իսրայէլին բոլոր ծերերը Քեբրոն եկան թագաւորին ու Դաւիթ թագաւորը Քեբրոնի մէջ Տէրոջը առջեւ անոնց հետ դաշնակցութիւն ըրաւ։ Անոնք Դաւիթը Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցին։
4 Դաւիթ երեսուն տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու քառասուն տարի թագաւորութիւն ըրաւ։
5 Քեբրոնի մէջ Յուդայի վրայ եօթը տարի ու վեց ամիս թագաւորութիւն ըրաւ ու Երուսաղէմի մէջ բոլոր Իսրայէլի ու Յուդայի վրայ երեսունըերեք տարի թագաւորութիւն ըրաւ։
6 Թագաւորը իր մարդոցմով Երուսաղէմ գնաց, այն երկիրը բնակող Յեբուսացիներուն վրայ։ Ու Դաւիթին խօսեցան՝ ըսելով. «Եթէ կոյրերն ու կաղերը չվերցնես, հոս պիտի չմտնես», կարծելով թէ Դաւիթ չի կրնար հոն մտնել։
7 Բայց Դաւիթ առաւ Սիօնի բերդը, (որ Դաւիթի քաղաքը կը կոչուի։)
8 Դաւիթ այն օրը ըսաւ. «Ով որ Յեբուսացիները զարնէ ու ջրանցքը հասնելով Դաւիթին ատելի կաղերն ու կոյրերը վերցնէ, անիկա զօրագլուխ պիտի ըլլայ»։ Անոր համար կ’ըսեն՝ ‘Կոյրն ու կաղը տունը չմտնէ’։
9 Դաւիթ այն բերդին մէջ նստաւ ու զանիկա Դաւիթին քաղաքը անուանեց։ Դաւիթ անոր չորս կողմը Մելօնէ դէպի ներս շէնքեր շինեց։
10 Դաւիթ երթալով կը մեծնար ու զօրքերու Տէր Աստուածը անոր հետ էր։
11 Տիւրոսի թագաւորը՝ Քիրամ՝ Դաւիթին դեսպաններ ղրկեց, նաեւ եղեւնափայտեր ու հիւսներ ու որմնադիրներ, որոնք Դաւիթին տուն շինեցին։
12 Այն ատեն Դաւիթ իմացաւ որ Տէրը զինք Իսրայէլի վրայ թագաւոր հաստատեց ու իր ժողովուրդին՝ Իսրայէլին համար՝ իր թագաւորութիւնը բարձրացուց։
13 Դաւիթ Քեբրոնէն գալէն ետքը՝ Երուսաղէմէն ուրիշ հարճեր ու կիներ ալ առաւ։ Դաւիթին ուրիշ տղաքներ ու աղջիկներ ալ ծնան։
14 Երուսաղէմի մէջ անոր ծնած տղոցը անունները ասոնք են՝ Սամաա, Սովբաբ, Նաթան, Սողոմոն,
15 Յեբաար, Եղիսուա, Նաբեկ, Յափիէ,
16 Եղիսամա, Եղիադա ու Եղիփաղէտ։
17 Փղշտացիները Դաւիթին Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծուիլը լսելով, բոլոր Փղշտացիները ոտքի ելան, որպէս զի Դաւիթը փնտռեն։ Երբ Դաւիթ այս բանը լսեց՝ բերդը իջաւ։
18 Փղշտացիները եկան եւ Ռափայիններուն հովիտին մէջ տարածուեցան։
19 Ու Դաւիթ Տէրոջը հարցուց. «Փղշտացիներուն դէմ ելլե՞մ, զանոնք իմ ձեռքս պիտի մատնե՞ս»։ Տէրը Դաւիթին ըսաւ. «Ելի՛ր, քանզի Փղշտացիները անշուշտ քու ձեռքդ պիտի մատնեմ»։
20 Այն ատեն Դաւիթ Բաաղ-Փարասին գնաց ու զանոնք հոն զարկաւ ու ըսաւ. «Տէրը իմ թշնամիներս իմ ձեռքովս պատռտեց, ինչպէս ջուրերը թումբերը կը պատռտեն»։ Անոր համար այն տեղին անունը Բաաղփարասին կոչուեցաւ։
21 Փղշտացիները հոն թողուցին իրենց կուռքերը։ Դաւիթ ու իր մարդիկը զանոնք առին։
22 Ու Փղշտացիները նորէն ելան եւ Ռափայիններուն հովիտին մէջ տարածուեցան։
23 Երբ Դաւիթ Տէրոջը հարցուց, Տէրը ըսաւ. «Մի՛ ելլեր. հապա անոնց ետեւի կողմը դառնալով՝ թթենիներուն կողմէն անոնց վրայ գնա
24 Ու երբ թթենիներուն գլուխը քալուածքի մը ձայն լսես, այն ատեն շարժիր, քանզի այն ատեն Տէրը քու առջեւէդ պիտի ելլէ Փղշտացիներուն բանակը զարնելու համար»։
25 Եւ Դաւիթ այնպէս ըրաւ, ինչպէս Տէրը իրեն հրամայեց ու Գաբայէն մինչեւ Գազեր Փղշտացիները զարկաւ։