Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 23
Դաւիթին վերջին խօսքերը ասոնք են։ Յեսսէի որդին Դաւիթ՝ Այն մարդը, որ բարձրացաւ՝ Յակոբի Աստուծոյն օծեալը՝ Ու Իսրայէլի վայելուչ երգերը շարադրողը, կ’ըսէ.
2 «Տէրոջը Հոգին ինծմով խօսեցաւ Ու անոր խօսքը իմ լեզուիս վրայ էր։
3 Իսրայէլին Աստուածը ըսաւ Ու Իսրայէլին Վէմը ինծի խօսեցաւ Ըսելով. ‘Մարդոց վրայ իշխողը թող արդար ըլլայ Ու Աստուծոյ վախովը իշխէ’,
4 Այն ատեն անիկա առաւօտեան լոյսին կը նմանի, Որ արեւուն ծագած ատենը կ’երեւնայ, Այնպիսի առաւօտի մը՝ որ առանց ամպի է Ու արեւու ճառագայթին՝ Որ անձրեւէն ետքը գետնէն կանանչ խոտ կը բուսցնէ։
5 Թէեւ իմ տունս Աստուծոյ քով այսպէս չէ, Սակայն ինծի հետ յաւիտենական ուխտ մը ըրաւ, Որ ամէն բանի մէջ պատրաստ ու հաստատ է. Քանզի իմ բոլոր փրկութիւնս ու իմ բոլոր բաղձանքս այս է. Ու պիտի չծաղկեցնէ՞՝ ՝ զայն։
6 Բայց բոլոր անօրէնները Դուրս նետուած փուշերու պէս պիտի ըլլան, Քանզի անոնք ձեռքով չեն բռնուիր։
7 Անոնց դպչող մարդը Երկաթը ու նիզակին բունը իրեն զէնք պիտի ընէ՝ ՝ Ու իրենց եղած տեղը Բոլորովին կրակի մէջ պիտի այրին»։
8 Դաւիթին զօրաւոր մարդոցը անունները ասոնք են. Յօսէբ-Բասեբեթ Թահքեմոնացին, որ զօրավարներուն գլխաւորն էր. անիկա է Ասօնացի Ադինօն, որ անգամ մը ութ հարիւր մարդ մէկէն մեռցուց՝ ՝։
9 Անկէ ետքը Աքուքացի Դովդայի որդին Եղիազարը, որ Դաւիթին հետ եղող երեք զօրաւորներէն մէկն էր, երբ անոնք պատերազմելու համար հոն հաւաքուած Փղշտացիները նախատեցին ու Իսրայէլի մարդիկը փախան։
10 Ասիկա ելաւ ու Փղշտացիները զարկաւ, մինչեւ որ ձեռքը յոգնեցաւ ու ձեռքը իր սուրին վրայ փակաւ։ Տէրը այն օրը մեծ փրկութիւն ըրաւ ու ժողովուրդը անոր ետեւէն դարձաւ՝ միայն կողոպուտը առնելու համար։
11 Անկէ ետքը Արարացի Ագէին որդին Սամման էր։ Փղշտացիները գունդ մը կազմեցին՝ ՝ ու հոն ոսպով լեցուն ագարակ մը կար։ Ժողովուրդը Փղշտացիներուն առջեւէն փախաւ։
12 Բայց անիկա ագարակին մէջտեղը կեցաւ, զանիկա պաշտպանեց ու Փղշտացիները զարկաւ եւ Տէրը մեծ փրկութիւն ըրաւ։
13 Երեսուն զօրավարներուն երեքը իջան եւ հունձքի ատեն Ոդողոմին քարայրը՝ Դաւիթին եկան։ Փղշտացիներուն մէկ գունդը Ռափայիններուն հովիտին մէջ բանակեր էր։
14 Այն ատեն Դաւիթ բերդին մէջ էր։ Փղշտացիները Բեթլէհէմի մէջ բերդապահ զօրք ունէին։
15 Դաւիթ փափաքելով՝ ըսաւ. «Բեթլէհէմին դուռը եղող ջրհորէն ո՞վ ինծի ջուր պիտի խմցնէ»։
16 Այն ատեն այս երեք զօրաւորները Փղշտացիներու բանակը ճեղքեցին անցան ու Բեթլէհէմի դուռը եղող ջրհորէն ջուր քաշեցին ու Դաւիթին բերին. բայց անիկա չուզեց անկէ խմել, հապա զանիկա թափելով՝ Տէրոջը նուիրեց
17 Ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, քա՜ւ լիցի որ ես այս բանը ընեմ. իրենց կեանքը վտանգի մէջ դնելով գացող մարդոց արի՞ւնը խմեմ» ու անկէ խմել չուզեց։ Ասոնք են այն երեք զօրաւոր մարդոց ըրածները։
18 Շարուհեան Յովաբին եղբայրը Աբեսսա այն երեք մարդոց գլխաւորն էր։ Անիկա իր նիզակը երեք հարիւր մարդոց դէմ վերցնելով՝ սպաննեց զանոնք։ Անիկա երեքին մէջ անուանի էր։
19 Այն ամենէն աւելի համարում ունենալուն համար, անոնց գլուխ եղաւ. բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։
20 Մեծ գործեր գործող Կաբեսէելացի զօրաւոր մարդու մը որդիին Յովիադայի որդին Բանիա Մովաբացի Արիէլին երկու որդիները մեռցուց։ Ձիւնի ժամանակ իջաւ ու գուբին մէջ առիւծը մեռցուց։
21 Ասիկա տեսքով երեւելի Եգիպտացի մարդ մըն ալ մեռցուց։ Եգիպտացիին ձեռքը նիզակ մը կար, բայց Բանիա ցուպով մը անոր վրայ գնաց ու Եգիպտացիին ձեռքէն նիզակը յափշտակեց եւ անոր նիզակովը զայն մեռցուց։
22 Յովիադայի որդին Բանիա այս բաները ըրաւ ու երեք զօրաւորներուն մէջ անուանի եղաւ.
23 Երեսունէն աւելի պատիւ ունէր, բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։ Դաւիթ զանիկա իր ատեանին վերակացու դրաւ։
24 Յովաբին եղբայրը Ասայէլ երեսունէն էր. նաեւ Բեթլէհեմացի Դովդայի որդին Ելէանան,
25 Հարօդացի Սամմա, Հարօդացի Եղիկա,
26 Փելլատացի Քեղղէս. Թեկուացի Եկգեսի որդին Իրաս,
27 Անաթովթացի Աբիեզեր, Ովսացի Մեբունայ
28 Աքուքացի Սելմօն, Նետոփաթացի Մաարայ,
29 Նետոփաթացի Բաանայի որդին Ալաբ, Բենիամինի որդիներուն Գաբաայէն՝ Ռիփայի որդին Եթթի,
30 Փարաթոնացի Բանիա, Գաասի ձորերէն Ադդայի,
31 Արաբաթացի Աբիելբոն, Բարումացի Ազամօթ,
32 Սաղաբինացի Եղիաբա, Յասենի որդիներէն՝ Յովնաթան,
33 Արարացի Սամմա, Արարացի Սարարի որդին Աքիամ,
34 Մաքաթիի որդիին Ահասբայի որդին Եղիփաղէտ, Գեղոնացի Աքիտոփէլի որդին Եղիամ,
35 Կարմելացի Ասարէ, Արբացի Փաարայ,
36 Սուբացի Նաթանի որդին Իգաղ, Գադացի Բանի,
37 Ամմոնացի Սելեկ, Շարուհեան Յովաբի կապարճակիրը Բերովթացի Նաարա,
38 Յեթերացի Իրաս, Յեթերացի Գարեբ,
39 Քետացի Ուրիա. ամէնքը երեսունըեօթն էին։