Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 9

Դաւիթ հարցուց. «Արդեօք Սաւուղին տունէն մնացած մարդ մը կա՞յ, որ Յովնաթանին սիրոյն համար անոր բարերարութիւն ընեմ»։
2 Սաւուղին տունէն Սիբա անունով ծառայ մը կար։ Զանիկա Դաւիթին կանչեցին։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Սիբան դո՞ւն ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ծառադ եմ»։
3 Թագաւորը ըսաւ. «Սաւուղին տունէն մնացած մարդ մը չկա՞յ, որպէս զի անոր Աստուծոյ ողորմութիւնը ընեմ»։ Սիբան ըսաւ թագաւորին. «Յովնաթանէն՝ ոտքերը կաղ որդի մը մնաց»։
4 Թագաւորը ըսաւ անոր. «Անիկա ո՞ւր է»։ Սիբան ըսաւ թագաւորին. «Ահա անիկա Լադաբարի մէջ Ամիէլի որդիին Մաքիրին տունն է»։
5 Դաւիթ թագաւորը մարդ ղրկեց ու զանիկա Լադաբարի Ամիէլին որդիին Մաքիրին տունէն բերաւ։
6 Սաւուղին որդիին՝ Յովնաթանին որդին Մեմփիբոսթէ, երբ Դաւիթին եկաւ, երեսի վրայ ինկաւ ու խոնարհութիւն ըրաւ։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ Մեմփիբոսթէ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա քու ծառադ»։
7 Դաւիթ անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, քանզի քու հօրդ Յովնաթանին սիրոյն համար քեզի անշուշտ բարերարութիւն պիտի ընեմ ու քու հօրդ Սաւուղին բոլոր արտերը քու վրադ պիտի դարձնեմ ու դուն միշտ իմ սեղանս հաց պիտի ուտես»։
8 Անիկա խոնարհութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Քւ ծառադ ո՞վ է, որ ինծի պէս մեռած շան մը վրայ նայեցար»։
9 Իսկ թագաւորը Սաւուղին ծառան Սիբան կանչեց ու անոր ըսաւ. «Սաւուղին ու անոր տանը բոլոր ստացուածքը քու տիրոջդ որդիին տուի։
10 Դուն ու քու որդիներդ ու ծառաներդ անոր երկիրը մշակեցէք ու անոր պտուղը իրեն բերէք, որպէս զի քու տիրոջդ որդին ուտելու հաց ունենայ եւ քու տիրոջդ որդին Մեմփիբոսթէն միշտ իմ սեղանս հաց պիտի ուտէ»։ Ու Սիբա տասնըհինգ որդի ու քսան ծառայ ունէր։
11 Եւ Սիբան ըսաւ թագաւորին. «Իմ թագաւոր տէրս քու ծառայիդ ինչ որ հրամայեց, քու ծառադ այնպէս պիտի ընէ»։ Բայց Մեմփիբոսթէն (ըսաւ Դաւիթ,) թագաւորին որդիներէն մէկուն պէս՝ իմ սեղանս հաց պիտի ուտէ։
12 Ու Մեմփիբոսթէն պզտիկ տղայ մը ունէր, որուն անունը Միքա էր։ Սիբային տունը բնակողները Մեմփիբոսթէին ծառաներն էին։
13 Մեմփիբոսթէն Երուսաղէմի մէջ բնակեցաւ, քանզի միշտ թագաւորին սեղանը հաց կ’ուտէր ու անիկա իր երկու ոտքերովը կաղ էր։