Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 12
Տէրը Նաթանը Դաւիթին ղրկեց։ Նաթան գնաց եւ անոր ըսաւ. «Քաղաքի մը մէջ երկու մարդ կային, մէկը՝ հարուստ ու միւսը՝ աղքատ։
2 Հարուստը խիստ շատ հօտեր ու արջառներ ունէր,
3 Բայց աղքատը ուրիշ բան մը չունէր, միայն էգ գառնուկ մը, որ ծախու առեր էր ու կը սնուցանէր։ Գառնուկը անոր հետ ու անոր տղոցը հետ մէկտեղ մեծցաւ։ Անոր պատառէն կ’ուտէր ու անոր գաւաթէն կը խմէր եւ անոր ծոցը կը պառկէր ու անոր՝ աղջկան մը պէս էր։
4 Ճամբորդ մը եկաւ այն հարուստ մարդուն, ան ալ չուզեց իր հօտերէն ու արջառներէն առնել ու իրեն եկող ճամբորդին կերակուր պատրաստել, գնաց այն աղքատ մարդուն էգ գառնուկը առաւ ու զանիկա իրեն եկող մարդուն համար պատրաստեց»։
5 Այն ատեն Դաւիթին բարկութիւնը այն մարդուն դէմ սաստիկ բորբոքեցաւ ու Նաթանին ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ այդ բանը ընող մարդը մեռնելու արժանի է։
6 Այն գառնուկին չորեքպատիկը պէտք է հատուցանէ, քանզի այս բանը ըրաւ ու գութ չունեցաւ»։
7 Այն ատեն Նաթան Դաւիթին ըսաւ. «Այդ մարդը դո՛ւն ես։ Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քեզ Իսրայէլի վրայ ե՛ս թագաւոր օծեցի ու քեզ Սաւուղին ձեռքէն ե՛ս ազատեցի
8 Եւ տիրոջդ տունը քեզի ու տիրոջդ կիները քու ծոցդ տուի եւ Իսրայէլի ու Յուդայի տունը քեզի տուի ու եթէ քիչ կ’երեւնար, քեզի ասոնցմէ աւելի բաներ կու տայի՝ ՝։
9 Ինչո՞ւ համար Տէրոջը խօսքը անարգեցիր անոր աչքերուն առջեւ չարութիւն ընելով եւ Ուրիային կինը քեզի կին առիր ու զանիկա Ամմոնի որդիներուն սրովը սպաննեցիր։
10 Հիմա զիս անարգելուդ համար ու Քետացի Ուրիային կինը քեզի կին առնելուդ համար, քու տունէդ սուրը յաւիտեան պակաս պիտի չըլլայ։
11 Եւ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու տունէդ քեզի դէմ չարիք մը պիտի հանեմ ու քու աչքերուդ առջեւ քու կիներդ պիտի առնեմ եւ զանոնք քու դրացիիդ պիտի տամ ու անիկա այս արեգակին առջեւ քու կիներուդ հետ պիտի պառկի։
12 Թէեւ դուն ծածկաբար ըրիր, բայց ես այս բանը բոլոր Իսրայէլին առջեւ ու արեգակին առջեւ պիտի ընեմ’»։
13 Դաւիթ Նաթանին ըսաւ. «Տէրոջը դէմ մեղք գործեցի»։ Եւ Նաթան Դաւիթին ըսաւ. «Տէրն ալ քու մեղքդ ներեց, պիտի չմեռնիս
14 Եւ որովհետեւ այս բանով Տէրոջը թշնամիներուն հայհոյութիւն ընելու առիթ տուիր, անոր համար այս քեզի ծնած տղան անշուշտ պիտի մեռնի»։
15 Նաթան իր տունը գնաց։ Տէրը զարկաւ այն մանուկը, որ Ուրիային կինը Դաւիթին ծներ էր ու սաստիկ հիւանդացաւ։
16 Դաւիթ մանուկին համար Աստուծոյ աղաչեց ու ծոմ պահեց ու գնաց բոլոր գիշերը գետնին վրայ պառկեցաւ։
17 Անոր տանը ծերերը անոր քով գացին՝ ՝, որպէս զի զանիկա գետնէն վերցնեն. բայց անիկա չուզեց ու անոնց հետ հաց չկերաւ։
18 Եօթներորդ օրը մանուկը մեռաւ։ Դաւիթին ծառաները մանուկին մեռնիլը անոր իմացնել վախցան, քանզի ըսին. «Ահա քանի որ մանուկը ողջ էր՝ անոր ըսինք ու անիկա մեր խօսքին մտիկ չըրաւ. ի՞նչպէս անոր ըսենք թէ՝ ‘Մանուկը մեռաւ’, որ գէշ բան մը ընէ»։
19 Բայց Դաւիթ իր ծառաներուն շշնջիւնը տեսնելով՝ իմացաւ որ մանուկը մեռեր է ու Դաւիթ իր ծառաներուն ըսաւ. «Մանուկը մեռա՞ւ»։ Անոնք ըսին. «Մեռաւ»։
20 Այն ատեն Դաւիթ գետնէն ելաւ, լուացուեցաւ, օծուեցաւ, հանդերձները փոխեց ու Տէրոջը տունը մտնելով՝ երկրպագութիւն ըրաւ։ Յետոյ իր տունը դարձաւ եւ ուզեց ու անոր առջեւ հաց դրին ու կերաւ։
21 Ծառաները անոր ըսին. «Այս ըրած բանդ ի՞նչ պիտի ըլլայ. քանի որ մանուկը ողջ էր, անոր համար ծոմ պահեցիր ու լացիր. իսկ մանուկը մեռածին պէս ելար հաց կերար»։
22 Դաւիթ ըսաւ. «Քանի որ մանուկը ողջ էր, ծոմ պահեցի ու լացի. քանզի ըսի. ‘Ո՞վ գիտէ, թերեւս Աստուած ինծի ողորմի ու մանուկը առողջանայ’։
23 Բայց հիմա անիկա մեռած է, ինչո՞ւ համար ծոմ պահեմ. միթէ ես կրնա՞մ զանիկա ետ դարձնել։ Ես անոր պիտի երթամ, բայց անիկա ինծի պիտի չդառնայ»։
24 Դաւիթ իր կինը Բերսաբէն մխիթարեց ու անոր քով մտաւ եւ անոր հետ պառկեցաւ ու անիկա որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Սողոմոն դրաւ։ Տէրը զանիկա սիրեց։
25 Նաթան մարգարէին ձեռքով պատգամ ղրկեց եւ անոր անունը Տէրոջը համար Յեդիդիա կոչեց։
26 Յովաբ Ամմոնի որդիներուն Ռաբբային դէմ պատերազմ ըրաւ ու թագաւորանիստ քաղաքը առաւ։
27 Յովաբ Դաւիթին պատգամաւորներ ղրկեց ու ըսաւ. «Ռաբբային դէմ պատերազմ ըրի ու ջուրերուն քաղաքը առի։
28 Հիմա մնացած ժողովուրդը հաւաքէ ու քաղաքին դէմ բանակ դիր եւ զանիկա առ. չըլլայ որ քաղաքը ես առնեմ ու անոր վրայ իմ անունս դրուի»։
29 Ուստի Դաւիթ բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց ու Ռաբբա գնաց եւ անոր դէմ պատերազմելով՝ զանիկա առաւ։
30 Անոնց թագաւորին գլխէն թագը առաւ, որ տաղանդ մը ոսկիի ծանրութիւն ունէր՝ պատուական քարերով զարդարուած։ Անիկա Դաւիթին գլուխը դրուեցաւ։ Դաւիթ քաղաքէն խիստ շատ աւար առաւ։
31 Եւ անոր մէջ եղած ժողովուրդը հանեց ու զանոնք սղոցներու ու երկաթէ կամնասայլերու ու երկաթէ տապարներու տակ դրաւ եւ զանոնք աղիւսէ փուռէ անցուց։ Ամմոնի որդիներուն բոլոր քաղաքներուն այսպէս ըրաւ։ Դաւիթ բոլոր ժողովուրդով Երուսաղէմ դարձաւ։