Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 18
Դաւիթ իրեն հետ եղող զօրքը համրեց։ Անոնց վրայ հազարապետներ ու հարիւրապետներ դրաւ։
2 Դաւիթ զօրքին մէկ երրորդը՝ Յովաբին ձեռքը, մէկ երրորդը՝ Յովաբին եղբօր Շարուհեան Աբեսսային ձեռքը ու մէկ երրորդը Գեթացի Եթթիին ձեռքը յանձնեց՝ ՝։ Թագաւորը ժողովուրդին ըսաւ. «Անպատճառ ես ալ ձեզի հետ պիտի ելլեմ»։
3 Բայց ժողովուրդը ըսաւ. «Մի՛ ելլեր, քանզի եթէ մենք փախչելու ըլլանք, անոնք մեզի համար հոգ չեն ըներ ու թէեւ մեր կէսը մեռնի, անոնք բանի մը տեղ չեն դներ. բայց դուն մեր տասը հազարին չափ ես ու հիմա աղէկը այն է, որ դուն մեզի քաղաքէն օգնութիւն ղրկես»։
4 Եւ թագաւորը անոնց ըսաւ. «Ձեր աչքերուն հաճոյ երեւցածը պիտի ընեմ»։ Թագաւորը դրանը քով կայնեցաւ եւ բոլոր զօրքը հարիւրներով ու հազարներով կ’ելլէին։
5 Ու թագաւորը Յովաբին եւ Աբեսսային ու Եթթիին պատուիրելով՝ ըսաւ. «Իմ սիրոյս համար Աբիսողոմ պատանիին խնայեցէք»։ Երբ թագաւորը Աբիսողոմին համար բոլոր զօրավարներուն պատուիրեց, բոլոր զօրքերը լսեցին։
6 Զօրքը դաշտը ելաւ Իսրայէլի դէմ դնելու համար։ Պատերազմը Եփրեմի անտառին մէջ եղաւ։
7 Հոն Իսրայէլի զօրքերը Դաւիթին ծառաներուն առջեւ յաղթուեցան ու այն օրը մեծ կոտորած եղաւ ու քսան հազար մարդ ինկաւ։
8 Պատերազմը բոլոր երկրին վրայ տարածուեցաւ ու այն օրը անտառը սուրին ջարդածէն աւելի ժողովուրդ ջարդեց։
9 Աբիսողոմ Դաւիթին ծառաներուն հանդիպեցաւ։ Աբիսողոմ ջորիի վրայ հեծեր էր։ Ջորին մեծ բեւեկնիի մը թաւ ոստերուն տակ մտաւ։ Անոր գլուխը բեւեկնիէն բռնուեցաւ ու երկնքի ու երկրի մէջ կախուած մնաց։ Ջորին տակէն անցաւ գնաց։
10 Մարդ մը զանիկա տեսնելով՝ Յովաբին պատմեց ու ըսաւ. «Ահա Աբիսողոմը բեւեկնիէ մը կախուած տեսայ»։
11 Յովաբ իրեն լուր բերող մարդուն ըսաւ. «Քանի որ զանիկա տեսար, ինչո՞ւ համար զանիկա հոն գետինը չզարկիր։ Այն ատեն քեզի տասը սիկղ արծաթ ու գօտի մը կու տայի»։
12 Այն մարդը Յովաբին ըսաւ. «Եթէ իմ ափս հազար սիկղ կշիռքով արծաթ ալ դրուէր, թագաւորին որդիին ձեռքս չէի երկնցներ, քանզի մենք լսեցինք՝ երբ թագաւորը քեզի ու Աբեսսային ու Եթթիին պատուիրեց՝ ըսելով. ‘Ամէն մէկդ՝ ՝ Աբիսողոմ պատանիին հոգ տարէք’»։
13 Եթէ թագաւորին պատուէրին մտիկ չընէի եւ անոր կեանքին վնասէի, իմ կեանքս վտանգի մէջ պիտի դնէի. քանզի բնաւ բան մը թագաւորէն գաղտուկ չի մնար ու դուն ալ ինծի դէմ պիտի կենայիր»։
14 Յովաբ ըսաւ. «Ես քու առջեւդ պարապ ժամանակ չեմ ուզեր անցնել»։ Իր ձեռքը երեք գեղարդ առաւ ու անոնցմով Աբիսողոմին սիրտը խոցեց, երբ անիկա տակաւին բեւեկնիին վրայ ողջ էր։
15 Յովաբին զինակիրներէն տասը պատանիներ, չորս կողմը պաշարելով՝ Աբիսողոմը զարկին ու զանիկա մեռցուցին։
16 Յովաբ փող հնչեցուց ու զօրքը Իսրայէլը հալածելէն ետ դարձաւ, քանզի Յովաբ զօրքը զսպեց։
17 Աբիսողոմը առին եւ զանիկա անտառին մէջ մեծ փոսի մը մէջ նետեցին ու անոր վրայ խիստ մեծ քարակոյտ մը դիզեցին։ Բոլոր Իսրայէլ փախաւ, ամէն մէկը իր վրանը։
18 Աբիսողոմ իր կենդանութեան ատեն արձան մը առեր էր ու զանիկա իրեն համար թագաւորին հովիտին մէջ կանգնեցուցեր էր, ըսելով թէ՝ ‘Որդի չունիմ որ իմ անուանս յիշատակը պահէ’. ուստի այն արձանը իր անունովը կոչեր էր։ Անիկա մինչեւ այսօր ‘Աբիսողոմին արձանը’ կը կոչուի։
19 Սադովկի որդին Աքիմաաս ըսաւ. «Հիմա վազեմ ու թագաւորին աւետիս տանիմ, քանի որ Տէրը անոր իրաւունք ըրաւ ու զանիկա իր թշնամիներուն ձեռքէն ազատեց»։
20 Յովաբ անոր ըսաւ. «Դուն այսօր աւետիս տանելու մարդ չես. դուն ուրիշ օր մը աւետիս տար, բայց այսօր աւետիս մի՛ տանիր, քանզի թագաւորին որդին մեռաւ»։
21 Յովաբ Քուսիին ըսաւ. «Գնա՛, տեսածդ թագաւորին պատմէ»։ Քուսի Յովաբին խոնարհութիւն ըրաւ եւ վազելով գնաց։
22 Սադովկի որդին Աքիմաաս նորէն Յովաբին ըսաւ. «Ինչ որ ալ ըլլայ, հրաման տուր որ ես ալ Քուսիին ետեւէն վազեմ»։ Յովաբ ըսաւ. «Ինչո՞ւ վազես, որդի՛ս, որովհետեւ աւետիս մը չունիս տանելու»։
23 Անիկա ըսաւ. «Ինչ որ ալ ըլլայ, վազեմ»։ Ան ալ ըսաւ. «Վազէ՛»։ Աքիմաաս դաշտին ճամբովը վազեց Քուսիէն անցաւ։
24 Դաւիթ երկու դռներուն մէջ կը նստէր ու դէտը դրանը տանիքին վրայ դէպի պարիսպը գնաց եւ աչքերը վերցնելով տեսաւ, որ ահա մարդ մը մինակ կը վազէր։
25 Այն ատեն դէտը բարձր ձայնով թագաւորին իմացուց ու թագաւորը ըսաւ. «Եթէ մինակ է, անոր բերանը աւետիս կայ»։ Անիկա կու գար ու կը մօտենար։
26 Դէտը ուրիշ վազող մարդ մըն ալ տեսաւ։ Դէտը դռնապանին բարձր ձայնով ըսաւ. «Ահա ուրիշ մարդ մըն ալ մինակ կը վազէ»։ Թագաւորը ըսաւ. «Ան ալ աւետաբեր է»։
27 Դէտը ըսաւ. «Առաջինին ընթացքը Սադովկի որդիին Աքիմաասին ընթացքին պէս կ’երեւնայ ինծի»։ Թագաւորը ըսաւ. «Անիկա բարի մարդ է ու բարի աւետիսով կու գայ»։
28 Աքիմաաս պոռալով ըսաւ թագաւորին. «Ողջո՜յն» ու երեսի վրայ գետինը իյնալով՝ խոնարհութիւն ըրաւ թագաւորին ու ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ քու Տէր Աստուածդ, որ իմ տիրոջս՝ թագաւորին՝ դէմ ձեռք վերցնողները քու ձեռքդ մատնեց»։
29 Թագաւորը ըսաւ. «Աբիսողոմ պատանին ո՞ղջ է»։ Աքիմաաս ըսաւ. «Երբ Յովաբ՝ թագաւորին ծառան ու զիս քու ծառադ՝ ղրկեց, մեծ խումբ մը տեսայ, բայց ի՛նչ ըլլալը չիմացայ»։
30 Թագաւորը ըսաւ. «Դարձի՛ր ու հոս կայնէ՛»։ Անիկա դարձաւ ու կայնեցաւ։
31 Եւ ահա Քուսին եկաւ ու Քուսին ըսաւ. «Իմ տիրոջս՝ թագաւորին՝ աւետիս կու տամ, որ բոլոր քու վրադ ելլողներուն ձեռքէն Տէրը այսօր քեզ ազատեց ու քեզի իրաւունք ըրաւ»։
32 Թագաւորը Քուսիին ըսաւ. «Աբիսողոմ պատանին ո՞ղջ է»։ Այն ատեն Քուսին ըսաւ. «Իմ տիրոջս՝ թագաւորին թշնամիները ու չարութեան համար բոլոր քու վրադ ելլողները այն պատանիին պէս ըլլան»։
33 Եւ թագաւորը խռովեցաւ ու դրան վերնատունը ելաւ ու լացաւ եւ քալելով այսպէս կ’ըսէր. «Որդեա՛կ իմ Աբիսողոմ, երանի՜ թէ քու տեղդ ես մեռնէի. Աբիսողո՜մ որդեակ իմ, որդեա՜կ իմ»։