Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 4
Սաւուղին որդին Յեբուսթէն, երբ Աբեններին Քեբրոնի մէջ մեռնիլը լսեց, ձեռքերը թուլցան ու բոլոր Իսրայէլ տագնապեցաւ։
2 Սաւուղին որդին երկու գնդապետ ունէր, մէկուն անունը՝ Բաանա ու միւսին անունը Ռեքաբ էր։ Ասոնք Բենիամինին ցեղէն Բերովթացի Ռեմօնին որդիներն էին. (քանզի Բերովթ ալ Բենիամինեաններուն քաղաքը կը սեպուէր
3 Ու Բերովթացիները Գեթթայիմ փախան եւ հոն մինչեւ այսօր պանդուխտի պէս բնակեցան։)
4 Սաւուղին որդին Յովնաթան ոտքերը կաղ տղայ մը ունէր, որը՝ երբ Սաւուղին ու Յովնաթանին մահուան լուրը Յեզրայէլէն եկաւ՝ հինգ տարեկան էր։ Անոր դայեակը զանիկա առաւ ու փախաւ։ Երբ փախչելու կը փութար, տղան ինկաւ կաղ եղաւ։ Անոր անունը Մեմփիբոսթէ էր։
5 Բերովթացի Ռեմօնին որդիները՝ Ռեքաբ ու Բաանա՝ գացին ու ցորեկուան տաք ատենը Յեբուսթէին տունը մտան։ Անիկա կէսօրուան ատեն պառկեր կը քնանար։
6 Դռնապանուհին ալ, որ ցորեն կը մաքրէր, թմրելով քնացած էր։ Ռեքաբ եւ իր եղբայրը Բաանա, բարեկամութիւն կեղծելով տունը մտան։
7 Յեբուսթէ ներքին սենեակը իր անկողնին մէջ կը քնանար, զանիկա զարկին մեռցուցին եւ անոր գլուխը կտրեցին ու գլուխը առնելով՝ բոլոր գիշերը դաշտին ճամբովը գացին։
8 Յեբուսթէին գլուխը Քեբրոն տարին Դաւիթին ու թագաւորին ըսին. «Ահա քու թշնամիիդ, քու կեանքդ փնտռող Սաւուղին որդիին Յեբուսթէին գլուխը։ Տէրը Սաւուղէն ու անոր սերունդէն այսօր վրէժը առաւ»։
9 Դաւիթ Բերովթացի Ռեմօնին որդիներուն, Ռեքաբին ու անոր եղբօրը Բաանային պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Իմ հոգիս ամէն նեղութենէ ազատող Տէրը կենդանի է,
10 Որ՝ ա՛ն որ ինծի պատմեց ու ըսաւ թէ ‘Սաւուղ մեռաւ’, կարծելով թէ աւետիս տուող մը պիտի երեւնայ ինծի, զանիկա բռնեցի ու Սիկելակի մէջ զանիկա մեռցուցի եւ անոր տուած աւետիսին վարձքը այդ եղաւ։
11 Ո՜րչափ աւելի նոյն վարձքը կը վայլէ այն չար մարդոց, որոնք արդար մարդ մը իր տանը մէջ իր անկողնին վրայ մեռցուցին։ Հիմա անոր արիւնը անշուշտ ձեր ձեռքէն պիտի պահանջեմ ու ձեզ երկրիս վրայէն պիտի վերցնեմ»։
12 Այն ատեն Դաւիթ իր մանչերուն հրամայեց ու զանոնք մեռցուցին եւ անոնց ձեռքերն ու ոտքերը կտրեցին ու Քեբրոնի աւազանին վրայ կախեցին։ Իսկ Յեբուսթէին գլուխը առին ու Քէբրոնի մէջ Աբեններին գերեզմանին մէջ թաղեցին։