Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 19

Յովաբին պատմուեցաւ թէ՝ «Ահա թագաւորը Աբիսողոմին համար կու լայ ու սուգ կ’ընէ»։
2 Այն օրը յաղթութիւնը սուգի դարձաւ բոլոր զօրքին առջեւ, քանզի զօրքը լսեց թէ «Թագաւորը իր զաւկին համար կը սգայ»։
3 Այն օրը զօրքը գողի պէս քաղաքը կը մտնէր, պատերազմէն փախած ու ամչցած զօրքի պէս։
4 Թագաւորը իր երեսը ծածկեց ու մեծ ձայնով մը կը կանչէր. «Որդեա՜կ իմ Աբիսողոմ, Աբիսողո՜մ որդեակ իմ, որդեա՜կ իմ»։
5 Յովաբ ներս մտաւ թագաւորին քով ու ըսաւ. «Այսօր քու կեանքդ ու քու տղաքներուդ ու աղջիկներուդ կեանքը եւ քու կիներուդ ու հարճերուդ կեանքը ազատող բոլոր ծառաներուդ երեսը ամօթով ըրիր,
6 Քանզի քեզ ատողները կը սիրես ու քեզ սիրողները կ’ատես. վասն զի այսօր յայտնեցիր թէ քու իշխաններդ ու ծառաներդ բանի մը տեղ չես դներ եւ այսօր աղէկ հասկցայ թէ՝ եթէ այսօր Աբիսողոմ ողջ մնար ու մենք ամէնքս մեռնէինք, այն ատեն քու աչքերուդ հաճոյ պիտի երեւնար։
7 Հիմա ոտքի ելի՛ր ու դո՛ւրս եկուր ու քու ծառաներուդ հետ քաղցրութեամբ խօսէ, քանզի Տէրոջմով երդում կ’ընեմ որ, եթէ դուն դուրս չելլես, այս գիշեր քովդ մարդ մը պիտի չմնայ ու ասիկա քեզի՝ քու տղայութենէդ մինչեւ հիմա գլուխդ եկած ամէն ձախորդութիւններէն աւելի գէշ պիտի ըլլայ»։
8 Թագաւորը ելաւ ու դուռը նստաւ։ Այն ատեն բոլոր զօրքին պատմեցին ու ըսին. «Ահա թագաւորը դուռը նստեր է»։ Բոլոր զօրքը թագաւորին առջեւ եկաւ, բայց Իսրայէլի մարդիկը իրենց վրանները փախեր էին։
9 Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն մէջ ժողովուրդը կը վիճէին ու կ’ըսէին. «Մեր թշնամիներուն ձեռքէն մեզ փրկողը թագաւորն է ու Փղշտացիներուն ձեռքէն մեզ ազատողը անիկա է եւ հիմա Աբիսողոմին պատճառով այս երկրէն փախաւ։
10 Աբիսողոմը, որ մեր վրայ թագաւոր օծեցինք, պատերազմի մէջ մեռաւ եւ հիմա դուք թագաւորը ետ դարձնելու մասին ինչո՞ւ բան մը չէք խորհիր»։
11 Դաւիթ թագաւորը Սադովկ ու Աբիաթար քահանաներուն մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Յուդայի ծերերուն հետ խօսեցէք ու ըսէք. ‘Թագաւորը իր տունը դարձնելու ինչո՞ւ ետ կը մնաք. քանզի բոլոր Իսրայէլի խօսքը թագաւորին հասաւ՝ մինչեւ անոր տունը։
12 Դուք իմ եղբայրներս, ոսկորս ու մարմինս էք ու թագաւորը իր տունը դարձնելու ինչո՞ւ ետ կը մնաք’։
13 Եւ Ամեսայիին ըսէք. ‘Դուն իմ ոսկորս ու մարմինս չե՞ս. Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, եթէ Յովաբին տեղ միշտ իմ առջեւս զօրագլուխ չըլլաս’»։
14 Եւ Յուդայի բոլոր մարդոց սիրտը մէկ մարդու սրտի պէս իրեն դարձուց եւ անոնք թագաւորին պատգամաւորներ ղրկեցին՝ ըսելով. «Դարձի՛ր, թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու բոլոր ծառաներդ»։
15 Այն ատեն թագաւորը դարձաւ ու մինչեւ Յորդանան եկաւ։ Յուդան ալ մինչեւ Գաղգաղա եկաւ, որպէս զի թագաւորը դիմաւորէ ու թագաւորը Յորդանանէն անցընէ։
16 Ու Գերայի որդին Բաւուրիմացի Բենիամինեան Սեմէին արտորալով՝ Յուդայի մարդոցը հետ Դաւիթ թագաւորը դիմաւորելու իջաւ։
17 Անոր հետ Բենիամինէն հազար մարդ կար ու Սաւուղին տանը ծառան Սիբա իր տասնըհինգ որդիներովը եւ քսան ծառաներովը եկաւ ու թագաւորին առջեւ Յորդանան հասան՝ ՝։
18 Թագաւորին տունը անցընելու համար ու անոր աչքերուն հաճոյ երեւցածը ընելու համար նաւակ մը անցաւ։ Երբ թագաւորը Յորդանանէն անցաւ, Գերայի որդին Սեմէի՝ թագաւորին առջեւ ինկաւ
19 Եւ թագաւորին ըսաւ. «Իմ տէրս ինծի յանցանք թող չսեպէ ու իմ թագաւոր տիրոջս Երուսաղէմէն ելած օրը ծառայիդ ըրած անօրէնութիւնը թող չյիշէ ու թագաւորը զանիկա իր սրտին մէջ թող չպահէ։
20 Քանզի քու ծառադ գիտցաւ թէ մեղք գործեց։ Ահա այսօր Յովսէփին բոլոր տունէն ամենէն առաջ ես եկայ որպէս զի իմ թագաւոր տէրս դիմաւորեմ»։
21 Ու Շարուհեայի որդին Աբեսսան պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ուրեմն Սեմէին ասոր համար պիտի չմեռնի՞, որ Տէրոջը օծեալը անիծեց»։
22 Բայց Դաւիթ ըսաւ. «Դուք ինծի հետ ի՞նչ բան ունիք, ո՛վ Շարուհեայի որդիներ, որ այսօր, ինծի թշնամութիւն կ’ընէք։ Միթէ այսօր Իսրայէլէն ոեւէ մարդ պէ՞տք է մեռնի, որովհետեւ գիտեմ թէ ես այսօր Իսրայէլի վրայ թագաւոր եմ»
23 Եւ թագաւորը Սեմէին ըսաւ. «Պիտի չմեռնիս» ու թագաւորը անոր երդում ըրաւ։
24 Սաւուղի որդին՝ Մեմփիբոսթէն՝ թագաւորը դիմաւորելու եկաւ։ Անիկա թագաւորին գացած օրէն մինչեւ անոր խաղաղութեամբ եկած օրը՝ ոտքերը չէր դարմաներ ու մօրուքը չէր շտկեր եւ լաթերը չէր լուացեր։
25 Երբ թագաւորը դիմաւորելու համար Երուսաղէմ եկաւ, թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Մեմփիբոսթէ, ինչո՞ւ ինծի հետ չգացիր»։
26 Անիկա ըսաւ. «Ով տէ՛ր իմ թագաւոր, իմ ծառաս զիս խաբեց. քանզի ես՝ քու ծառադ ըսի. ‘Էշը պատրաստեմ, որպէս զի վրան հեծնեմ ու թագաւորին հետ երթամ. վասն զի ծառադ կաղ է’։
27 Բայց անիկա զիս՝ քու ծառադ՝ իմ թագաւոր տիրոջս առջեւ բամբասեց. բայց իմ թագաւոր տէրս Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս է, ուստի քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ըրէ։
28 Թէպէտեւ իմ հօրս բոլոր տունը իմ թագաւոր տիրոջս առջեւ միայն մեռնելու մարդիկ էին, բայց դուն քու ծառադ քու սեղանդ կերակուր ուտողներուն կարգը դրիր, ուստի ա՛լ ասկէ յետոյ ի՞նչ իրաւունք ունիմ թագաւորին բողոքելու»։
29 Թագաւորը անոր ըսաւ. «Ալ ինչո՞ւ քու բաներուդ վրայ կը խօսիս։ Ես ըսի, որ դուն ու Սիբա արտերը ձեր մէջ բաժնէք»։
30 Մեմփիբոսթէն ըսաւ թագաւորին. «Թող անիկա ամէնն ալ առնէ, որովհետեւ իմ թագաւոր տէրս խաղաղութեամբ իր տունը եկաւ»։
31 Գաղաադացի Բերզելի Ռովգելիմէն իջաւ ու թագաւորին հետ Յորդանանէն անցաւ, որպէս զի զանիկա Յորդանանէն ճամբեցնէ։
32 Բերզելի խիստ ծեր էր, ութսուն տարեկան ըլլալով եւ որչափ ժամանակ որ թագաւորը Մանայիմի մէջ կեցաւ, ինք զանիկա կերակրեց, քանզի խիստ մեծ մարդ մըն էր։
33 Թագաւորը Բերզելիին ըսաւ. «Ինծի հետ անցիր եւ քեզ իմ քովս Երուսաղէմի մէջ կերակրեմ»։
34 Ու Բերզելի թագաւորին ըսաւ. «Տակաւին քանի՞ տարի պիտի ապրիմ, որ թագաւորին հետ Երուսաղէմ երթամ.
35 Ես այսօր ութսուն տարեկան եմ. միթէ աղէկն ու գէշը կրնա՞մ որոշել, միթէ ծառադ իր կերածին ու խմածին համը կրնա՞յ առնել։ Ասկէ ետքը խաղ կանչող մարդերուն կամ կիներուն ձայնը կրնա՞մ լսել. ուստի քու ծառադ իմ թագաւոր տիրոջս ինչո՞ւ համար բեռ ըլլայ։
36 Քու ծառադ թագաւորին հետ Յորդանանէն անցնելուն համար թագաւորը ինչո՞ւ ինծի ատոր փոխարէնը հատուցանէ։
37 Արտօնէ որ դառնամ իմ քաղաքիս մէջ՝ իմ հօրս ու մօրս գերեզմանին քով մեռնիմ։ Թող քու ծառադ Քամաամ իմ տիրոջս՝ թագաւորին հետ անցնի ու քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ըրէ անոր»։
38 Թագաւորը ըսաւ. «Թող Քամաամ ինծի հետ անցնի ու ես քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը պիտի ընեմ անոր։ Ինծմէ ինչ որ խնդրես՝ քեզի պիտի ընեմ»։
39 Բոլոր ժողովուրդը Յորդանանէն անցաւ։ Թագաւորն ալ անցաւ։ Թագաւորը Բերզելին համբուրեց ու զանիկա օրհնեց։ Ան ալ իր տեղը դարձաւ։
40 Թագաւորը Գաղգաղա անցաւ ու Քամաամ անոր հետ անցաւ։ Այսպէս Յուդայի բոլոր ժողովուրդը ու Իսրայէլի ալ կէս ժողովուրդը թագաւորը անցուցին։
41 Եւ ահա բոլոր Իսրայէլի մարդիկը թագաւորին եկան ու թագաւորին ըսին. «Ինչո՞ւ համար մեր եղբայրները, Յուդայի մարդիկը, քեզ գողցան ու թագաւորն ու անոր տունը ու անոր հետ Դաւիթի բոլոր մարդիկը Յորդանանէն անցուցին»։
42 Յուդայի բոլոր մարդիկը Իսրայէլի մարդոցը պատասխան տուին ու ըսին. «Քանզի թագաւորը մեզի մօտ ազգական է։ Այս բանին համար ինչո՞ւ այսպէս կը նեղանաք. միթէ թագաւորէն բան մը կերա՞նք կամ թէ անիկա մեզի պարգեւ մը տուա՞ւ»։
43 Իսրայէլի մարդիկը Յուդայի մարդոցը պատասխան տուին ու ըսին. «Մենք թագաւորին քով տասը բաժին ունինք ու նաեւ Դաւիթին վրայ ձեզմէ աւելի իրաւունք ունինք։ Ինչո՞ւ համար մեզ անարգեցիք ու մեր թագաւորը ետ դարձնելու համար առաջ մեզմէ խորհուրդ չհարցուցիք՝ ՝»։ Բայց Յուդայի մարդոց խօսքը Իսրայէլի մարդոց խօսքէն աւելի խիստ էր։