Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22


Գլուխ 1

Դաւիթ թագաւորը ծերացած ու տարիքը առած ըլլալով, զանիկա հանդերձներով կը ծածկէին, բայց չէր տաքնար։
2 Ծառաները անոր ըսին. «Մեր թագաւոր տիրոջը համար կոյս աղջիկ մը փնտռենք՝ որ թագաւորին առջեւ կայնի, զանիկա դարմանէ ու անոր ծոցը պառկի, որպէս զի մեր թագաւոր տէրը տաքնայ»։
3 Իսրայէլի բոլոր սահմաններուն մէջ գեղեցիկ աղջիկ մը փնտռեցին եւ Սունամացի Աբիսակը գտան ու զանիկա թագաւորին բերին։
4 Այն աղջիկը խիստ գեղեցիկ էր ու անիկա թագաւորը կը դարմանէր ու անոր սպասաւորութիւն կ’ընէր, բայց թագաւորը զանիկա չգիտցաւ։
5 Այն ատեն Ագգիթի որդին Ադոնիա հպարտացաւ ու ըսաւ. «Ես թագաւոր պիտի ըլլամ»։ Իրեն համար կառքեր ու ձիաւորներ պատրաստեց եւ յիսուն մարդ, որպէս զի իր առջեւէն վազեն։
6 Անոր հայրը կեանքին մէջ ամենեւին յանդիմանած չէր զինք եւ ըսած չէր՝ «Ինչո՞ւ այսպէս ըրիր»։ Անիկա տեսքով խիստ գեղեցիկ էր ու անոր մայրը զանիկա Աբիսողոմէն ետքը ծներ էր։
7 Անիկա միաբանեցաւ Շարուհեայի որդիին Յովաբին ու Աբիաթար քահանային հետ, որոնք Ադոնիային հետեւելով՝ անոր օգնութիւն կ’ընէին։
8 Բայց Սադովկ քահանան ու Յովիադայի որդին Բանիան եւ Նաթան մարգարէն ու Սեմէի եւ Ռէի ու Դաւիթի զօրաւոր մարդիկը Ադոնիային հետ չէին։
9 Ադոնիա Ռովգելի աղբիւրին մօտ եղող Զոողեթի քարին քով՝ ոչխարներ, արջառներ ու գէր անասուններ մորթեց եւ իր բոլոր եղբայրները, թագաւորին որդիները ու Յուդայի բոլոր մարդիկը, թագաւորին ծառաները հրաւիրեց,
10 Բայց Նաթան մարգարէն ու Բանիան եւ զօրաւորները ու իր Սողոմոն եղբայրը չհրաւիրեց։
11 Նաթան Սողոմոնին մօրը Բերսաբէին հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Չլսեցի՞ր որ Ագգիթի որդին Ադոնիա թագաւոր եղաւ ու մեր տէրը Դաւիթ չիմացաւ։
12 Ուրեմն հիմա եկուր քեզի խրատ մը տամ, որպէս զի քու կեանքդ ու քու որդիիդ Սողոմոնին կեանքը ազատես։
13 Ելի՛ր, Դաւիթ թագաւորին քով գնա ու անոր ըսէ. ‘Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, դուն քու աղախինիդ երդում չըրի՞ր ու չըսի՞ր թէ ինծմէ ետքը քու որդիդ Սողոմոն թագաւոր պիտի ըլլայ եւ իմ աթոռս անիկա պիտի նստի։ Ինչո՞ւ համար Ադոնիա թագաւոր եղաւ’։
14 Ահա դուն թագաւորին հետ խօսած ատենդ՝ ես ալ ետեւէդ կու գամ ու խօսքերդ կը հաստատեմ»։
15 Բերսաբէ ներքին սենեակը մտաւ թագաւորին քով։ Թագաւորը շատ ծերացած էր ու Սունամացի Աբիսակը՝ թագաւորին սպասաւորութիւն կ’ընէր։
16 Բերսաբէն գլուխը ծռեց ու թագաւորին խոնարհութիւն ըրաւ։
17 Թագաւորը ըսաւ. «Ի՞նչ կ’ուզես»։ Եւ անիկա ըսաւ անոր. «Ո՛վ տէր իմ, դուն քու աղախինիդ քու Տէր Աստուծոյդ անունովը երդում ըրիր՝ ըսելով. ‘Ինծմէ ետքը քու որդիդ Սողոմոն թագաւոր պիտի ըլլայ ու իմ աթոռս ան պիտի նստի’.
18 Եւ ահա Ադոնիա թագաւոր եղած է ու դուն չիմացար, ո՛վ տէր իմ թագաւոր։
19 Անիկա շատ արջառներ ու գէր անասուններ ու ոչխարներ մորթեց եւ թագաւորին բոլոր որդիներն ու Աբիաթար քահանան եւ Յովաբ զօրապետը հրաւիրեց բայց քու ծառադ Սողոմոնը չհրաւիրեց։
20 Հիմա, ո՛վ տէր իմ թագաւոր, բոլոր Իսրայէլի աչքերը քու վրադ են, որպէս զի անոնց իմացնես թէ իմ թագաւոր տիրոջս աթոռը իրմէ ետքը ո՞վ պիտի նստի.
21 Եթէ ոչ՝ երբ իմ թագաւոր տէրս իր հայրերուն հետ քնանայ, ես ու իմ որդիս Սողոմոն յանցաւոր պիտի սեպուինք»։
22 Երբ անիկա թագաւորին հետ կը խօսէր, Նաթան մարգարէն եկաւ։
23 Թագաւորին իմացուցին ու ըսին թէ՝ «Ահա Նաթան մարգարէն եկաւ»։ Անիկա ներս մտաւ թագաւորին առջեւ ու երեսը մինչեւ գետինը ծռելով թագաւորին խոնարհութիւն ըրաւ
24 Եւ Նաթան ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, դո՞ւն ըսիր որ ‘Ինծմէ ետքը Ադոնիա թագաւոր ըլլայ ու իմ աթոռս անիկա նստի’,
25 Քանզի անիկա այսօր իջաւ եւ շատ արջառներ ու գէր անասուններ ու ոչխարներ մորթեց եւ թագաւորին բոլոր որդիները, զօրավարներն ու Աբիաթար քահանան հրաւիրեց եւ ահա անոնք անոր առջեւ կ’ուտեն, կը խմեն ու կ’ըսէն. ‘Կեցցէ՛ արքայ Ադոնիան’։
26 Բայց զիս քու ծառադ ու Սադովկ քահանան եւ Յովիադային որդին Բանիան ու քու ծառադ Սողոմոնը չկանչեց։
27 Այս բանը արդեօք իմ թագաւոր տիրոջս ձեռքո՞վ եղաւ, բայց քու ծառայիդ չգիտցուցիր թէ քեզմէ ետքը թագաւոր տիրոջս աթոռը ո՞վ պիտի նստի»։
28 Դաւիթ թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Բերսաբէն ինծի կանչեցէք»։ Անիկա թագաւորին առջեւ եկաւ ու թագաւորին առջեւ կայնեցաւ։
29 Թագաւորը երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Իմ անձս ամէն նեղութենէ ազատող Տէրը կենդանի է որ,
30 Ինչպէս քեզի Իսրայէլի Տէր Աստուծմովը երդում ըրի ու ըսի՝ ‘Ինծմէ ետքը քու որդիդ Սողոմոն թագաւոր պիտի ըլլայ ու իմ տեղս իմ աթոռիս վրայ անիկա պիտի նստի’։ Ահա այսօր այնպէս պիտի ընեմ»։
31 Այն ատեն Բերսաբէ երեսը մինչեւ գետինը ծռելով թագաւորին խոնարհութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Իմ տէրս Դաւիթ թագաւորը յաւիտեան ողջ կենայ»։
32 Եւ Դաւիթ թագաւորը ըսաւ. «Սադովկ քահանան ու Նաթան մարգարէն եւ Յովիադայի որդին Բանիան ինծի կանչեցէք»։ Անոնք թագաւորին առջեւ եկան։
33 Թագաւորը անոնց ըսաւ. «Ձեր տիրոջը ծառաները ձեզի հետ առէք ու իմ որդիս Սողոմոնը իմ ջորիիս վրայ հեծցուցէք ու զանիկա Գեհոն իջեցուցէք
34 Եւ Սադովկ քահանան ու Նաթան մարգարէն հոն զանիկա Իսրայէլի վրայ թագաւոր թող օծեն ու փող հնչեցուցէք ու ըսէք՝ ‘Կեցցէ՛ արքայ Սողոմոնը’։
35 Անոր ետեւէն ելլէ՛ք ու անիկա թող գայ ու իմ աթոռս նստի եւ իմ տեղս անիկա թագաւոր ըլլայ. քանզի ես հրաման տուի, որ անիկա Իսրայէլի վրայ ու Յուդայի վրայ իշխան ըլլայ»։
36 Այն ատեն Յովիադայի որդին Բանիան թագաւորին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ամէ՛ն, իմ թագաւոր տիրոջս Տէր Աստուածն ալ այդպէս կ’ըսէ։
37 Ինչպէս Տէրը իմ թագաւոր տիրոջս հետ էր, Սողոմոնին հետ ալ ըլլայ ու անոր աթոռը իմ տիրոջս Դաւիթ թագաւորին աթոռէն աւելի մեծ ընէ»։
38 Այն ատեն Սադովկ քահանան, Նաթան մարգարէն ու Յովիադայի որդին Բանիան եւ Քերեթիներն ու Փելեթիները իջան ու Սողոմոնը Դաւիթ թագաւորին ջորիին վրայ հեծցուցին ու զանիկա Գեհոն տարին։
39 Սադովկ քահանան խորանէն իւղին եղջիւրը առաւ ու Սողոմոնը օծեց եւ փողը հնչեցուցին ու բոլոր ժողովուրդը կ’ըսէր. «Կեցցէ՛ արքայ Սողոմոնը»։
40 Բոլոր ժողովուրդը անոր ետեւէն կ’ելլէին ու սրինգներ հնչեցնելով մեծ ուրախութեամբ մը կ’ուրախանային, այնպէս որ անոնց ձայնէն գետինը կը դղրդար։
41 Ադոնիա ու անոր բոլոր հրաւիրեալները լսեցին։ Անոնք կերակուրէն ելեր էին։ Յովաբ փողին ձայնը լսելով՝ ըսաւ. «Ի՞նչ է այս դղրդման ձայնը, որ քաղաքէն կ’ելլէ»։
42 Երբ անիկա տակաւին կը խօսէր, ահա Աբիաթար քահանային որդին Յովնաթան եկաւ։ Ադոնիան անոր ըսաւ. «Եկո՛ւր, քանզի դուն քաջ մարդ մըն ես ու բարի աւետիս պիտի տաս»։
43 Եւ Յովնաթան պատասխան տուաւ Ադոնիային ու ըսաւ. «Շիտակ է, մեր տէր Դաւիթ թագաւորը՝ Սողոմոնը թագաւոր ըրաւ։
44 Թագաւորը Սադովկ քահանան եւ Նաթան մարգարէն ու Յովիադայի որդին Բանիան եւ Քերեթիներն ու Փելեթիները անոր հետ ղրկեց ու զանիկա թագաւորին ջորիին վրայ հեծցուցին։
45 Սադովկ քահանան ու Նաթան մարգարէն զանիկա Գեհոնի մէջ թագաւոր օծեցին ու անկէ ուրախութեամբ ելան ու քաղաքը դղրդեցաւ։ Ձեր լսած ձայնը այս է։
46 Նաեւ Սողոմոն թագաւորը թագաւորութեան աթոռին վրայ նստաւ
47 Եւ թագաւորին ծառաներն ալ մեր տէր Դաւիթ թագաւորը օրհնելու եկան ու ըսին. ‘Քու Աստուածդ Սողոմոնին անունը քու անունէդ աւելի մեծցնէ ու անոր աթոռը քու աթոռէդ աւելի բարձրացնէ’։ Եւ թագաւորը իր անկողնին վրայ երկրպագութիւն ըրաւ։
48 Նաեւ թագաւորը այսպէս ըսաւ. ‘Իսրայէլի Տէր Աստուածը օրհնեալ ըլլայ, որ այսօր իմ աթոռիս վրայ նստող մը տուաւ ու իմ աչքերս տեսան’»։
49 Եւ Ադոնիայի բոլոր կոչնականները զարհուրեցան ու ելան եւ ամէն մէկը իր ճամբան գնաց։
50 Ադոնիա Սողոմոնին երեսէն վախցաւ ու ելաւ գնաց ու սեղանին եղջիւրները բռնեց։
51 Սողոմոնին պատմեցին ու ըսին. «Ահա Ադոնիա Սողոմոն թագաւորէն վախցաւ եւ սեղանին եղջիւրները բռնեց ու ըսաւ՝ ‘Սողոմոն թագաւորը այսօր ինծի երդում թող ընէ, որ իր ծառան սրով պիտի չմեռցնէ’»։
52 Ու Սողոմոն ըսաւ. «Եթէ անիկա առաքինի ըլլայ, անոր մէկ մազը գետինը պիտի չիյնայ. բայց եթէ անոր վրայ չարութիւն գտնուի, այն ատեն պիտի մեռնի»։
53 Սողոմոն թագաւորը մարդ ղրկեց ու զանիկա սեղանէն իջեցուցին։ Անիկա եկաւ ու Սողոմոն թագաւորին խոնարհութիւն ըրաւ ու Սողոմոն անոր ըսաւ. «Տո՛ւնդ գնա»։