Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 10
Սաբայի թագուհին Սողոմոնին համբաւն ու Տէրոջը անունը լսեց ու եկաւ որպէս զի խրթին հարցումներով զանիկա փորձէ։
2 Անիկա Երուսաղէմ եկաւ շատ հետեւորդներով, խունկեր ու խիստ շատ ոսկի ու պատուական քարեր բեռցած ուղտերով։ Ան Սողոմոնին քով գնաց ու բոլոր իր սրտին մէջ եղածը անոր ըսաւ։
3 Սողոմոն անոր բոլոր հարցումները բացատրեց ու բնաւ խօսք մը չկար, որ թագաւորը չհասկնար ու չբացատրէր անոր։
4 Սաբայի թագուհին Սողոմոնին բոլոր իմաստութիւնը ու անոր շինած տունը
5 Եւ անոր սեղանին կերակուրներն ու անոր ծառաներուն բնակարանները եւ սպասաւորներուն կեցուածքն ու անոնց հագուստները եւ անոր մատռուակները ու Տէրոջը տունը ելլելու սանդուխը՝ ՝ տեսնելով՝ խելքը գլխէն գնաց
6 Եւ թագաւորին ըսաւ. «Քու վիճակիդ ու իմաստութեանդ վրայով իմ երկրիս մէջ լսած խօսքերս ճշմարիտ են եղեր,
7 Բայց ես այն խօսքերուն չհաւատացի, մինչեւ որ անձամբ եկայ ու իմ աչքերովս տեսայ եւ ահա ինծի ասոր կէսը պատմած չէին։ Քու իմաստութիւնդ ու երջանկութիւնդ իմ լսած համբաւէս աւելի է։
8 Երանի՜ քու մարդոցդ, երանի՜ այս քու ծառաներուդ՝ որոնք միշտ քու առջեւդ կենալով՝ քու իմաստութիւնդ կը լսեն։
9 Քու Եհովա Աստուածդ օրհնեալ ըլլայ, որ քեզի հաւնեցաւ ու քեզ Իսրայէլի աթոռին վրայ դրաւ։ Եհովա Իսրայէլը յաւիտեան սիրելուն համար՝ քեզ թագաւոր ըրաւ, որպէս զի իրաւունք ու արդարութիւն ընես»։
10 Ապա թագաւորին հարիւր քսան տաղանդ ոսկի ու խիստ շատ խունկեր ու պատուական քարեր տուաւ։ Անկէ յետոյ այնչափ խունկ չեկաւ, որչափ Սաբայի թագուհին Սողոմոն թագաւորին տուաւ։
11 Քիրամին նաւերը, որոնք Ոփիրէն ոսկի կը բերէին, Ոփիրէն խիստ շատ ալմուկ փայտեր ու պատուական քարեր ալ բերին։
12 Թագաւորը ալմուկ փայտէն յենարաններ շինեց՝ Տէրոջը տանը ու թագաւորական տանը համար եւ քնարներ ու տաւիղներ՝ երգեցողներուն համար։ Անկէ յետոյ այսպիսի փայտ ալ բնաւ չեկաւ ու չերեւցաւ մինչեւ այսօր։
13 Սողոմոն թագաւորը Սաբայի թագուհիին բոլոր ուզած ու խնդրած բաները տուաւ, իր առատաձեռնութեամբ անոր տուածէն զատ։ Եւ անիկա իր ծառաներուն հետ դարձաւ իր երկիրը գնաց։
14 Մէկ տարուան մէջ Սողոմոնին եկած ոսկիին կշիռը վեց հարիւր վաթսունըվեց տաղանդ էր.
15 Առուտուր ընողներէն ու վաճառականներէն եւ Արաբացիներու բոլոր թագաւորներէն ու երկրին նախարարներէն առածէն զատ։
16 Սողոմոն թագաւորը կռածոյ ոսկիէ երկու հարիւր վահան շինեց։ Ամէն մէկ վահանին համար վեց հարիւր սիկղ ոսկի գնաց։
17 Կռածոյ ոսկիէ երեք հարիւր ասպար ալ շինեց։ Ամէն մէկ ասպարի երեք մնաս ոսկի գնաց։ Թագաւորը ասոնք Լիբանանի Անտառը կոչուող սրահը դրաւ։
18 Թագաւորը փղոսկրէ մեծ աթոռ մը շինեց ու զուտ ոսկիով պատեց զանիկա։
19 Այս աթոռը վեց աստիճան ունէր ու աթոռին վերի ծայրը ետեւէն բոլորակաձեւ էր եւ նստելու տեղը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն յենարաններ ունէր։ Յենարաններուն քով երկու առիւծներ կը կենային։
20 Վեց աստիճաններուն վրայ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն տասներկու առիւծներ կը կենային։ Ոեւէ թագաւորութեան մէջ այսպիսի բան մը շինուած չէր։
21 Սողոմոն թագաւորին բոլոր խմելիքի ամանները ոսկի էին։ Լիբանանի Անտառը կոչուող սրահին բոլոր ամանները զուտ ոսկիէ էին։ Արծաթէ չկար. քանզի արծաթը Սողոմոնին օրերը բանի մը տեղ չէր սեպուեր։
22 Վասն զի թագաւորը ծովու վրայ Քիրամին նաւերուն հետ Թարսիսցի նաւեր ունէր. Թարսիսցի նաւերը երեք տարին անգամ մը ոսկիով, արծաթով, փղոսկրով եւ կապիկներով ու սիրամարգներով բեռնաւորուած կու գային։
23 Սողոմոն թագաւորը հարստութեան ու իմաստութեան կողմանէ երկրի բոլոր թագաւորներէն մեծ եղաւ։
24 Բոլոր երկիրը կը փափաքէր Սողոմոնին երեսը տեսնել եւ անոր իմաստութիւնը լսել, որ Աստուած անոր սրտին մէջ դրեր էր։
25 Անոնց ամէնքը ամէն տարի իրենց ընծաները կը բերէին, այսինքն արծաթէ ամաններ, ոսկիէ ամաններ, հանդերձներ, զէնքեր, խունկեր, ձիեր ու ջորիներ։
26 Սողոմոն կառքեր ու ձիաւորներ հաւաքեց ու անիկա հազար չորս հարիւր կառք ու տասներկու հազար ձիաւոր ունեցաւ։ Զանոնք կառքերու քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի մէջ թագաւորին քով տեղաւորեց։
27 Թագաւորը Երուսաղէմի մէջ արծաթը քարերու պէս հասարակ բան մը ըրաւ ու եղեւնափայտը շատութենէն՝ դաշտի մէջ եղող մոլաթզենիներուն պէս ըրաւ։
28 Սողոմոնին ձիերը Եգիպտոսէն կու գային ու թագաւորին վաճառականներուն կարաւանը որոշուած գնով մը ձիերու երամակներ ծախու կ’առնէր։
29 Եգիպտոսէն կառք մը կ’արտածուէր՝ վեց հարիւր արծաթով ու մէկ ձին՝ հարիւր յիսուն արծաթով ու Քետացիներուն բոլոր թագաւորներուն համար ալ անոնց ձեռքով այնպէս կ’արտածուէին։