Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 8
Այն ատեն Սողոմոն Իսրայէլի ծերերն ու ցեղերուն բոլոր իշխանները, Իսրայէլի որդիներուն նահապետները իր քով Երուսաղէմ հաւաքեց, որպէս զի Տէրոջը ուխտին տապանակը Դաւիթին քաղաքէն, այսինքն Սիօնէն հանեն։
2 Իսրայէլի բոլոր մարդիկը եօթներորդ ամսուան, Անթանի ամսուան մէջ, տօնին ատենը Սողոմոն թագաւորին քով հաւաքուեցան։
3 Իսրայէլի բոլոր ծերերը եկան ու քահանաները տապանակը վերցուցին։
4 Տէրոջը տապանակը ու վկայութեան խորանը եւ խորանին մէջ եղած բոլոր սուրբ անօթները հանեցին. զանոնք քահանաներն ու Ղեւտացիները հանեցին։
5 Սողոմոն թագաւորն ու անոր քով հաւաքուած Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը անոր հետ տապանակին առջեւ ըլլալով՝ ոչխարներ ու արջառներ զոհեցին։ Այնչափ շատ որ անթիւ ու անհամար էին։
6 Քահանաները Տէրոջը ուխտին տապանակը ներս տարին իր տեղը տանը դաբիրը, Սրբութիւն Սրբութեանցը ու քերովբէներուն թեւերուն տակ դրին.
7 Քանզի քերովբէները տապանակին տեղին վրայ իրենց թեւերը կը տարածէին ու քերովբէները վերէն կը ծածկէին տապանակն ու անոր ձողերը։
8 Ձողերը երկնցուցին, այնպէս որ ձողերոն ծայրերը սրբութենէն կ’երեւնային դաբիրին առջեւ, բայց դուրսէն չէին երեւնար ու մինչեւ այսօր հոն են։
9 Տապանակին մէջ ուրիշ բան չկար, բայց միայն այն երկու քարէ տախտակները՝ որոնք Մովսէս Քորեբի մէջ հոն դրաւ, որոնցմով Տէրը Իսրայէլի որդիներուն հետ, անոնց Եգիպտոսի երկրէն ելած ատենը, ուխտ ըրաւ։
10 Երբ քահանաները սրբութենէն ելան, ամպը լեցուց Տէրոջը տունը
11 Եւ ամպին պատճառով քահանաները չէին կրնար հոն կենալ, որ իրենց պաշտօնը կատարեն, վասն զի Տէրոջը փառքը Տէրոջը տունը լեցուցեր էր։
12 Այն ատեն Սողոմոն ըսաւ. «Տէրը ըսաւ թէ ինք մառախուղի մէջ կը բնակի։
13 Ահա քեզի բնակութեան համար տուն ու յաւիտեան նստելու համար քեզի տեղ շինեցի»։
14 Եւ թագաւորը երեսը դարձուց ու Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը օրհնեց ու Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը ոտքի վրայ կայներ էին։
15 Անիկա ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որ իր բերնով իմ հօրս Դաւիթին խօսք տուաւ ու իր ձեռքով կատարեց. քանզի ըսաւ.
16 ‘Իմ ժողովուրդս Իսրայէլը Եգիպտոսէն հանած օրէս ի վեր, Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն բնաւ քաղաք մը չընտրեցի տուն շինելու համար, որպէս զի անունս հոն ըլլայ, բայց Դաւիթը ընտրեցի, որպէս զի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլայ’։
17 Իմ հայրս՝ Դաւիթ՝ միտք ունէր, որ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անուանը տուն մը շինէ,
18 Բայց Տէրը իմ հօրս Դաւիթին ըսաւ. ‘Թէեւ ուն միտքդ դրիր, որ իմ անուանս տուն շինես, աղէկ ըրիր որ այս բանը միտքդ դրիր,
19 Սակայն տունը դուն պիտի չշինես, հապա քու որդիդ, որ քու երանքէդ պիտի ելլէ՝ անիկա իմ անուանս տունը պիտի շինէ’։
20 Հիմա Տէրը իր ըսած խօսքը կատարեց ու ես իմ հօրս Դաւիթին յաջորդեցի ու Տէրոջը ըսածին պէս Իսրայէլին աթոռը նստայ ու Իսրայէլին Տէր Աստուծոյն անուանը այս տունը շինեցի
21 Եւ հոն տեղ մը պատրաստեցի տապանակին համար, որուն մէջ է Տէրոջը ուխտը, որ մեր հայրերուն հետ ըրաւ, երբ զանոնք Եգիպտոսի երկրէն դուրս հանեց։
22 Սողոմոն Տէրոջը սեղանին առջեւ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին առջեւ կայնելով՝ ձեռքերը դէպի երկինք տարածեց
23 Ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, վերը երկինքը ու վարը երկրի վրայ քեզի պէս Աստուած չկայ, որ քու առջեւդ իրենց բոլոր սրտովը քալող ծառաներուդ հետ ուխտ ու ողորմութիւն կը պահես։
24 Դուն քու ծառայիդ, իմ հօրս Դաւիթին ըրած խոստումդ պահեցիր ու բերնովդ ըսածդ ձեռքովդ կատարեցիր, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ։
25 Եւ հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, պահէ այն խոստումդ, զոր քու ծառայիդ՝ իմ հօրս Դաւիթին՝ ըրիր ու ըսիր. ‘Իմ առջեւս Իսրայէլին աթոռին վրայ նստող մարդ քեզմէ պակաս պիտի չըլլայ. միայն թէ քու որդիներդ իրենց ճամբաներուն զգուշութիւն ընեն ու իմ առջեւս քալեն, ինչպէս դուն իմ առջեւս քալեցիր’։
26 Եւ հիմա, ո՛վ Աստուած Իսրայէլի, թող քու ծառայիդ՝ իմ հօրս Դաւիթին՝ ըսած խօսքդ հաստատուի։
27 «Բայց միթէ Աստուած իրաւցընէ երկրի վրայ պիտի բնակի՞։ Ահա երկինք ու երկինքներու երկինքը քեզ չեն կրնար պարունակել. ո՞ւր կը մնայ այս իմ շինած տունս։
28 Սակայն, ո՛վ Տէր Աստուած իմ, քու ծառայիդ աղօթքին ու խնդրուածքին նայէ՛ եւ քու ծառայիդ այսօր քու առջեւդ ըրած պաղատանքն ու աղօթքը լսէ՛,
29 Որպէս զի այս տանը վրայ գիշեր ու ցորեկ քու աչքերդ բաց ըլլան, այն տեղին վրայ, որուն համար ըսիր թէ ‘Իմ անունս հոն պիտի ըլլայ’, որպէս զի այստեղ քու ծառայիդ ըրած աղօթքը լսես։
30 Ուրեմն քու ծառայիդ եւ քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին այստեղ ըրած աղօթքները լսէ՛. այո՛ քու բնակութեանդ տեղէն, երկնքէն, լսէ՛ ու լսած ատենդ ներէ՛։
31 «Եթէ մէկը ընկերին դէմ մեղանչէ ու ան ալ երդում ընել տալու համար՝ անոր երդում առաջարկէ ու երդումի համար այս տունը՝ քու սեղանիդ առջեւ՝ գայ,
32 Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ ու կատարէ՛ ու քու ծառաներդ դատէ եւ յանցաւորը դատապարտէ՛ ու անոր ըրածը անոր գլուխը բե՛ր եւ արդարը արդարացո՛ւր ու անոր արդարութեանը չափովը անոր հատուցում ըրէ՛։
33 «Եթէ քու ժողովուրդդ Իսրայէլ՝ քեզի դէմ մեղանչելուն համար իրենց թշնամիներուն առջեւ յաղթուին ու քեզի դառնան եւ քու անուանդ փառք տան ու այս տան մէջ քեզի աղօթք ու աղաչանք ընեն,
34 Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ եւ քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի մեղքը ներէ՛ ու անոնց հայրերուն տուած երկիրդ դարձուր զանոնք։
35 «Եթէ անոնց քեզի դէմ մեղք գործելնուն համար երկինք գոցուի ու անձրեւ չգայ ու անոնք այստեղ քեզի աղօթք ընեն եւ քու անուանդ փառք տան ու զանոնք նեղելուդ համար իրենց մեղքերէն դառնան,
36 Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ եւ քու ծառաներուդ ու ժողովուրդիդ Իսրայէլի մեղքը ներէ՛ եւ անոնց սորվեցուր այն շիտակ ճամբան, որուն մէջ պէտք է քալեն եւ անձրեւ տուր այն երկրին, որ քու ժողովուրդիդ իբր ժառանգութիւն տուիր։
37 «Եթէ երկրի վրայ սով, կամ ժանտախտ, կամ խորշակահարութիւն, կամ արմտիքներու դալուկ, կամ մարախ, կամ թրթուր ըլլայ, կամ անոնց թշնամիները զանոնք իրենց բնակած երկրին մէջ նեղեն, կամ որեւէ հարուած կամ հիւանդութիւն ըլլայ,
38 Քու բոլոր ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն՝ ոեւէ մարդ աղօթք մը ու խնդրուածք մը ընէ եւ իւրաքանչիւր մարդ իր սրտին ախտը ճանչնալով՝ ձեռքերը դէպի այս տունը երկնցնէ,
39 Այն ատեն դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսէ՛ ու ներէ՛ եւ ամէն մարդու իր բոլոր ճամբաներուն համեմատ հատուցում ըրէ՛, անոր սիրտը ճանչնալուդ համար. վասն զի բոլոր մարդոց որդիներուն սիրտը միայն դուն կը ճանչնաս.
40 Որպէս զի քեզմէ վախնան իրենց օրերուն մէջ, որչափ ժամանակ որ մեր հայրերուն տուած երկրիդ վրայ ապրին։
41 «Քու ժողովուրդէդ Իսրայէլէն չեղող եւ հեռաւոր երկրէ մը քու անուանդ համար եկող օտարականն ալ
42 (Վասն զի քու մեծ անունդ պիտի լսեն ու երկնցած բազուկդ պիտի տեսնեն,) եթէ գայ ու այս տանը մէջ աղօթք ընէ,
43 Դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն լսէ՛ եւ օտարականին քեզի ըրած ամէն խնդրուածքը կատարէ՛, որպէս զի երկրի ամէն ժողովուրդները քու անունդ ճանչնան ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի պէս քեզմէ վախնան եւ գիտնան թէ այս իմ շինած տունս քու անունովդ կոչուած է։
44 «Երբ քու ժողովուրդդ թշնամիին դէմ պատերազմի երթայ այն ճամբով, որ դուն պիտի ղրկես զանոնք, եթէ անոնք այս քու ընտրած քաղաքիդ ու քու անուանդ համար այս իմ շինած տանս կողմը նայելով՝ Տէրոջը աղօթք ընեն,
45 Երկնքէն անոնց աղօթքն ու խնդրուածքը լսէ՛ եւ անոնց իրաւունք ըրէ՛։
46 «Երբ քեզի դէմ մեղք գործեն, (քանզի մեղք չգործող մարդ չկայ,) ու անոնց բարկանալով զանոնք թշնամիին ձեռքը մատնես ու անոնց գերեվարները թշնամիին հեռու կամ մօտ երկիրը գերի տանին զանոնք,
47 Բայց եթէ այն գերութեան երկրին մէջ զղջան ու դառնան եւ իրենց գերեվարներուն երկրին մէջ քեզի աղաչեն ու ըսեն՝ ‘Մեղք գործեցինք, անօրէնութիւն ու անիրաւութիւն ըրինք’
48 Եւ եթէ զանոնք գերի տանող թշնամիներուն երկրին մէջ իրենց բոլոր սրտովը ու իրենց բոլոր հոգիովը քեզի դառնան ու իրենց երկրին, որ իրենց հայրերուն տուիր եւ քու ընտրած քաղաքիդ ու քու անուանդ համար իմ շինած տանս կողմը նայելով՝ քեզի աղօթք ընեն,
49 Դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, անոնց աղօթքը ու խնդրուածքը լսէ՛ ու անոնց իրաւունք ըրէ՛
50 Եւ քու ժողովուրդիդ քեզի դէմ ըրած մեղքը ու բոլոր յանցանքը ներէ՛ ու այնպէս ըրէ՛, որ անոնց գերեվարները անոնց ողորմութիւն ընեն.
51 Քանզի անոնք քու ժողովուրդդ ու քու ժառանգութիւնդ են, որոնք Եգիպտոսէն երկաթի հնոցին մէջէն հանեցիր։
52 Քու ծառայիդ խնդրուածքին ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի խնդրուածքին վրայ քու աչքդ ու ականջդ թող բաց ըլլան, որպէս զի անոնց քեզի ըրած աղաղակը լսես։
53 Քանզի երկրի ժողովուրդներէն դուն զանոնք զատեցիր, որպէս զի քու ժառանգորդներդ ըլլան, ինչպէս քու ծառայիդ Մովսէսին միջոցով յայտնեցիր, երբ մեր հայրերը Եգիպտոսէն հանեցիր, ո՛վ Տէր Եհովա»։
54 Երբ Սողոմոն այս աղօթքն ու խնդրուածքը Տէրոջը ըրաւ լմնցուց, Տէրոջը սեղանին առջեւէն ելաւ, ուր ձեռքերը դէպի երկինք տարածուած ծունր կրկներ էր,
55 Ու ոտքի վրայ կայնելով Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը բարձր ձայնով օրհնեց ու ըսաւ.
56 «Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, որ իր բոլոր ըսածին համեմատ իր Իսրայէլ ժողովուրդին հանգստութիւն տուաւ ու իր ծառային Մովսէսին միջոցով խօսած ամէն բարի խօսքերէն բնաւ խօսք մը գետինը չինկաւ։
57 Մեր Տէր Աստուածը մեզի հետ ըլլայ, ինչպէս մեր հայրերուն հետ էր ու մեզ չթողու ու մեզ երեսէ չձգէ
58 Եւ մեր սիրտը իրեն դարձնէ, որպէս զի իր բոլոր ճամբաներուն մէջ քալենք ու պահենք իր պատուիրանքները, կանոններն ու օրէնքները, որոնք մեր հայրերուն պատուիրեց։
59 Տէրոջը առջեւ մատուցուած այս պաղատանքի խօսքերս ցորեկ ու գիշեր մեր Տէր Աստուծոյ մօտենան, որպէս զի օրէ օր պատահած գործերուն մէջ իր ծառային ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին իրաւունք ընէ.
60 Որպէս զի երկրի բոլոր ժողովուրդները գիտնան թէ Եհովա ի՛նքն է Աստուած եւ ուրիշ մը չկայ։
61 Ու ձեր սիրտը մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ ուղիղ ըլլայ, որպէս զի այս օրուան պէս անոր կանոններուն մէջ քալէք ու անոր պատուիրանքները պահէք»։
62 Թագաւորը ու բոլոր Իսրայէլ անոր հետ Տէրոջը առջեւ զոհեր մատուցանեցին։
63 Սողոմոն Տէրոջը մատուցուած խաղաղութեան զոհին համար՝ քսանըերկու հազար արջառ ու հարիւր քսան հազար ոչխար զոհ ըրաւ եւ թագաւորն ու բոլոր Իսրայէլի որդիները Տէրոջը տանը նաւակատիքը ըրին։
64 Այն օրը թագաւորը Տէրոջը տանը առջեւ եղող գաւիթին մէջտեղը սրբեց, քանզի իր ողջակէզները, հացի ընծաներն ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը հոն մատուցանեց, վասն զի Տէրոջը առջեւի պղնձէ սեղանը պզտիկ կու գար այս ողջակէզները, հացի ընծաներն ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը ընդունելու։
65 Այն ատեն Սողոմոն ու անոր հետ բոլոր Իսրայէլ, մեծ ժողով մը, Եմաթի մուտքէն մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ եօթը օր ու եօթը օր եւս, այսինքն տասնըչորս օր, տօն ըրին։
66 Եւ Սողոմոն ութերորդ օրը ժողովուրդը արձակեց, որոնք թագաւորը օրհնեցին ու իրենց վրանները գացին, զուարթ սրտով մը ուրախանալով այն բոլոր բարիքներուն համար, որոնք Տէրը իր ծառային ու Իսրայէլ ժողովրդին ըրաւ։