Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22


Գլուխ 13

Երբ Յերոբովամ խունկ ծխելու համար սեղանին քով կը կենար, ահա Աստուծոյ մարդ մը Տէրոջը խօսքովը Յուդայէն Բեթէլ եկաւ։
2 Տէրոջը խօսքովը սեղանին դարձաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ սեղան, ո՛վ սեղան, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա Դաւիթին տանը որդի մը պիտի ծնանի Յովսիա անունով եւ քու վրադ խունկ ծխող բարձր տեղերուն քուրմերը քու վրադ պիտի զոհէ ու քու վրադ մարդոց ոսկորները պիտի այրեն’»։
3 Նոյն օրը նշան մը տալով՝ ըսաւ. «Տէրոջը խօսելուն նշանը այս է. ‘Ահա սեղանը պիտի ճեղքուի ու վրայի մոխիրը պիտի թափի’»։
4 Երբ թագաւորը Աստուծոյ մարդուն Բեթէլի մէջ սեղանին համար ըսուած խօսքը լսեց, Յերոբովամ սեղանին վրայէն ձեռքը երկնցուց ու ըսաւ. «Այս մարդը բռնեցէ՛ք» եւ անոր վրայ երկնցուցած ձեռքը չորցաւ ու զանիկա չկրցաւ ետ քաշել։
5 Աստուծոյ մարդուն Տէրոջը խօսքովը տուած նշանին պէս՝ սեղանը ճեղքուեցաւ ու մոխիրը սեղանէն թափուեցաւ։
6 Թագաւորը Աստուծոյ մարդուն ըսաւ. «Քու Տէր Աստուծոյդ աղաչէ՛ ու ինծի համար աղօթք ըրէ՛, որ ձեռքս ինծի դառնայ»։ Այն ատեն Աստուծոյ մարդը Տէրոջը աղաչեց եւ թագաւորին ձեռքը իրեն դարձաւ ու առաջուան պէս եղաւ։
7 Թագաւորը Աստուծոյ մարդուն ըսաւ. «Ինծի հետ տուն եկուր եւ քիչ մը կերակուր կե՛ր՝ ՝ ու քեզի պարգեւ տամ»։
8 Աստուծոյ մարդը թագաւորին ըսաւ. «Եթէ ինծի քու տանդ կէսն ալ տաս, քեզի հետ պիտի չգամ ու այստեղ հաց պիտի չուտեմ, ո՛չ ալ ջուր պիտի խմեմ,
9 Վասն զի Տէրը իր խօսքովը ինծի այսպէս պատուիրեց ու ըսաւ. ‘Հաց չուտես ու ջուր չխմես ու գացած ճամբայէդ չդառնաս’»։
10 Ուստի անիկա ուրիշ ճամբով գնաց ու Բեթէլ եկած ճամբովը չդարձաւ։
11 Բեթէլի մէջ ծեր մարգարէ մը կը բնակէր։ Անոր որդիները եկան ու Աստուծոյ մարդուն նոյն օրը Բեթէլի մէջ բոլոր ըրած գործերը անոր պատմեցին եւ անիկա թագաւորին ինչ խօսքեր որ ըսեր էր՝ զանոնք ալ իրենց հօրը յայտնեցին։
12 Անոնց հայրը անոնց ըսաւ. «Ո՞ր ճամբայէն գնաց»։ Անոր որդիները Յուդայէն եկող Աստուծոյ մարդուն գացած ճամբան տեսեր էին՝ ՝։
13 Իր որդիներուն ըսաւ. «Էշը պատրաստեցէ՛ք ինծի»։ Անոնք անոր համար էշը պատրաստեցին։ Անիկա վրան հեծաւ
14 Եւ Աստուծոյ մարդուն ետեւէն գնաց ու զանիկա բեւեկնիի մը տակ նստած գտաւ ու անոր ըսաւ. «Յուդայէն եկող Աստուծոյ մարդը դո՞ւն ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես եմ»։
15 Ծերը անոր ըսաւ. «Ինծի հետ տուն եկո՛ւր ու հաց կե՛ր»։
16 Մարդը ըսաւ. «Քեզի հետ չեմ կրնար դառնալ ու քու տունդ մտնել, ո՛չ ալ այստեղ քեզի հետ հաց պիտի ուտեմ, ջուր ալ պիտի չխմեմ
17 Վասն զի Տէրոջը խօսքովը ինծի ըսուեցաւ. ‘Հոն հաց չուտես, ջուր ալ չխմես ու գացած ճամբայէդ չդառնաս’»։
18 Բայց ծերը ըսաւ անոր. «Ես ալ քեզի պէս մարգարէ եմ ու հրեշտակ մը ինծի հետ Տէրոջը խօսքովը խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Զանիկա քեզի հետ քու տունդ դարձո՛ւր, որպէս զի հաց ուտէ ու ջուր խմէ’». Սակայն սուտ խօսեցաւ։
19 Այն ատեն Աստուծոյ մարդը անոր հետ դարձաւ եւ անոր տունը հաց կերաւ ու ջուր խմեց։
20 Երբ անոնք սեղան նստեր էին, Տէրոջը խօսքը ծեր մարգարէին եղաւ
21 Ու անիկա Յուդայէն եկող Աստուծոյ մարդուն ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն Տէրոջը խօսքին անհնազանդութիւն ըրիր ու քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած պատուէրը չպահեցիր
22 Եւ դարձար ու հաց կերար ու ջուր խմեցիր այնտեղը որու համար քեզի ըսած էի, որ հաց չուտես ու ջուր չխմես, քու մեռելդ քու հայրերուդ գերեզմանը պիտի չմտնէ’»։
23 Հաց ուտելէն ու ջուր խմելէն ետքը ծերը իր հետ դարձուցած մարգարէին էշը պատրաստեց.
24 Ան ալ գնաց ու ճամբուն մէջ առիւծ մը գտաւ զանիկա ու մեռցուց։ Անոր մեռելը ճամբուն վրայ փռուած մնաց ու էշը անոր քով կեցեր էր։ Առիւծն ալ անոր քով կեցեր էր։
25 Ահա անկէ քանի մը մարդիկ անցնելով՝ ճամբուն վրայ փռուած մեռելը ու մեռելին քով կեցող առիւծը տեսան ու գացին այն ծեր մարգարէին քաղաքը պատմեցին։
26 Ծեր մարգարէն, որ սպաննուած մարդը ճամբայէն դարձուցած էր, երբ լսեց՝ ըսաւ. «Անիկա Տէրոջը խօսքին անհնազանդութիւն ընող Աստուծոյ մարդն է ու Տէրը զանիկա առիւծին տուեր է որ զանիկա պատառելով մեռցուցեր է, Տէրոջը ըսած խօսքին համեմատ»։
27 Եւ իր որդիներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ինծի համար էշը պատրաստեցէ՛ք»։ Անոնք պատրաստեցին։
28 Գնաց անոր մեռելը գտաւ, որ ճամբուն վրայ փռուած էր ու էշը եւ առիւծը մեռելին քով կեցեր էին։ Առիւծը մեռելը կերած չէր, ո՛չ ալ էշը պատառեր էր։
29 Ծեր մարգարէն Աստուծոյ մարդուն մեռելը վերցուց ու զանիկա իշուն վրայ դրաւ ու զանիկա դարձուց։ Ծեր մարգարէն քաղաքը մտաւ, որպէս զի ողբ ընէ ու զանիկա թաղէ։
30 Անոր մեռելը իր գերեզմանին մէջ դրաւ՝ «Վա՜յ, եղբայր», ըսելով ու անոր վրայ ողբ ըրին։
31 Զանիկա թաղելէն ետքը իր որդիներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Երբ ես մեռնիմ, զիս Աստուծոյ մարդուն թաղուած գերեզմանին մէջ թաղեցէ՛ք, իմ ոսկորներս անոր ոսկորներուն քով դրէք.
32 Վասն զի Բեթէլի մէջ եղող սեղանին համար ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ եղող բոլոր բարձր տեղերու կռատուններուն համար անոր Տէրոջը կողմէ ըսուած խօսքը անպատճառ պիտի կատարուի»։
33 Այս բանէն յետոյ Յերոբովամ իր չար ճամբայէն չդարձաւ եւ նորէն ժողովուրդին ցած մարդոցմէն բարձր տեղերուն քուրմեր կը նշանակէր։ Ամէն ուզողը կ’օրհնէր, որպէս բարձր տեղերուն քուրմը։
34 Այս բանը Յերոբովամին տանը մեղքի պատճառ, նաեւ անոր երկրի երեսէն կորսուելուն ու բնաջինջ ըլլալուն պատճառը եղաւ։