Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 14
Այն ատեն Յերոբովամի որդին Աբիան հիւանդացաւ։
2 Ու Յերոբովամ իր կնոջ ըսաւ. «Ելի՛ր, կերպարանքդ փոխէ՛, այնպէս որ Յերոբովամին կինը ըլլալդ չգիտցուի ու Սելով գնա՛։ Աքիա մարգարէն հոն է, անիկա էր որ ինծի համար ըսաւ թէ այս ժողովուրդին վրայ թագաւոր պիտի ըլամ։
3 Ձեռքդ տասը հաց եւ բլիթներ ու մէկ սափոր մեղր ա՛ռ ու անոր գնա՛։ Անիկա քեզի պիտի յայտնէ ինչ որ տղուն պիտի պատահի»։
4 Յերոբովամին կինը այնպէս ըրաւ ու ելաւ Սելով գնաց, Աքիային տունը մտաւ։ Աքիային աչքերը ծերութենէն տկարացեր էին ու չէր կրնար տեսնել։
5 Եւ Տէրը Աքիային ըսաւ. «Ահա Յերոբովամին կինը իր տղուն համար քեզի հարցնելու կու գայ, վասն զի անիկա հիւանդ է։ Անոր այսպէս ու այսպէս ըսէ։ Անիկա գալու ատենը անծանօթ կերպարանքով պիտի գայ»։
6 Երբ կինը դռնէն ներս կը մտնէր, Աքիա անոր ոտքերուն ձայնը լսածին պէս ըսաւ. «Ո՛վ Յերոբովամի կին, եկո՛ւր. դուն ինչի այդպիսի անծանօթ կերպարանք առեր ես. բայց ես քեզի տխուր լուր մը տալու ղրկուեցայ։
7 Գնա՛, Յերոբովամին ըսէ. ‘Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Քեզ ժողովուրդի մէջէն բարձրացուցի ու քեզ իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ իշխան ըրի
8 Եւ թագաւորութիւնը Դաւիթին տունէն պատռեցի ու զանիկա քեզի տուի, բայց դուն իմ պատուիրանքներս պահող ու իմ առջեւս ուղղութիւն ընելու համար իր բոլոր սրտովը ինծի հնազանդ եղող՝ ՝ իմ Դաւիթ ծառայիս պէս չեղար.
9 Մանաւանդ բոլոր քեզմէ առաջ եղողներէն աւելի չարութիւն ըրիր ու զիս բարկացնելու համար գացիր քեզի ուիրշ աստուածներ ու ձուլածոյ կուռքեր շինեցիր ու զիս ետիդ նետեցիր։
10 Ասոր համար ահա Յերոբովամին տանը վրայ չարիք պիտի բերեմ ու Յերոբովամին բոլոր այր մարդիկը ու նաեւ Իսրայէլի մէջ գտնուող գերին ու ազատը պիտի կոտորեմ եւ Յերոբովամին տունը պիտի աւլեմ՝ ինչպէս աղբը կ’աւլեն, մինչեւ որ հատնի։
11 Յերոբովամէն քաղաքի մէջ մեռնողը շուները պիտի ուտեն ու դաշտի մէջ մեռնողը երկնքի թռչունները պիտի ուտեն, քանզի Տէրը խօսեցաւ»’։
12 Եւ դուն ելի՛ր, քու տունդ գնա՛։ Երբ քու ոտքերդ քաղաք մտնեն, տղան պիտի մեռնի
13 Ու բոլոր Իսրայէլ ողբալով զանիկա պիտի թաղեն, վասն զի Յերոբովամէն միայն անիկա գերեզման պիտի մտնէ. որովհետեւ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն առջեւ Յերոբովամի տանը մէջ բարի բան մը միայն անոր վրայ գտնուեցաւ։
14 Տէրը իրեն համար Իսրայէլի վրայ թագաւոր մը պիտի հանէ, որ նոյն օրը՝ ՝ Յերոբովամին տունը ու ի՛նչ որ մնայ պիտի կոտորէ։
15 Եւ Տէրը ջուրերու մէջ եղող շարժուն եղէգի պէս Իսրայէլը արմատէն պիտի խլէ այս բարի երկրի երեսէն, որ անոնց հայրերուն տուեր էր ու զանոնք Գետին անդիի կողմը պիտի ցրուէ, որովհետեւ Տէրը բարկացնելով՝ իրենց Աստարովթի կուռքեր՝ ՝ շինեցին
16 Եւ Իսրայէլը երեսէ պիտի ձգէ, Յերոբովամին ըրած մեղքերուն համար ու Իսրայէլին ալ մեղանչել տալու համար»։
17 Այն ատեն Յերոբովամին կինը ելաւ գնաց ու Թերսա մտաւ։ Ան տանը դռնէն ներս մտածին պէս՝ տղան մեռաւ։
18 Զանիկա թաղեցին ու բոլոր Իսրայէլ անոր վրայ ողբաց Տէրոջը խօսքին համար, որ իր ծառային Աքիա մարգարէին միջոցով խօսեր էր։
19 Ու Յերոբովամին մնացորդ պատմութիւնը՝ թէ ի՛նչպէս պատերազմ ըրաւ եւ թէ ի՛նչպէս թագաւորեց, ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։
20 Յերոբովամին թագաւորութիւն ըրած օրերը քսանըերկու տարի եղան ու իր հայրերուն հետ քնացաւ ու անոր տեղ անոր որդին Նադաբ թագաւոր եղաւ։
21 Սողոմոնին որդին Ռոբովամ Յուդայի մէջ թագաւորեց։ Ռոբովամ քառասունըմէկ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ եւ տասնըեօթը տարի թագաւորութիւն ըրաւ Երուսաղէմի մէջ, այսինքն այն քաղաքին մէջ, որ Տէրը Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ընտրեց իր անունը հոն դնելու համար։ Անոր մայրը Ամմոնացի էր, Նաամա անունով։
22 Յուդայեաններն ալ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու իրենց ըրած մեղքերովը իրենց հայրերուն բոլոր ըրածէն աւելի զանիկա բարկացուցին։
23 Անոնք ալ բոլոր բարձր բլուրներուն վրայ ու կանանչ ծառերուն տակ բարձր տեղեր ու արձաններ եւ Աստարովթի կուռքեր շինեցին
24 Ու երկրի մէջ Սոդոմական մեղք գործողներ ալ կային, որոնք Տէրոջը՝ Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտած ազգերուն բոլոր գարշելի բաներուն նման կ’ընէին։
25 Ռոբովամ թագաւորին հինգերորդ տարին Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը Երուսաղէմի վրայ յարձակեցաւ։
26 Տէրոջը տանը գանձերը ու թագաւորին տանը գանձերը առաւ. բոլորն ալ առաւ. Սողոմոնին շինած բոլոր ոսկիէ ասպարներն ալ առաւ։
27 Ռոբովամ թագաւորը անոնց տեղ պղնձէ ասպարներ շինեց ու զանոնք թագաւորական տանը դուռը պահպանութիւն ընող սուրհանդակներուն ոստիկաններուն ձեռքը յանձնեց։
28 Երբ թագաւորը Տէրոջը տունը կ’երթար՝ սուրհանդակները զանոնք կը կրէին ու ետքը զանոնք սուրհանդակներուն խուցը կը դարձնէին։
29 Ռոբովամին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր ըրածը ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։
30 Ռոբովամին եւ Յերոբովամին մէջտեղ միշտ պատերազմ կար։
31 Ռոբովամ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր մայրը Ամմոնացի էր, Նաամա անունով։ Անոր տեղ իր որդին Աբիա թագաւոր եղաւ։