Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22


Գլուխ 9

Երբ Սողոմոն Տէրոջը տունն ու թագաւորական տունը եւ իր սրտին բոլոր ուզած բաները շինեց լմնցուց,
2 Տէրը Սողոմոնին նորէն երեւցաւ՝ ինչպէս Գաբաւոնի մէջ երեւցեր էր։
3 Եւ Տէրը անոր ըսաւ. «Իմ առջեւս ըրած աղօթքդ ու պաղատանքդ լսեցի եւ այս շինած տունդ սրբեցի, որպէս զի իմ անունս յաւիտեան հոն դնեմ ու իմ աչքերս ու սիրտս միշտ հոն պիտի ըլլան։
4 Եթէ դուն իմ առջեւս քու հօրդ Դաւիթին պէս քալես՝ կատարեալ սրտով եւ ուղղութեամբ քալես ու բոլոր քեզի պատուիրածներս ընես ու իմ կանոններս ու օրէնքներս պահես,
5 Այն ատեն քու թագաւորութեանդ աթոռը Իսրայէլի վրայ յաւիտեան պիտի հաստատեմ, ինչպէս քու հօրդ Դաւիթին խոստացայ՝ ըսելով. ‘Իսրայէլի աթոռին վրայ քեզմէ մարդ պակաս պիտի չըլլայ’։
6 Բայց եթէ դուք կամ ձեր որդիները ինծմէ խոտորիք ու ձեր առջեւ դրուած պատուիրանքներս ու կանոններս չպահէք ու երթաք ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ընէք եւ անոնց երկրպագութիւն ընէք
7 Այն ատեն Իսրայէլը պիտի ջնջեմ այն երկրին վրայէն, որ իրենց տուի ու իմ անուանս համար այս սրբած տունս երեսէս պիտի ձգեմ եւ Իսրայէլ բոլոր ազգերուն մէջ առակ ու կատակի առարկայ պիտի ըլլայ։
8 Այս բարձր տանը համար ամէն քովէն անցնողը պիտի զարմանայ ու սուլելով պիտի ըսէ. ‘Տէրը ինչո՞ւ համար այս երկրին ու այս տանը այսպէս ըրաւ’։
9 Անոնց պիտի ըսեն. ‘Վասն զի անոնք իրենց Տէր Աստուածը թողուցին, որ անոնց հայրերը Եգիպտոսի երկրէն հաներ էր եւ ուրիշ աստուածներու յարեցան եւ անոնց երկրպագութիւն ու ծառայութիւն ըրին. այս պատճառով Տէրը անոնց վրայ այս բոլոր չարիքները բերաւ’»։
10 Սողոմոն երկու տունը՝ Տէրոջը տունն ու թագաւորական տունը՝ քսան տարուան մէջ շինելէն ետքը,
11 Տիւրոսի թագաւորը Քիրամ եղեւնափայտերով, մայրիի փայտերով ու ոսկիով անոր ամէն ուզածին համեմատ Սողոմոնի օգնութիւն ընելու համար, Սողոմոն թագաւորն ալ այն ատեն Քիրամին քսան քաղաք տուաւ Գալիլիայի մէջ։
12 Քիրամ Տիւրոսէն եկաւ՝ որպէս զի Սողոմոնին իրեն տուած քաղաքները տեսնէ եւ իր աչքերուն հաճոյ չերեւցան
13 Ու ըսաւ. «Եղբա՛յր, այս ի՜նչ քաղաքներ են, որոնք ինծի տուիր» ու անոց անունը Քաբօղի երկիր կոչուեցաւ։
14 Ուստի Քիրամ թագաւորին հարիւր քսան տաղանդ ոսկի ղրկեց։
15 Սողոմոն թագաւորին դրած հարկին պատճառը այս էր, որ Տէրոջը տունը, իր տունն ու Մելօնը ու Երուսաղէմի պարիսպը, Հասորը, Մակեդդովն ու Գազերը շինէ։
16 (Քանզի Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորը ելլելով՝ Գազերը առեր ու զանիկա կրակով այրեր էր եւ այն քաղաքին մէջ բնակող Քանանացիները մեռցնելով, զանիկա իր աղջկան, Սողոմոնի կնոջ, օժիտ տուեր էր։)
17 Ու Սողոմոն Գազերն ու վարի Բեթորոնը շինեց,
18 Նաեւ Բաազեթն ու Թադմօրը երկրին անապատին մէջ
19 Եւ Սողոմոնին բոլոր շտեմարանին քաղաքներն ու կառքերուն քաղաքները ու ձիաւորներուն քաղաքները եւ այն բոլոր շէնքերը, որոնք Սողոմոն ուզեց շինել Երուսաղէմի մէջ ու իր տէրութեան բոլոր երկրին մէջ։
20 Այն բոլոր ժողովուրդները, որոնք Ամօրհացիներէն, Քետացիներէն, Փերեզացիներէն, Խեւացիներէն ու Յեբուսացիներէն մնացեր էին եւ Իսրայէլի որդիներէն չէին,
21 Այսինքն անոնց զաւակները, որոնք անոնցմէ ետքը այն երկրին մէջ մնացեր էին ու Իսրայէլի որդիները չէին կրցեր զանոնք բնաջինջ ընել, Սողոմոն զանոնք հարկատու ծառայ ըրաւ մինչեւ այսօր։
22 Բայց Սողոմոն Իսրայէլի որդիները իրեն ծառայ չըրաւ. հապա անոնք իր պատերազմական մարդիկը, իր պալատականները, իշխանները, զօրավարներն ու իր կառքերուն ու ձիաւորներուն վերակացուներն էին։
23 Սողոմոնին գործին վրայ հինգ հարիւր յիսուն գլխաւոր իշխաններ կային, որոնք բանուոր ժողովուրդին վրայ կ’իշխէին։
24 Փարաւոնին աղջիկը Դաւիթի քաղաքէն ելաւ ու գնաց իր տունը, որ Սողոմոն անոր համար շիներ էր։ Ապա Մելօնը շինեց։
25 Սողոմոն տարին երեք անգամ՝ Տէրոջը համար շինած սեղանին վրայ՝ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր կը մատուցանէր եւ Տէրոջը առջեւի սեղանին վրայ խունկ կը ծխէր։ Այսպէս լրացուց իր գործը։
26 Սողոմոն թագաւորը Եդովմի երկրին մէջ Կարմիր ծովուն եզերքը՝ Ելաթի քով եղող Գասիոնգաբերի մէջ նաւեր շինեց։
27 Քիրամ Սողոմոնին ծառաներուն հետ, ծովու ճամբորդութեան հմուտ եղող իր նաւավարները այն նաւերով ղրկեց։
28 Ու անոնք Ոփիր գացին եւ անկէ չորս հարիւր քսան տաղանդ ոսկի առին ու Սողոմոն թագաւորին բերին։