Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22


Գլուխ 11

Սողոմոն թագաւորը Փարաւոնին աղջիկէն զատ շատ օտարազգի կիներ, այսինքն Մովաբացի, Ամմոնացի, Եդովմայեցի, Սիդոնացի ու Քետացի կիներ սիրեց.
2 Այն ազգերէն՝ որոնց համար Տէրը Իսրայէլին որդիներուն ըսեր էր. «Անոնց քով մի՛ մտնէք ու անոնք ալ ձեր քով թող չմտնեն, որպէս զի ձեր սրտերը իրենց աստուածներուն չդարձնեն»։ Սողոմոն սիրով անոնց յարեցաւ։
3 Անիկա եօթը հարիւր իշխանազուն կին ու երեք հարիւր հարճ ունէր ու անոր կիները անոր սիրտը խոտորցուցին։
4 Սողոմոնին ծերութեան ժամանակը անոր կիները անոր սիրտը օտար աստուածներու դարձուցին ու անոր սիրտը իր Տէր Աստուծոյն հետ իր հօրը Դաւիթին սրտին պէս կատարեալ չէր։
5 Սողոմոն Սիդոնացիներու աստուծոյն Աստարովթին ետեւէն ու Ամմոնացիներուն գարշելի Մեղքոմին ետեւէն գնաց։
6 Սողոմոն Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Տէրոջը ետեւէն իր հօրը Դաւիթին պէս կատարեալ սրտով չգնաց։
7 Այն ատեն Սողոմոն Երուսաղէմի առջեւի լերանը վրայ Մովաբացիներուն գարշելի Քամովսին համար բարձր տեղ մը շինեց ու Ամմոնացիներուն գարշելի Մողոքին համար ալ։
8 Իր բոլոր օտարազգի կիներուն համար ալ այնպէս ըրաւ, որոնք իրենց աստուածներուն խունկ կը ծխէին ու զոհ կը մատուցանէին։
9 Տէրը Սողոմոնին բարկացաւ, վասն զի անիկա իր սիրտը խոտորցուց Իսրայէլի Տէր Աստուծմէն, որ երկու անգամ իրեն երեւցաւ։
10 Եւ պատուիրեց որ ուրիշ աստուածներու ետեւէն չերթայ. բայց անիկա Տէրոջը պատուէրը չպահեց։
11 Տէրը Սողոմոնին ըսաւ. «Որովհետեւ դուն այսպէս ըրիր՝ ՝ եւ իմ ուխտս ու քեզի պատուիրած կանոններս չպահեցիր, քու թագաւորութիւնդ անշուշտ քեզմէ պիտի առնեմ ու զանիկա քու ծառայիդ պիտի տամ։
12 Միայն թէ այս բանը քու օրերուդ մէջ չեմ ըներ՝ քու հօրդ Դաւիթին համար, բայց զանիկա քու որդիիդ ձեռքէն պիտի պատռեմ։
13 Սակայն բոլոր թագաւորութիւնը պիտի չպատռեմ, հապա իմ ծառայիս Դաւիթին համար ու իմ ընտրած Երուսաղէմիս համար քու որդիիդ ցեղ մը պիտի պահեմ»։
14 Տէրը Սողոմոնին դէմ թշնամի մը հանեց, այսինքն Եդովմի թագաւորին սերունդէն Եդովմայեցի Ադադը.
15 Վասն զի Դաւիթ Եդովմի մէջ եղած ատենը, երբ Յովաբ զօրագլուխը մեռցուածները թաղելու համար ելաւ ու Եդովմի մէջ բոլոր արուները մեռցուց,
16 (Որովհետեւ Յովաբ բոլոր Իսրայէլի հետ վեց ամիս նստաւ, մինչեւ որ Եդովմայեցիներուն բոլոր արուները մեռցուց,)
17 Այն ատեն Ադադ իր հօրը քանի մը Եդովմայեցի ծառաներու հետ փախաւ, որպէս զի Եգիպտոս երթայ։ Ադադ դեռ պզտիկ տղայ էր։
18 Անոնք Մադիամէն ելան ու Փառան գացին, Փառանէն իրենց հետ մարդիկ առին ու Եգիպտոս գացին Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին, որ անոր տուն տուաւ ու անոր ռոճիկ կապեց ու անոր հող տուաւ։
19 Ադադ Փարաւոնին առջեւ շատ շնորհք գտաւ ու Փարաւոն իր կնոջ քոյրը, Թահփենէս թագուհիին քոյրը, անոր կնութեան տուաւ։
20 Թահփենէսի քոյրը Ադադին որդի մը ծնաւ, որ Գանեբաթ կոչուեցաւ ու Թահփենէս զանիկա Փարաւոնին տանը մէջ մեծցուց։ Գանեբաթ Փարաւոնին տունը Փարաւոնին որդիներուն մէջ էր։
21 Երբ Ադադ Եգիպտոսի մէջ լսեց թէ Դաւիթ իր հայրերուն հետ քնացեր է ու Յովաբ զօրապետը մեռեր է, Ադադ Փարաւոնին ըսաւ. «Արձակէ՛ զիս, որպէս զի իմ երկիրս երթամ»։
22 Փարաւոն անոր ըսաւ. «Իմ քովս քու ի՞նչդ պակաս է, որ քու երկիրդ երթալ կ’ուզես»։ Անիկա ըսաւ. «Ո՛չ, բանի մը կարօտութիւն չունիմ, բայց անպատճառ արձակէ՛ զիս»։
23 Աստուած անոր դէմ ուրիշ թշնամի մըն ալ հանեց, այսինքն Եղիադայի որդին Ռազոնը, որ իր տիրոջը Սուբայի Ադրազար թագաւորին քովէն փախեր էր։
24 Անիկա իր քով մարդիկ հաւաքեց եւ գնդապետ եղաւ ու երբ Դաւիթ զանոնք կոտորեց, Դամասկոս գացին ու հոն բնակեցան ու Դամասկոսի մէջ զինք թագաւոր ըրին։
25 Ուստի Ռազոն Սողոմոնին բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլին թշնամի եղաւ։ Ադադին ըրած չարութեան պէս Իսրայէլին նեղութիւն կու տար եւ Ասորիներուն վրայ կը թագաւորէր։
26 Սողոմոնին ծառան՝ Սարեդայէ Եփրաթացի Նաբատի որդին Յերոբովամն ալ՝ որուն մայրը որբեւարի կին մըն էր Սարուա անունով, թագաւորին դէմ ելաւ։
27 Թագաւորին դէմ ելլելուն պատճառը այս էր։ Սողոմոն Մելօնը շինեց եւ իր հօրը Դաւիթին քաղաքին փլած տեղը գոցեց։
28 Յերոբովամ խիստ ուժեղ մարդ մըն էր։ Սողոմոն տեսնելով որ անիկա գործունեայ կտրիճ մըն է, զանիկա Յովսէփին տանը բոլոր գործաւորներուն վրայ դրաւ։
29 Այն ժամանակ երբ Յերոբովամ Երուսաղէմէն դուրս ելաւ ու ճամբուն մէջ Սիլօնացի Աքիա մարգարէն անոր հանդիպեցաւ, անիկա նոր վերարկու մը հագեր էր։ Դաշտին մէջ երկուքը մինակ էին։
30 Աքիա անոր վրայի նոր վերարկուն բռնեց, զանիկա պատռեց տասներկու կտոր ըրաւ։
31 Եւ Յերոբովամին ըսաւ. «Տասը կտորը քեզի առ. քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա Սողոմոնին ձեռքէն թագաւորութիւնը պիտի պատռեմ ու տասը ցեղը քեզի պիտի տամ
32 Եւ իմ ծառայիս Դաւիթին համար ու Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ընտրուած Երուսաղէմ քաղաքին համար, ցեղ մը անոր ըլլայ,
33 Որովհետեւ զիս թողուցին ու Սիդոնացիներուն աստուծոյն Աստարովթին եւ Մովաբացիներու աստուծոյն Քամովսին երկրպագութիւն ըրին եւ իմ ճամբաներուս մէջ չքալեցին, որ իր հօրը Դաւիթին պէս իմ առջեւս ուղիղ եղածն ու իմ կանոններս ու պատուիրանքներս գործադրեն։
34 Սակայն անոր ձեռքէն բոլոր թագաւորութիւնը պիտի չառնեմ ու զանիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ իշխան պիտի թողում՝ իմ պատուիրանքներս ու կանոններս պահող իմ ընտրած ծառայիս Դաւիթին համար։
35 Բայց անոր որդիին ձեռքէն թագաւորութիւնը պիտի առնեմ ու տասը ցեղը քեզի պիտի տամ։
36 Եւ անոր որդիին ցեղ մը պիտի տամ, որպէս զի իմ ծառաս Դաւիթ իմ առջեւս միշտ ճրագ մը ունենայ Երուսաղէմ քաղաքին մէջ, որ ընտրեցի իմ անունս հոն դնելու համար։
37 Քեզ պիտի առնեմ եւ սրտիդ բոլոր ուզածին պէս թագաւորութիւն պիտի ընես ու Իսրայէլի վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս։
38 Եթէ իմ բոլոր պատուիրածներուս հնազանդութիւն ընես ու իմ ճամբաներուս մէջ քալես եւ իմ ծառայիս Դաւիթին ըրածին պէս՝ իմ կանոններս ու պատուիրանքներս պահելով՝ իմ առջեւս ուղիղ եղածը ընես, այն ատեն ես քեզի հետ պիտի ըլլամ ու քեզի մնայուն տուն մը պիտի շինեմ, ինչպէս Դաւիթին շինեցի ու Իսրայէլը քեզի պիտի տամ։
39 Եւ ասոր համար Դաւիթին սերունդը պիտի չարչարեմ, բայց ոչ՝ միշտ’»։
40 Սողոմոն Յերոբովամը մեռցնել ուզեց, բայց Յերոբովամ Եգիպտոս փախաւ ու Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորին քով գնաց ու մինչեւ Սողոմոնին մահը Եգիպտոս մնաց։
41 Սողոմոնին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր ըրածներն ու անոր իմաստութիւնը՝ ահա Սողոմոնին պատմութեան գրքին մէջ գրուած են։
42 Սողոմոնին Երուսաղէմի մէջ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրած օրերը քառասուն տարի եղան։
43 Ու Սողոմոն իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ իր հօրը Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր որդին Ռոբովամ անոր տեղ թագաւոր եղաւ։