Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 4
Սողոմոն թագաւորը բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր էր
2 Ու անոր իշխանները ասոնք էին. Սադովկի որդին Ազարիան քահանայ էր.
3 Սիսայի որդիները Ելիքորէփն ու Աքիան ատենադպիրներ էին եւ Աքիղուդի որդին Յովսափատը յիշատակաց դպիր էր։
4 Յովիադայի որդին Բանիան զօրքերուն վրայ էր եւ Սադովկն ու Աբիաթարը քահանաներ էին։
5 Նաթանի որդին Ազարիան պաշարներու գործակալներուն վրայ էր ու Նաթանի որդին Զաբիուդը նախարար ու թագաւորին բարեկամն էր։
6 Աքիսարը տանը հրամանատարն էր ու Աբդայի որդին Ադոնիրամը հարկերուն վրայ էր։
7 Սողոմոն բոլոր Իսրայէլի վրայ տասներկու գործակալներ ունէր, որոնք թագաւորն ու անոր տունը կը կերակրէին։ Կերակրելը ամէն մէկուն տարին մէկ ամիս կ’իյնար։
8 Անոնց անունները ասոնք են՝ Եփրեմի լերան մէջ՝ Բենովրը,
9 Մաքասի, Սաղաբինի, Բեթսամիւսի ու Ելօն-Բեթանանի մէջ՝ Բենդակարը,
10 Արաբովթի մէջ՝ Բենհեսեդը, որուն կը վերաբերէր Սոքով ու բոլոր Ոփերի երկիրը,
11 Բոլոր Դովրի գաւառին մէջ՝ Բենաբինադաբը։ Սողոմոնին աղջիկը՝ Տափաթ՝ ասոր կինն էր.
12 Թանաքի ու Մակեդդովի մէջ ու Յեզրայէլի տակ՝ Սարթանի քով եղող բոլոր Բեթսանի մէջ ու Բեթսանէ մինչեւ Աբէլմաուլա ու մինչեւ Յեկմամի անդիի կողմը՝ Աքիղուդի որդին Բաանան,
13 Ռամովթ-Գաղաադի մէջ՝ Բենգաբերը. Գաղաադի մէջ եղող Մանասեան Յայիրի գիւղաքաղաքները ու Բասանի մէջ եղող Արգովբի նահանգը՝ վաթսուն մեծ պարսպապատ ու պղնձանիգ քաղաքներ անոր կը վերաբերէին։
14 Մանայիմի մէջ՝ Ադդովի որդին Աքինադաղը,
15 Նեփթաղիմի մէջ՝ Աքիմաասը, ասիկա ալ Սողոմոնին աղջիկը Բասեմաթը կին առաւ։
16 Ասերի ու Բաալօթի մէջ՝ Քուսիին որդին Բաանան,
17 Իսաքարի մէջ՝ Փարուային որդին Յովսափատը,
18 Բենիամինի մէջ՝ Էլային որդին Սեմէին,
19 Գաղաադի երկիրն ու Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին ու Բասանի Ովգ թագաւորին երկիրը՝ Ուրիին որդին Գաբերն ու այն երկրին մէջ միայն մէկ գործակալ կար։
20 Յուդա ու Իսրայէլ շատուորութեան կողմանէ ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էին։ Կ’ուտէին, կը խմէին եւ ուրախութիւն կ’ընէին։
21 Սողոմոն Եփրատ գետէն մինչեւ Փղշտացիներուն երկիրը ու մինչեւ Եգիպտոսի սահմանը՝ բոլոր թագաւորութիւններուն վրայ կ’իշխէր եւ անոր ընծաներ կը բերէին ու Սողոմոնին ծառայութիւն կ’ընէին՝ անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ։
22 Սողոմոնին մէկ օրուան ռոճիկն էր՝ երեսուն քոռ նաշիհ ու վաթսուն քոռ ալիւր,
23 Տասը գէր արջառ ու քսան արօտական արջառ ու հարիւր ոչխար, բացի եղջերուներէն, այծեամներէն, վիթերէն ու գիրցուած թռչուններէն։
24 Քանզի անիկա Գետին ասդիի կողմի՝ Թափսայէն մինչեւ Գազա՝ Գետին ասդիի կողմը եղող բոլոր թագաւորներուն վրայ կ’իշխէր ու իր բոլորտիքը եղողներուն հետ խաղաղութեամբ կ’ապրէր։
25 Սողոմոնին բոլոր օրերուն մէջ՝ Յուդա ու Իսրայէլ, Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ, իւրաքանչիւր մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ ապահովութեամբ կը նստէր։
26 Սողոմոն իր կառքի ձիերուն համար քառասուն հազար ախոռ ունէր ու տասներկու հազար ձիաւոր։
27 Այն գործակալները, ամէն մէկը իր ամսուան մէջ, Սողոմոն թագաւորը ու Սողոմոն թագաւորին սեղանին բոլոր մօտեցողները կը կերակրէին՝ բան մը պակաս չընելով.
28 Նաեւ ձիերուն ու երիվարներուն համար, անոնց եղած տեղը, ամէն մէկը իր վրայ դրուած հարկին չափովը գարի ու յարդ կը բերէր։
29 Աստուած Սողոմոնին իմաստութիւն ու խիստ շատ հանճար եւ սրտի լիութիւն տուաւ՝ ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ։
30 Սողոմոնին իմաստութիւնը բոլոր արեւելքցիներուն իմաստութենէն ու Եգիպտացիներուն բոլոր իմաստութենէն աւելի էր։
31 Անիկա բոլոր մարդոցմէ իմաստուն էր։ Եզրահացի Եթանէն ու Մաւուլի որդիներէն, Եմանէն, Քալքօլէն ու Դարդայէն, իմաստուն էր ու բոլոր շրջակայ ազգերուն մէջ անուանի եղաւ։
32 Անիկա երեք հազար առակ գրեց ու անոր շարադրած երգերը հազար հինգ հատ էին։
33 Անիկա ծառերուն վրայ խօսեցաւ, Լիբանանի եղեւինէն մինչեւ պատի վրայ բուսնող զոպան։ Նաեւ անասուններու վրայ, թռչուններու վրայ, սողուններու վրայ ու ձուկերու վրայ խօսեցաւ։
34 Բոլոր ժողովուրդներէն ու անոր իմաստութեան համբաւը լսող բոլոր թագաւորներէն շատեր Սողոմոնին իմաստութիւնը մտիկ ընելու կու գային։