Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22


Գլուխ 15

Նաբատեան Յերոբովամին թագաւորութեան տասնըութերորդ տարին՝ Աբիա Յուդայի վրայ թագաւորեց։
2 Անիկա Երուսաղէմի մէջ երեք տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Մաաքա էր, որ Աբիսողոմին աղջիկն էր։
3 Անիկա իրմէ առաջ իր հօրը ըրած բոլոր մեղքերուն հետեւեցաւ ու անոր սիրտը իր Տէր Աստուծոյն հետ իր հօրը Դաւիթին սրտին պէս կատարեալ չէր։
4 Բայց Դաւիթին սիրոյն համար անոր Տէր Աստուածը Երուսաղէմի մէջ անոր ճրագ մը տուաւ, անկէ ետքը անոր որդին նստեցնելով ու Երուսաղէմը հաստատելով,
5 Որովհետեւ Դաւիթ Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ ու իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ բնաւ անոր պատուիրանքներէն չխոտորեցաւ՝ Քետացի Ուրիային խնդրէն զատ։
6 Ռոբովամին ու Յերոբովամին մէջտեղ պատերազմ կար՝ անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ։
7 Աբիային մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր բոլոր ըրածը ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներուն գրքին մէջ գրուած է։ Աբիային ու Յերոբովամին մէջտեղ պատերազմ կար։
8 Աբիա իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ անոր որդին Ասա թագաւոր եղաւ։
9 Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին քսաներորդ տարին Ասա Յուդայի վրայ թագաւոր եղաւ։
10 Երուսաղէմի մէջ քառասունըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Մաաքա էր, որ Աբիսողոմին աղջիկն էր։
11 Ասա իր հօրը Դաւիթին պէս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւնը ըրաւ։
12 Սոդոմական մեղք գործողները երկրէն վերցուց եւ իր հայրերուն շինած բոլոր կուռքերը բնաջինջ ըրաւ։
13 Իր մայրը Մաաքան տիկնութենէ հանեց, քանզի անիկա Աստարովթի կուռք մը շիներ էր։ Ասա անոր կուռքը կոտրտեց ու Կեդրոն հեղեղատին մէջ այրեց։
14 Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան, սակայն Ասային սիրտը իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ Տէրոջը հետ կատարեալ էր։
15 Իր հօրը նուիրած բաներն ու իր նուիրած բաները՝ արծաթն ու ոսկին ու անօթները Տէրոջը տունը տարաւ։
16 Ասային ու Իսրայէլին Բաասա թագաւորին մէջտեղ, անոնց բոլոր օրերուն մէջ, պատերազմ կար։
17 Իսրայէլի թագաւորը Բաասա Յուդային դէմ ելաւ եւ Ռաման շինեց, որպէս զի Յուդայի Ասա թագաւորին դէմ ելլող մտնող մարդ մը չթողու։
18 Ուստի Ասա Տէրոջը տանը գանձերուն մէջ ու թագաւորական տանը գանձերուն մէջ մնացած բոլոր արծաթն ու ոսկին առաւ եւ իր ծառաներուն ձեռքը տուաւ ու Ասա թագաւորը Դամասկոս բնակող Ասորիներուն թագաւորին, Էզիոնի որդիին Տաբրեմոնի որդիին Բենադադին ղրկեց զանոնք ու ըսաւ.
19 «Իմ ու քու մէջտեղ եւ իմ հօրս ու քու հօրդ մէջտեղ դաշնակցութիւն կայ։ Ահա քեզի արծաթ ու ոսկի ընծայ ղրկեցի. աղէ՜, Իսրայէլի Բաասա թագաւորին հետ ունեցած դաշնակցութիւնդ աւրէ՛, որպէս զի անիկա իմ վրայէս ետ քաշուի»։
20 Բենադադ Ասա թագաւորին խօսքին մտիկ ըրաւ, իր զօրքերուն իշխանները Իսրայէլի քաղաքներուն վրայ ղրկեց ու Իյօնը, Դանը, Աբէլ-Բեթմաաքան ու բոլոր Քեներեթն ու բոլոր Նեփթաղիմի երկիրը զարկաւ։
21 Բաասա այս բանը լսելով՝ Ռաման շինելէն ետ կեցաւ ու Թերսայի մէջ նստաւ։
22 Այն ատեն Ասա թագաւորը բոլոր Յուդայի մարդիկը կանչեց առանց մէկը ձգելու, որոնք Բաասային շինած Ռամային քարերն ու փայտերը վերցուցին եւ Ասա թագաւորը անոնցմով Բենիամինի Գաբան ու Մասփան շինեց։
23 Ասային բոլոր մնացորդ պատմութիւնը ու անոր բոլոր զօրութիւնն ու բոլոր ըրածը եւ անոր շինած քաղաքները ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են. բայց անիկա իր ծերութեան ատենը ոտքերու ցաւ ունէր։
24 Ասա իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ իր հայրերուն հետ իր հօրը Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Յովսափատ թագաւոր եղաւ։
25 Յուդայի Ասա թագաւորին երկրորդ տարին Յերոբովամին որդին Նադաբ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ։ Անիկա Իսրայէլի վրայ երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։
26 Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու իր հօրը ճամբուն մէջ քալեց ու անոր ըրած մեղքին մէջ՝ որով Իսրայէլին մեղանչել տուաւ։
27 Իսաքարին տունէն Աքիային որդին Բաասան անոր դէմ գլուխ վերցուց։ Բաասան զանիկա Փղշտացիներուն Գաբաթոնին քով զարկաւ, երբ Նադաբ բոլոր Իսրայէլի հետ Գաբաթոնը պաշարեր էր։
28 Յուդայի Ասա թագաւորին երրորդ տարին Բաասան մեռցուց զանիկա ու անոր տեղ թագաւոր եղաւ։
29 Եւ ինք թագաւոր եղածին պէս Յերոբովամին բոլոր տունը զարկաւ ու Տէրոջը խօսքին համեմատ, որ իր ծառային Սիլօնացի Աքիա մարգարէին միջոցով խօսեր էր՝ Յերոբովամէն ո՛չ մէկ շնչաւոր ողջ թողուց ու անոնք բնաջինջ ըրաւ
30 Յերոբովամին մեղքերուն համար՝ որոնցմով մեղանչեր էր ու Իսրայէլին մեղանչել տուեր էր՝ Իսրայէլի Տէր Աստուածը բարկացնելով։
31 Նադաբին մնացորդ պատմութիւնը ու անոր բոլոր ըրածը՝ ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
32 Ասային ու Իսրայէլի Բաասա թագաւորին մէջտեղ, անոնց բոլոր օրերուն մէջ, պատերազմ կար։
33 Յուդայի Ասա թագաւորին երրորդ տարին Աքիային որդին Բաասան Թերսայի մէջ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ ու քսանըչորս տարի թագաւորութիւն ըրաւ։
34 Անիկա Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Յերոբովամին ճամբուն մէջ քալեց եւ անոր մեղքի մէջ՝ որով անիկա Իսրայէլին մեղանչել տուեր էր։