Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 17
Գաղաադի բնակիչ Թեզբացի Եղիան Աքաաբին ըսաւ. «Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որուն առջեւ կը կենամ, կենդանի է, որ այս տարիներուն մէջ ցօղ ու անձրեւ պիտի չգայ առանց իմ խօսքիս»։
2 Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով.
3 «Ասկէ գնա՛ ու դէպի արեւելք դառնալով՝ Յորդանանի առջեւ եղող Քերիթ հեղեղատին քով պահուէ՛։
4 Դուն այն հեղեղատէն ջուր պիտի խմես ու ագռաւներուն հրամայեր եմ որ հոն քեզ կերակրեն»։
5 Անիկա գնաց ու Տէրոջը ըսածին պէս ըրաւ ու գնաց Յորդանանի առջեւ եղող Քերիթ հեղեղատին քով նստաւ։
6 Ագռաւները առտուն անոր հաց ու միս ու իրիկունն ալ հաց ու միս կը բերէին ու անիկա հեղեղատէն ջուր կը խմէր։
7 Ժամանակ մը ետքը հեղեղատը ցամքեցաւ, վասն զի երկրին վրայ անձրեւ չեկաւ։
8 Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով.
9 «Ելի՛ր, Սիդոնացիներու Սարեփթան գնա ու հոն նստէ՛։ Ահա հոն որբեւարի կնոջ մը հրամայեր եմ, որ քեզ կերակրէ»։
10 Անիկա ելաւ Սարեփթա գնաց ու քաղաքին դուռը հասնելով՝ տեսաւ որ որբեւարի կին մը փայտ կը հաւաքէր։ Զանիկա կանչեց ու ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, ինծի ամանով քիչ մը ջուր բեր, որպէս զի խմեմ»։
11 Երբ անիկա բերելու գնաց, Եղիա անոր ետեւէն կանչեց ու ըսաւ. «Ձեռքդ պատառ մըն ալ հաց ա՛ռ ու ինծի բե՛ր»։
12 Կինը ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ կենդանի է, որ նկանակ չունիմ, բայց միայն կարասին մէջ մէկ բուռի չափ ալիւր կայ ու կուժին մէջ ալ քիչ մը իւղ կայ։ Ահա երկու կտոր փայտ կը հաւաքեմ, որպէս զի երթամ զանիկա ինծի ու իմ տղուս համար եփեմ եւ ուտենք ու ետքը մեռնինք»։
13 Եղիա անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, գնա՛ ըսածիդ պէս ըրէ. բայց անկէ նախ ինծի համար պզտիկ շօթ մը շինէ՛ ու ինծի բե՛ր եւ քեզի ու քու տղուդ համար ետքը շինէ,
14 Քանզի Իսրայէլին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Կարասէն ալիւրը պիտի չհատնի ու կուժէն իւղը պիտի չպակսի՝ մինչեւ այն օրը, երբ Տէրը երկրի վրայ անձրեւ տայ’»։
15 Կինը գնաց ու Եղիային ըսածին պէս ըրաւ ու անիկա եւ ինք ու իր ընտանիքը երկար ատեն կերան։
16 Կարասէն ալիւրը չհատաւ ու կուժէն իւղը չպակսեցաւ, Տէրոջը՝ Եղիային միջոցով ըսած խօսքին համեմատ։
17 Այս բաներէն ետքը տանը տիկնոջ տղան հիւանդացաւ։ Անոր հիւանդութիւնը շատ ծանր էր, այնպէս որ անոր վրայ շունչ չմնաց։
18 Կինը Եղիային ըսաւ. «Մա՛րդ Աստուծոյ, ինծի հետ ի՞նչ ունիս. միթէ իմ մեղքս յիշեցնելո՞ւ ու իմ տղաս մեռցնելո՞ւ համար ինծի եկար»։
19 Անիկա ըսաւ. «Տղադ ինծի տուր»։ Զանիկա անոր ծոցէն առաւ եւ իր բնակած վերնատունը հանեց ու զանիկա իր անկողնին մէջ պառկեցուց։
20 Ապա Տէրոջը աղաղակելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած իմ, իրաւցընէ այս որբեւարի կի՞նն ալ, որուն քով ես պանդխտութեամբ կը բնակիմ, չարչարեցիր՝ անոր տղան մեռցնելով»։
21 Տղուն վրայ երեք անգամ երկննալով ու Տէրոջը աղաղակելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած իմ, կ’աղաչեմ այս տղուն հոգին իր մարմնին թող դառնայ»։
22 Տէրը Եղիային ձայնը լսեց ու տղուն հոգին իր մարմնին դարձաւ եւ անիկա կենդանացաւ։
23 Եղիան տղան առաւ ու զանիկա վերնատունէն իջեցուց եւ անոր մօրը տուաւ։ Եղիա ըսաւ. «Նայէ՛, տղադ կենդանի է»։
24 Կինը Եղիային ըսաւ. «Հիմա գիտցայ թէ դուն Աստուծոյ մարդն ես ու քու բերնիդ մէջ Տէրոջը խօսքը ճշմարիտ է»։