Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 21
Յեզրայելացի Նաբովթ Սամարիայի Աքաաբ թագաւորին պալատին քով այգի մը ունէր։
2 Աքաաբ Նաբովթին հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Քու այգիդ ինծի տուր, որպէս զի ինծի բանջարի պարտէզ ընեմ, քանզի իմ տանս մօտ է եւ անոր տեղ անկէ աղէկ այգի մը տամ քեզի կամ եթէ կ’ուզես՝ անոր գինը ստակով վճարեմ քեզի»։
3 Ու Նաբովթ Աքաաբին ըսաւ. «Տէրը ինծի չցուցնէ, որ իմ հայրերուս ժառանգութիւնը քեզի տամ»։
4 Աքաաբ Յեզրայելացի Նաբովթին ըսած խօսքին համար, որ ըսաւ թէ «Իմ հայրերուս ժառանգութիւնը քեզի չեմ տար», սիրտը կոտրած ու նեղացած իր տունը գնաց։ Իր անկողնին վրայ պառկեցաւ ու երեսը դարձուց ու հաց չկերաւ։
5 Անոր կինը Յեզաբէլ անոր քով գնաց ու ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար սիրտդ այդպէս նեղացած է ու հաց չես ուտեր»։
6 Անիկա ըսաւ անոր. «Վասն զի Յեզրայելացի Նաբովթին հետ խօսեցայ ու անոր ըսի. ‘Քու այգիդ ինծի ստակով տուր կամ եթէ կ’ուզես, անոր տեղ քեզի ուրիշ այգի մը տամ’. բայց անիկա ‘Իմ այգիս քեզի չեմ տար’, ըսաւ»։
7 Այն ատեն անոր կինը Յեզաբէլ անոր ըսաւ. «Դուն հիմա Իսրայէլի վրայ այդպէ՞ս թագաւորութիւն պիտի ընես. ելի՛ր, հաց կեր ու սիրտդ թող զուարճանայ. Յեզրայելացի Նաբովթին այգին ես քեզի պիտի տամ»։
8 Անիկա Աքաաբին անունովը նամակներ գրեց ու զանոնք անոր կնիքովը կնքեց եւ այն նամակները Նաբովթին քաղաքակից ծերերուն ու ազնուականներուն ղրկեց։
9 Նամակներուն մէջ այսպէս գրեր էր. «Ծոմապահութիւն քարոզեցէ՛ք ու Նաբովթը ժողովուրդին գլուխը նստեցուցէ՛ք։
10 Անոր դէմ երկու անօրէն մարդիկ նստեցուցէ՛ք, որոնք անոր համար վկայութիւն տան ու ըսեն թէ ‘Դուն Աստուծոյ ու թագաւորին դէմ հայհոյութիւն ըրիր’ ու զանիկա հանեցէ՛ք ու քարկոծեցէ՛ք, որպէս զի մեռնի»։
11 Անոր քաղաքակիցները եւ քաղաքին մէջ բնակող ծերերն ու ազնուականները, Յեզրայէլին իրենց ապսպրածին պէս ըրին, ինչպէս անոր ղրկած նամակներուն մէջ գրուած էր։
12 Անոնք ծոմապահութիւն քարոզեցին եւ Նաբովթը ժողովուրդին գլուխը նստեցուցին։
13 Երկու անօրէն մարդիկ գացին անոր դէմը նստան։ Այն անօրէն մարդիկը ժողովուրդին առջեւ Նաբովթին համար վկայութիւն տուին ու ըսին. «Նաբովթ Աստուծոյ ու թագաւորին դէմ հայհոյութիւն ըրաւ» Ուստի զանիկա քաղաքէն դուրս հանեցին եւ քարերով քարկոծեցին ու մեռաւ։
14 Յեզաբէլին լուր ղրկեցին՝ ըսելով. «Նաբովթ քարկոծուեցաւ ու մեռաւ»։
15 Երբ Յեզաբէլ Նաբովթին քարկոծուիլն ու մեռնիլը լսեց, Աքաաբին ըսաւ. «Ելի՛ր, ժառանգէ՛ Յեզրայելացի Նաբովթին այգին, որ ինք քեզի ստակով տալ չուզեց. քանզի Նաբովթ ողջ չէ, հապա մեռաւ»։
16 Երբ Աքաաբ Նաբովթին մեռնիլը լսեց, ոտքի ելաւ, որ Յեզրայելացի Նաբովթին այգին իջնէ ու զանիկա ժառանգէ։
17 Տէրոջը խօսքը Թեզբացի Եղիային եղաւ՝ ըսելով.
18 «Ելի՛ր, Սամարիա բնակող Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը դիմաւորելու իջի՛ր։ Ահա անիկա Նաբովթի այգիին մէջն է, ուր իջեր է զանիկա ժառանգելու համար
19 Ու անոր ըսէ՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մեռցուցիր ու կը ժառանգե՞ս ալ’։ Նաեւ անոր խօսելով՝ ըսէ. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն տեղը ուր շուները Նաբովթին արիւնը լափեցին, հոն շուները քու արիւնդ պիտի լափեն’»։
20 Աքաաբ Եղիային ըսաւ. «Ո՛վ իմ թշնամիս, զիս գտա՞ր»։ Անիկա ըսաւ. «Գտայ, որովհետեւ դուն քեզ ծախեցիր Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելու համար։
21 Ահա ես քու վրադ չարիք պիտի բերեմ, քեզ հալածելով՝ ՝ պիտի ջնջեմ եւ Աքաաբի բոլոր այր մարդիկն ու Իսրայէլի մէջ գերին ու ազատը պիտի կորսնցնեմ։
22 Քու տունդ Նաբատի որդիին Յերոբովամին տանը պէս ու Աքիային որդիին Բաասային տանը պէս պիտի ընեմ. որովհետեւ զիս բարկացուցիր ու Իսրայէլին մեղք գործել տուիր։
23 Եւ Տէրը Յեզաբէլին համար ալ խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Յեզրայէլի պարսպին քով շուները Յեզաբէլը պիտի ուտեն’։
24 Աքաաբէն քաղաքին մէջ մեռնողը շուները պիտի ուտեն ու դաշտին մէջ մեռնողը երկնքի թռչունները պիտի ուտեն»։
25 Աքաաբին պէս բնաւ թագաւոր մը եղած չէր, որ զինք ծախէ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելու համար։ Իր կինը՝ Յեզաբէլ՝ զինք գլխէ հանեց։
26 Անիկա կուռքերուն ետեւէն երթալով շատ գարշելի եղաւ ու բոլոր Ամօրհացիներուն ըրածները ըրաւ, որոնք Տէրը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտեց։
27 Աքաաբ այս խօսքերը լսածին պէս՝ իր հանդերձները պատռեց ու մարմնին վրայէն քուրձ հագաւ ու ծոմ պահեց եւ քուրձով կը պառկէր ու կամաց կը քալէր։
28 Տէրոջը խօսքը Թեզբացի Եղիային եղաւ՝ ըսելով.
29 «Կը տեսնե՞ս, Աքաաբ իմ առջեւս խոնարհութիւն կ’ընէ։ Անոր իմ առջեւս խոնարհութիւն ընելուն համար, անոր օրերուն մէջ այն չարիքը պիտի չբերեմ, անոր որդիին օրերը այն չարիքը անոր տանը վրայ պիտի բերեմ»։