Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 22
Երեք տարի անցաւ եւ Ասորիներուն ու Իսրայէլի մէջտեղ պատերազմ չեղաւ։
2 Երրորդ տարին Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Իսրայէլի թագաւորին իջաւ։
3 Իսրայէլի թագաւորը իր ծառաներուն ըսաւ. «Գիտէք թէ Ռամովթ-Գաղաադ մերն է, բայց մենք զանիկա Ասորիներուն թագաւորին ձեռքէն առնել չենք մտածեր»։
4 Եւ Յովսափատ ըսաւ. «Ինծի հետ Ռամովթ-Գաղաադ պատերազմելու կ’երթա՞ս»։ Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Ես քեզի պէս եմ, իմ ժողովուրդս՝ քու ժողովուրդիդ պէս ու իմ ձիերս քու ձիերուդ պէս են»։
5 Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Նախ Տէրոջը խօսքը փնտռէ»։
6 Իսրայէլի թագաւորը մարգարէները հաւաքեց, որոնք չորս հարիւրի չափ էին ու անոնց ըսաւ. «Ռամովթ-Գաղաադի վրայ պատերազմելու երթա՞մ, թէ ետ կենամ»։ Անոնք ըսին. «Գնա՛, վասն զի Տէրը զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։
7 Յովսափատ ըսաւ. «Այստեղ Տէրոջը ուրիշ մարգարէ մըն ալ չկա՞յ, որ անոր հարցնենք»։
8 Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Կայ ուրիշ մարդ մըն ալ, որուն միջոցով կրնանք Տէրոջը հարցնել, բայց ես զանիկա կ’ատեմ. քանզի ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չ’ըներ, հապա գէշ. անիկա Յեմլայի որդին Միքիան է»։ Յովսափատ ըսաւ. «Թագաւորը թող այդպէս չխօսի»։
9 Իսրայէլի թագաւորը ներքինի մը կանչեց ու ըսաւ. «Յեմլայի որդին Միքիան շուտով հո՛ս բեր»։
10 Իսրայէլի թագաւորը ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Սամարիայի դրանը առջեւի հրապարակին վրայ ամէն մէկը փառաւոր զգեստներ հագած, իր աթոռին վրայ նստեր էր ու բոլոր մարգարէները անոնց առջեւ մարգարէութիւն կ’ընէին։
11 Քանանայի որդին՝ Սեդեկիա՝ իրեն երկաթէ եղջիւրներ շինեց ու ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասորիները ասոնցմով պիտի զարնես, մինչեւ որ զանոնք բնաջինջ ընես’»։
12 Բոլոր մարգարէներն ալ այնպէս կը մարգարէանային ու կ’ըսէին. «Ռամովթ-Գաղաադ ելի՛ր ու յաջողութիւն պիտի ունենաս եւ Տէրը զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։
13 Միքիան կանչելու գացող մարդը խօսեցաւ անոր՝ ըսելով. «Ահա բոլոր մարգարէները մէկ բերնով թագաւորին համար բարութիւն գուշակեցին. թող քու խօսքդ ալ անոնց մէկուն խօսքին պէս ըլլայ ու բարութիւն գուշակէ»։
14 Իսկ Միքիա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ Տէրը ինծի ինչ որ ըսէ՝ զայն պիտի խօսիմ»։
15 Երբ անիկա թագաւորին եկաւ, թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Միքիա, Ռամովթ-Գաղաադ պատերազմելու երթա՞նք, թէ ետ կենանք»։ Անիկա անոր ըսաւ. «Ելի՛ր ու յաջողութիւն պիտի ունենաս ու Տէրը զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։
16 Թագաւորը ըսաւ. «Մինչեւ քանի՞ անգամ երդմնցնեմ քեզ, որպէս զի Տէրոջը անունով ճշմարիտը միայն ըսես»։
17 Ան ալ ըսաւ. «Իսրայէլը հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս լեռներու վրայ ցրուած տեսայ» եւ Տէրը ըսաւ. «Ասոնք տէր չունին, ամէն մարդ խաղաղութեամբ թող իր տունը դառնայ»։
18 Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Քեզի չըսի՞ թէ անիկա ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չըներ, հապա՝ գէշ»։
19 Միքիա ըսաւ. «Ուրեմն հիմա Տէրոջը խօսքը լսէ. Տէրը իր աթոռին վրայ նստած տեսայ ու երկնքի բոլոր զօրքերը անոր բոլորտիքը, աջ կողմն ու ձախ կողմը, կեցեր էին
20 Եւ Տէրը ըսաւ. ‘Աքաաբը ո՞վ կրնայ խաբել, որ Ռամովթ-Գաղաադ ելլէ ու կորսուի’ ու մէկը այսպէս ու միւսը այնպէս ըսաւ։
21 Ու ոգի մը ելաւ ու Տէրոջը առջեւ կայնեցաւ ու ըսաւ. ‘Զանիկա ես կը խաբեմ’։
22 Ու Տէրը անոր ըսաւ. ‘Ի՞նչ միջոցով’։ Անիկա ըսաւ. ‘Ելլեմ ու անոր բոլոր մարգարէներուն բերանը սուտ ոգի ըլլամ’։ Տէրը անոր ըսաւ. ‘Դուն պիտի խաբես ու պիտի յաջողիս, ելի՛ր ու այնպէս ըրէ՛’։
23 Եւ հիմա ահա Տէրը այս քու բոլոր մարգարէներուդ բերանը սուտ ոգի դրեր է, բայց Տէրը քեզի համար չարիք խօսեցաւ»։
24 Այն ատեն Քանանայի որդին Սեդեկիան մօտեցաւ ու Միքիային ծնօտին զարկաւ ու ըսաւ. «Տէրոջը Հոգին ի՞նչպէս իմ քովէս ելաւ՝ քեզի հետ խօսելու համար»։
25 Եւ Միքիան ըսաւ. «Դո՛ւն ալ պիտի տեսնես այն օրը, որ պահուելու համար սենեակէ սենեակ պիտի մտնես»։
26 Իսրայէլի թագաւորը ըսաւ. «Միքիան ա՛ռ ու զանիկա Ամոն քաղաքապետին եւ թագաւորին որդիին Յովասին տա՛ր
27 Ու ըսէ՛, թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասիկա բանտը դրէ՛ք ու մինչեւ որ ես խաղաղութեամբ դառնամ, զանիկա նեղութեան հացով ու նեղութեան ջրով կերակրեցէք’»։
28 Եւ Միքիա ըսաւ. «Եթէ խաղաղութեամբ դառնաս, Տէրը ինծմով խօսած չըլլայ»։ Ու ըսաւ. «Ո՛վ ժողովուրդներ, ամէնքդ լսեցէ՛ք»։
29 Իսրայէլի թագաւորն ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Ռամովթ-Գաղաադ ելան։
30 Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Կերպարանքս պիտի փոխեմ ու այնպէս պատերազմի պիտի մտնեմ, բայց դուն քու հագուստդ հագիր»։ Իսրայէլի թագաւորը իր կերպարանքը փոխեց ու պատերազմի մէջ մտաւ։
31 Եւ Ասորիներու թագաւորը իր երեսունըերկու կառապետներուն պատուիրեց ու ըսաւ. «Պզտիկի կամ մեծի հետ մի՛ պատերազմիք, բայց միայն Իսրայէլի թագաւորին հետ»։
32 Ու երբ կառապետները Յովսափատը տեսան, Իսրայէլի թագաւորը անշուշտ ասիկա է ըսելով՝ անոր վրայ պատերազմելու գացին։ Յովսափատ աղաղակեց։
33 Երբ կառապետները տեսան թէ անիկա Իսրայէլի թագաւորը չէ, անկէ ետ դարձան։
34 Մարդ մը առանց դիտելու՝ ՝ իր աղեղը քաշեց ու Իսրայէլի թագաւորը զրահին օղակներուն մէջէն՝ ՝ զարկաւ։ Այն ատեն անիկա իր կառավարին ըսաւ. «Ձեռքդ դարձուր ու զիս բանակէն հանէ, քանզի վիրաւորուեցայ»։
35 Այն օրը պատերազմը սաստկացաւ ու թագաւորը Ասորիներուն դէմ իր կառքին մէջ կեցաւ եւ իրիկուան դէմ մեռաւ։ Վէրքին արիւնը կառքին մէջ վազեց։
36 Երբ արեւը կը մտնէր, բանակին մէջ մունետիկ պտըտեցաւ ու ըսաւ. «Ամէն մարդ իր քաղաքը ու ամէն մարդ իր երկիրը թող դառնայ»։
37 Թագաւորը մեռաւ ու Սամարիա տարին ու թաղեցին։
38 Եւ կառքը Սամարիայի աւազանին քով լուացին ու շուները անոր արիւնը լափեցին. անոր զէնքերն ալ հոն լուացին՝ Տէրոջը ըսած խօսքին համեմատ։
39 Աքաաբին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր ըրածը եւ փղոսկրով շինած տունն ու բոլոր շինած քաղաքները ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
40 Աքաաբ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու անոր տեղ անոր որդին Ոքոզիա թագաւոր եղաւ։
41 Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին չորրորդ տարին Յուդայի վրայ Ասային որդին Յովսափատ թագաւոր եղաւ։
42 Յովսափատ երեսունըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քսանըհինգ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Ազուբա էր ու Սաղիին աղջիկն էր։
43 Անիկա իր հօրը Ասային ճամբուն մէջ քալեց, անկէ չխոտորեցաւ ու Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։
44 Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան։ Ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհեր կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր։
45 Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին հետ խաղաղութիւն ըրաւ։
46 Յովսափատին մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր ըրած քաջութիւնն ու պատերազմները՝ ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
47 Անիկա իր հօրը Ասային ժամանակէն մնացած Սոդոմական մեղք գործողները երկրէն բնաջինջ ըրաւ։
48 Այն ատեն Եդովմի մէջ թագաւոր չկար, փոխարքայ մը կար։
49 Յովսափատ Թարսիսի նաւեր շինեց, որպէս զի Ոփիր երթան ոսկիի համար, բայց չգացին՝ ՝, քանզի նաւերը Գասիոն-Գաբերի մէջ կտոր կտոր եղան։
50 Այն ատեն Աքաաբին որդին Ոքոզիան Յովսափատին ըսաւ. «Իմ ծառաներս քու ծառաներուդ հետ նաւերով թող երթան»։ Բայց Յովսափատ չհաճեցաւ։
51 Եւ Յովսափատ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ իր հօրը Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Յովրամ թագաւոր եղաւ։
52 Յուդայի Յովսափատ թագաւորին տասնըեօթներորդ տարին Իսրայէլի վրայ Աքաաբի որդին Ոքոզիան թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ ու Իսրայէլի վրայ երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։
53 Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու իր հօրը ճամբան եւ իր մօրը ճամբան ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին ճամբան բռնեց,
54 Բահաղին ծառայութիւն ըրաւ ու անոր երկրպագութիւն ըրաւ եւ իր հօրը բոլոր ըրածները ընելով՝ Իսրայէլի Տէր Աստուածը բարկացուց։