Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25


Գլուխ 1

Աքաաբին մեռնելէն ետքը Մովաբ Իսրայէլին դէմ ապստամբեցաւ։
2 Ոքոզիա Սամարիայի մէջ իր վերնատան վանդակապատէն վար ինկաւ ու հիւանդացաւ ու պատգամաւորներ ղրկեց՝ անոնց ըսելով. «Գացէ՛ք Ակկարոնի Բահաղ-Ճանճիկ աստուծոյն հարցուցէ՛ք, թէ արդեօք այս հիւանդութենէն պիտի առողջանա՞մ»։
3 Տէրոջը հրեշտակը Թեզբացի Եղիային ըսաւ. «Ելի՛ր, Սամարիայի թագաւորին պատգամաւորները դիմաւորելու գնա ու անոնց ըսէ՛. ‘Միթէ Իսրայէլի մէջ Աստուած չկա՞յ, որ դուք Ակկարոնի Բահաղ-Ճանճիկ աստուծոյն հարցնելու կ’երթաք’։
4 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու ելած անկողինէդ վար պիտի չիջնես, հապա անշուշտ պիտի մեռնիս’»։ Եղիա գնաց։
5 Պատգամաւորները անոր դարձան ու Ոքողիա անոնց ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար ետ դարձաք»։
6 Անոր ըսին. «Մեր դէմ մարդ մը ելաւ ու մեզի ըսաւ. ‘Գացէ՛ք ձեզ ղրկող թագաւորին դարձէ՛ք ու անոր ըսէք՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Միթէ Իսրայէլի մէջ Աստուած չկա՞յ, որ Ակկարոնի Բահաղ-Ճանճիկ աստուծոյն հարցնելու կը ղրկես։ Անոր համար քու ելած անկողինէդ վար պիտի չիջնես, հապա անշուշտ պիտի մեռնիս»’»։
7 Անիկա ըսաւ անոնց. «Ձեզ դիմաւորող ու այս խօսքերը ձեզի ըսող մարդը ի՞նչպէս մարդ էր»։
8 Ու անոր ըսին. «Անիկա մազոտ մարդ մըն էր ու մէջքը մաշկեղէն գօտի մը կապեր էր»։ Թագաւորը ըսաւ. «Անիկա Թեզբացի Եղիան է»։
9 Ոքոզիա անոր յիսուն մարդով յիսնապետ մը ղրկեց։ Անիկա Եղիային քով գնաց։ Եղիա լերան գլուխը նստած էր։ Յիսնապետը անոր ըսաւ. «Մարդ Աստուծոյ, թագաւորը կը խնդրէ, որ վար իջնես»։
10 Եղիա պատասխան տուաւ ու յիսնապետին ըսաւ. «Եթէ ես Աստուծոյ մարդն եմ, երկնքէն կրակ թող իջնէ եւ քեզ ու քու յիսուն մարդդ ուտէ»։ Երկնքէն կրակ իջաւ եւ զանիկա ու անոր յիսուն մարդը կերաւ։
11 Անոր նորէն յիսուն մարդով ուրիշ յիսնապետ մը ղրկեց։ Անիկա խօսեցաւ ու անոր ըսաւ. «Մարդ Աստուծոյ, թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Շուտով վա՛ր իջիր’»։
12 Եղիա պատասխան տուաւ ու անոնց ըսաւ. «Եթէ ես Աստուծոյ մարդն եմ, երկնքէն կրակ թող իջնէ եւ քեզ ու քու յիսուն մարդդ ուտէ»։ Երկնքէն Աստուծոյ կրակը իջաւ եւ զանիկա ու անոր յիսուն մարդը կերաւ։
13 Նորէն յիսուն մարդով երրորդ յիսնապետ մը ղրկեց ու այն երրորդ յիսնապետը վեր ելաւ ու գնաց Եղիային առջեւ ծունկ կրկնեց եւ անոր աղաչեց ու ըսաւ. «Մարդ Աստուծոյ, թող իմ հոգիս ու այս յիսուն ծառաներուդ հոգիները քու աչքերուդ առջեւ պատուական սեպուին։
14 Ահա երկնքէն կրակ իջաւ ու այն առաջուան երկու յիսնապետները եւ անոնց յիսուն մարդիկը կերաւ. բայց հիմա իմ հոգիս քու աչքիդ առջեւ թող պատուական սեպուի»։
15 Տէրոջը հրեշտակը Եղիային ըսաւ. «Անոր հետ իջի՛ր, անոր երեսէն մի՛ վախնար»։ Եղիա ելաւ անոր հետ թագաւորին իջաւ։
16 Անոր ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ Ակկարոնի Բահաղ-Ճանճիկ աստուծմէն հարցնելու համար պատգամաւորներ ղրկեցիր, իբր թէ Իսրայէլի մէջ Աստուած չկար, որ անոր բան հարցնէիր, անոր համար այդ քու ելած անկողինէդ վար պիտի չիջնես, հապա անշուշտ պիտի մեռնիս’»։
17 Ոքոզիա մեռաւ Տէրոջը խօսքին համեմատ, որ Եղիա ըսեր էր եւ որովհետեւ անիկա որդի չունէր, անոր տեղը Յովրամ թագաւոր եղաւ՝ Յուդայի Յովսափատեան Յովրամ թագաւորին երկրորդ տարին։
18 Ոքոզիային ըրած գործերուն մնացորդ պատմութիւնը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։