Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 21
Մանասէն տասնըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ յիսունըհինգ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Էփսիփա էր։
2 Անիկա Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտած ազգերուն գարշելի գործերուն հետեւելով՝ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։
3 Անիկա իր հօրը Եզեկիային կործանած բարձր տեղերը նորէն շինեց ու Բահաղին սեղաններ եւ Աստարովթին կուռք մը շինեց Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին ըրածին պէս ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն երկրպագութիւն ըրաւ եւ անոնց ծառայութիւն ըրաւ
4 Ու սեղաններ շինեց Տէրոջը տանը մէջ, որուն համար Տէրը ըսած էր թէ՝ ‘Իմ անունս Երուսաղէմի մէջ պիտի դնեմ’։
5 Տէրոջը տանը երկու գաւիթներուն մէջ երկնքի բոլոր զօրութիւններուն սեղաններ շինեց
6 Ու իր տղան կրակէ անցուց եւ գուշակութիւն ու հմայութիւն ըրաւ, վհուկներ ու նշանագէտներ պահեց եւ Տէրոջը առջեւ շատ չարութիւն ըրաւ ու զանիկա բարկացուց։
7 Իր շինած Աստարովթի կուռքը իր տանը մէջ դրաւ, որուն համար Տէրը Դաւիթին ու անոր որդիին Սողոմոնին ըսեր էր. «Իմ անունս այս տանը մէջ ու Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն իմ ընտրած Երուսաղէմիս մէջ պիտի դնեմ յաւիտեան
8 Եւ Իսրայէլի ոտքը անգամ մըն ալ պիտի չշարժեմ այդ երկրէն, որ անոնց հայրերուն տուի. միայն թէ անոնք իմ բոլոր պատուիրանքներս ու իմ Մովսէս ծառայիս անոնց պատուիրած բոլոր օրէնքը զգուշութեամբ գործադրեն»։
9 Բայց անոնք մտիկ չըրին ու Մանասէ այնպէս մոլորեցուց զանոնք, որ Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն կորսնցուցած ազգերէն աւելի չարութիւն ըրին։
10 Տէրը իր ծառաներուն եւ մարգարէներուն միջոցով խօսեցաւ ըսելով.
11 «Որովհետեւ Յուդայի Մանասէ թագաւորը այս գարշութիւնները ընելով իրմէ առաջ եղող Ամօրհացիներուն բոլոր ըրածներէն աւելի չարութիւն ըրաւ ու իր կուռքերովը Յուդային ալ մեղք գործել տուաւ,
12 Անոր համար Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Երուսաղէմի վրայ ու Յուդայի վրայ այնպիսի չարիք մը պիտի ղրկեմ, որ ամէն լսողին երկու ականջը պիտի խօսի։
13 Ու Երուսաղէմի վրայ Սամարիային լարը եւ Աքաբին տանը գնդակը պիտի երկնցնեմ ու Երուսաղէմը պիտի սրբեմ, ինչպէս մէկը աման մը կը սրբէ ու սրբելէն յետոյ երեսը վար կը դարձնէ։
14 Իմ ժողովուրդիս մնացորդը պիտի լքեմ ու զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը պիտի տամ ու իրենց բոլոր թշնամիները զանոնք պիտի կոտորեն ու յափշտակեն.
15 Որովհետեւ իմ առջեւս չարութիւն ըրին ու իրենց հայրերուն Եգիպտոսէն ելած օրէն մինչեւ այսօր զիս բարկացուցին։
16 Նաեւ Մանասէն խիստ շատ անմեղ արիւն թափեց, այնպէս որ Երուսաղէմը ծայրէ ծայր լեցուց. ան մեղքէն զատ՝ որով Տէրոջը առջեւ Յուդային մեղանչելուն ու չարութիւն ընելուն պատճառ եղաւ»։
17 Եւ Մանասէին մնացորդ պատմութիւնն ու ամէն ըրածը եւ անոր գործած մեղքը՝ Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։
18 Ու Մանասէ իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ իր տանը պարտէզին մէջ, Ոզայի պարտէզին մէջ, թաղուեցաւ ու անոր տեղ անոր որդին Ամոնը թագաւոր եղաւ։
19 Ամոն քսանըերկու տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Մեսողոմիթ էր ու Ետեբացի Արուսին աղջիկն էր։
20 Անիկա իր հօրը Մանասէին ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ
21 Ու իր հօրը քալած ճամբուն մէջ քալեց եւ իր հօրը պաշտած կուռքերը պաշտեց ու անոնց երկրպագութիւն ըրաւ։
22 Իր հայրերուն Տէր Աստուածը թողուց ու Տէրոջը ճամբուն մէջ չքալեց։
23 Ամոնին ծառաները անոր դէմ դաւադրութիւն ըրին ու զինք իր տանը մէջ մեռցուցին։
24 Երկրին ժողովուրդը Ամոն թագաւորին դէմ դաւադրութիւն ընողներուն ամէնքը մեռցուցին։ Երկրին ժողովուրդը անոր որդին Յովսիան անոր տեղ թագաւոր դրին։
25 Եւ Ամոնին ըրած գործերուն մնացորդ պատմութիւնը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։
26 Զանիկա Ոզային պարտեզը իր գերեզմանին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղը անոր որդին Յովսիան թագաւոր եղաւ։